2018-ին անարիւն յեղաշրջմամբ իշխանութեան եկած Նիքոլ Փաշինեանի առաջին գործերէն մէկը եղաւ, կառավարութեան կազմը խտացնելու եւ պետական միջոցները խնայելու անուան տակ, միացնել կարգ մը նախարարութիւններ եւ ընդհանրապէս ջնջել ուրիշներ։ Վերջիններու շարքին յայտնուեցաւ Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ անոր փոխարէն Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններ մշակելու գործը յանձնել անձի մը, յանձնակատարի անուան տակ, որուն միակ «բարեմասնութիւնը» եղեր էր նորընծայ վարչապետին հրապարակային խանդավառ հաւաքը կազմակերպելը Քալիֆորնիոյ մէջ, յԱմերիկա։ Երեւան վերադարձին, նկարագրելով այդ հաւաքը, Փաշինեանը հայաստանցիներուս վստահեցուց, որ ամերիկահայերը,- նկատի ունէր Հայաստանէն արտագաղթածները,- մեծ փափաք ունին վերադառնալու Մայր հայրենիք եւ գործ դնելու այստեղ։ Երեւի ան նկատի ունէր նորանշանակ յանձնակատարին, որ հազարաւոր հայեր պիտի բերէր հոս, առանց անդրադառնալու, որ ի մտի ունեցած այդ անձը ինքզինք միայն կրնար բերել ու յետոյ, օր մը, երբ պաշտօնազրկուէր, վերադառնալու համար Կլենտէյլ, ուր ճանչցուած էր իբրեւ «շուսթրի տղայ», այսինքն՝ ճարպիկ մարդ, ընդամէնը։
Սակայն հոս մոռնանք մոռցուելիք այդ անձը եւ պահ մը վերյիշենք 2008-2018 տարիները, երբ Սփիւռքը Հայաստանի մէջ ունէր իր հարցերով զբաղող ձեռնհաս անձնաւորութիւն մը՝ նախարարի պաշտօնով եւ նախարարական անձնակազմով, յանձին Հրանոյշ Յակոբեանի։ Տակաւին խորհրդային տարիներէն հանրային յարաբերութիւններու եւ կազմակերպչական աշխատանքի մէջ թրծուած, չափազանց աշխոյժ, իր առջեւ դրուած խնդիրները բծախնդրօրէն լուծող անձնաւորութիւն մը։
Անկէ ետք, երկար ժամանակ, աւելի քան 5 տարի, Տիկին Յակոբեանը անտեսանելի դարձած էր, լուռ, հանրային եւ հրապարակային հանդիպումներէ հեռու։ Ընկճա՞խտն էր պատճառը, ռազմական ու քաղաքական պարտութիւննե՞րը, արժեհամակարգի նսեմացո՞ւմը, թէ՞…
Հետեւաբար հաճելի անակնկալ եղաւ, երբ շուրջ երկու շաբաթ, Ազգային Ակադեմիայի նախագահական դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Տիկին Յակոբեանի նորատիպ աշխատութեան՝ «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցության Տասնամյա Ուղին (2008-2018 թթ.)» եռահատորի հրատարակութեան շնորհանդէսը, մեծաթիւ մտաւորականներու ներկայութեամբ, սփիւռքագէտ հեղինակներու ելոյթներով։ Ուրեմն Տիկ. Հրանոյշը այդ բոլոր տարիներուն անաշխատ չէր մնացեր, իրեն յատուկ աշխատասիրութեամբ ան հաւաքեր, դասաւորեր, ստեղծեր էր 3 հատորներու մէջ ամփոփուած ընդհանուր՝ 1994 էջ ծաւալով աշխատութիւն մը։ Ճիշդ է, այդ ծաւալներուն մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն հեղինակին ելոյթները, ողջոյնի խօսքերը, զեկուցումները, հարցազրոյցները, արտասանուած բազմաթիւ ձեռնարկներու (հայաստանցիք պիտի ըսէին՝ միջոցառումներու), համաժողովներու, կարեւոր ամյակներու ընթացքին։ Սակայն խորանալով ընթերցանութեան մէջ կը տեսնենք, աւելի ճիշդ՝ կը վերյիշենք այդ մէկ տասնամեակի ընթացքին մեծամասամբ իր կազմակերպմամբ կայացած հարիւրաւոր, այո՛, հարիւրաւոր նախաձեռնութիւնները, սկսած հայ բժիշկներու իրաւաբաններու, լրագրողներու, ուսուցիչներու, առեւտրականներու, ճարտարարուեստականներու համաժողովներէն մինչեւ հայ ոսկերիչներու մէկտեղումը ժողովի սեղաններուն շուրջ ու սրահներուն մէջ, Երեւանէն մինչեւ Ստեփանակերտ։
Անգամ մը հրապարակաւ ըսած եմ եւ այժմ կը կրկնեմ՝ Տիկին Հրանոյշ ոգեւորութեան աւելցուկ ունի։ Արդարեւ, միայն իր առաքելութեան նուիրուած, միայն Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց եւ գործակցութեան կարեւորութեան հաւատացող մարդը կրնայ այսքան տքնանք յաձն առնել վաւերագրելու համահայկականութեան տեսակէտէն օրինակելի այդ տասնամեակի պատմութիւնը։ Տասնամեակ՝ որուն ընթացքին տեղի ունեցան Հայաստան-Սփիւռք ներկայացուցչական 5 համաժողովները եւ, վերջապէս, Մեծ եղեռնի 100-ամեակի տպաւորիչ ձեռնարկները՝ «Յիշէ ու պահանջէ» պատգամին տակ։
Այս օրերուն, երբ «պետական» յիմար քաղաքականութեամբ գլուխնիվայր շրջուած են ազգային արժէքները, ուրացումի ենթարկուած համահայկական իղձերն ու նպատակները, գրեթէ ամբողջութեամբ խզուած սփիւռքահայութեան հետ համագործակցութեան հիմքերը, իսկ երիտասարդութիւնը զրկուած ազգային հպարտութեան իր կռուաններէն, այսպիսի աշխատութիւնները յուշող-յիշեցնող դեր ունին, որ դեռ մօտիկ անցեալին մեր ազգը կրցեր է ու տակաւին կրնայ համազգային միահամուռ ուժերով վերականգնել իր արժանապատուութիւնը, ամրապնդել իր պետականութիւնը ու կրկին տէր կանգնիլ իր իրաւունքներուն ու միջազգային դիրքին։
Շնորհակալութիւն։
* * *
Եռահատորեակին խմբագիրն է դոկտ. Վիքտոր Կատվալեանը, տպագրութեան վայրը՝ Երեւան, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան տպարան։
Յ. ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Յատուկ «ՊԱՅՔԱՐ»ին
10. 03. 2024