Նոյեմբեր 10ին ստորագրուած խաղաղութեան պայմանագրով – ընդմէջ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի – Արցախն ու Հայաստանը կը դրուին ճակատագրական ու պատմական իրողութեան մը առաջ, զոր պէտք է դիմագրաւել զգօնութեամբ եւ իմաստութեամբ:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդը՝
ա) Կ’ողջունէ ժամանակաւոր հրադադարը որով կարելի պիտի ըլլայ խուսափիլ յաւելեալ զոհերէ: Այս առիթով, Հայ ժողովուրդը երախտապարտ կը մնայ Ռուսաստանին՝ այս պատերազմին ընթացքին անոր ընծայած ռազմական օգնութեան եւ պատերազմի դադարեցման մէջ կատարած իր դերին համար:
բ) Կը պահանջենք որ վերջ տրուի ստեղծուած խուճապին ու շփոթութեան, որովհետեւ անոնք կ’արգելակեն խոհեմ քաղաքականութիւն մը որդեգրելու կարելիութիւնը:
գ) Այս հրադադարի համաձայնագրի բովանդակութենէն կը բացակային Մինսքի երկիրներէն Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան: Այս երկիրներու ներդրումը կը նկատենք անհրաժեշտ:
դ) Ստորագրուած պայմանագիրը չի կրնար յանձնառու դարձնել Հայաստանը, մինչեւ որ ան չվաւերացուի Ազգային Ժողովին կողմէ: Հետեւաբար կոչ կ’ուղղենք վարչապետին անմիջապէս տէր կանգնելու իր սահմանադրական պատասխանատուութեան եւ գլխաւորելու սահմանադրական կարգի գործընթացը:
ե) Եթէ ներկայ պայմաններուն տակ վարչապետը չի կրնար իր պատասխանատուութիւնները իրագործել, քաղաքացիական խռովութիւններէ խուսափելու համար, եւ կամ հրաժարելու պարագային, կոչ կ’ուղղենք Ազգային Ժողովին որ առաջարկէ ՀՀ Նախագահին որ «Համաձայնական Առժամեայ Կառավարութիւն» մը կազմէ փորձառու, յարգուած եւ ժողովուրդին վստահութիւնը վայելող անձերէ, որպէսզի երկիրը դուրս բերէ այս վտանգաւոր կացութենէն:
զ) Նոյեմբեր 10ի խաղաղութեան համաձայնագիրը՝ կը բովանդակէ պատմականօրէն անընդունելի տարրեր, որոնք պէտք է մերժուին անմիջապէս, ինչպէս Հայաստանի հարաւի վրայ (Մեղրի) ոեւէ օտար իշխանութեան օրինական վերահսկողութիւն:
է) Արցախի օրինավիճակի որոշման բացակայութիւնը պայմանագրէն կը հանդիսանայ ճանապարհ նոր ցեղասպանութեան:
ը) Կոչ կ’ուղղենք հայկական Սփիւռքին որ անվերապահօրէն Հայաստանի կողքին կանգնի անոր հանդէպ միութիւն եւ զօրակցութիւն ցուցաբերելով որպէսզի կարենանք յաղթահարել այս դժուարութիւնները եւ պատրաստ ըլլանք ապագայի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու միասնական ոյժերով:
կը խոնարհինք մեր բոլոր նահատակներուն սուրբ յիշատակին առջեւ եւ մեր զօրակցութիւնն ու սրտակցութիւնը կը յայտնենք մեր քաջարի նահատակներու ընտանեկան պարագաներուն:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Պոստոն, Նոյեմբեր 1Յ, 2020