Մարտ16-ին, Վանգուվըրի մէջ կայացած SUCCESS բարեսիրական հիմնարկի տարեկան ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Վահէ Անտոնեան, Վանեսա Պարտագճեան Յակոբեան, Մեղրիկ Սիւլահեան եւ Սեւան Յակոբեան։
Նշենք, որ բարեսիրական նախաձեռնութեան այս տարուան ընդունելութեան համանախագահ է Վանգուվըրի հայ համայնքի գործարար եւ համայնքի հասարակական գործիչ Վահէ Ակոբեանը։
Ընդունելութեան նախօրեակին Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Անտոնեան առիթը ունեցաւ հանդիպելու միջոցառման պատուոյ հիւր՝ Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի վարչապետ Տէյվիտ Էպիի հետ։ Առանձնազրոյցի ընթացքին Անտոնեան վարչապետ Էպիի փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի անդամ Լիլիթ Գալստեանի ողջոյնները։
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարուան յունիսին, Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) խորհրդարանակական վեհաժողովի Վանգուվըրի նստաշրջանի աւարտէն ետք, Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, ԵԱՀԿ նստաշրջանին մասնակից Հայասատանի պատուիրակութեան անդամ եւ ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան յատուկ հանդիպում ունեցած էր վարչապետ Տէյվիտ Էպիի հետ եւ արծարծած Արցախի ազգային ինքնորոշման իրաւունքի ու շրջափակման հարցերը։ Անտոնեան նաեւ վստահեցուց վանգուվըրահայ համայնքի անվերապահ զօրակցութիւնը վարչապետին՝ յառաջիկայ ընտրութիւններուն գծով: Վարչապետ Էպի բարձր գնահատեց հայ համայնքի զօրակցութիւնը եւ վերահաստատեց Հայ Դատի յանձնախումբին եւ համայնքի անդամներուն ամենամեայ աւանդութեան վերածուած հրաւէրը՝ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը նահանգային խոհրդարանին մէջ։
Շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին համար՝ Վահէ Անտոնեանը վարչապետ Էպիին տեղեկացուց Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակներուն մասին, ընդգծելով, որ անցեալի ցեղասպանութիւններու ճանաչման հետ միաժամանակ պէտք է դատապարտել ներկայիս գործադրուող վայրագութիւնները, այդ շարքին՝ 150,000 բնիկ հայերու բռնի տեղահանումը իրենց պապենական դարաւոր հայրենիքէն եւ շարունակուող մշակութային ցեղասպանութիւնը տարածաշրջանի նոր թուրքերուն կողմէ։
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչները առիթը ունեցան նաեւ առանձնազրոյցներ ունենալու Գանատայի խորհրդարանի անդամ եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Հարճիթ Սաճանի, ինչպես նաեւ Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքսի, փոխ վարչապետ Մայք Ֆարնուորթի, նախարար Պրուս Ռալսթոնի եւ նախարար Էնն Քանկի հետ։