Հայաստանի Հանրապետության կրթմշակութային ոլորտում ծավալվող իրադարձությունների մասին զրուցել եմ ՀՅԴ գործիչ, քաղաքագետ Վաչե Բրուտյանի հետ:
Գ.Գ.-Պարոն Բրուտյան, հասարակությունը դեռ չի մարսել հայագիտական առարկաների դուրսբերումը որոշումը բուհերի ոչ մասնագիտական ֆակուլտետներից, և ահա, հրապարակ է նետվել դպրոցական դասագրքերի ծրագիրը, որը նույնպես բացասաբար ընդունվեց հասարակության կողմից: Ո՞րն է Ձեր կարծիքը:
Վ.Բ.- Այն ինչ որ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ այսօր, բարացուցական է։ Այն իմաստով, որ երբ իշխանութեան կը հասնի գաղափարախօսութիւն չունեցող, համաշխարհային նէօլիպերալիզմի հովերով տարուած խումբ մը, տարբեր չէր կրնար ըլլալ պարագան։ Նայեցէք Հայաստանի աշխարհագրութեան, հարեւաններուն, այս հարեւաններէն գէթ երկուքին՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բացայայտ թշնամական կեցուածքներուն եւ տեսէք, թէ այս երկուքէն եկող վտանգին նկատմամբ ինչքան անկապ է ՀՀ իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը։ Իրականութեան մէջ՝ խորքային քաղաքականութեան բացակայութիւնը։ Սա մտածողութեան մը հետեւանք է. ապազգային մտածողութեան ու ազգային միտքի բացակայութեամբ յատկանշուող մօտեցումներու։
Նայեցէք, նուազ ծանրակշիռ չէին մշակոյթի, սփիւռքի եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւններու լուծարումը (իրենք կ՚ըսեն՝ այլ նախարարութիւններու «միացումը»)։ Մշակոյթը ազգի դիմագիծն է։ Գիւղատնտեսութիւնը Հայաստանի թէ՛ պարէնային ապահովութեան եւ թէ՛ տնտեսութեան կենսական բաղադրիչներէն է։ Հազար անգամ ըսուեցաւ՝ մի՛ ընէք։ Հազար առողջ ու առարկայական փաստարկ բերուեցաւ, սակայն գաղափարախօսութենէ զուրկ իշխանութիւնները արհամարհեցին բոլոր փաստարկները ։ Տակաւի չենք խօսիր Սփիւռքի իրականութեան ու զայն Հայաստանի համար պատուարի վերածելու երկկողմանիօրէն մեծարժէք ուժականութեան մասին, որ այսօր կը վատնուի։
Մէկ խօսքով, պետական ռազմավարական միտքի բացակայութեան հետեւանքով յառաջացած տագնապի մը ականատեսներն ենք։
Գ.Գ.-Բազմաթիվ դասականներ դուրս մնացին դասագրքերից, որոնց փոխարեն աշկաերտը պետք է «ծանոթանա» գրողների հետ, որոնք լուրջ ստեղծած որևէ բան չունեն:
Վ.Բ.- Ինծի համար անըմբռնելի է, որ ինչպէ՞ս կարելի է տակաւին չկայացած, չհաստատուած հեղինակներ ներառնել դասագիրքերու մէջ։ Ըսել չեմ ուզեր, որ շնորհալի անուններ չկան անոնց մէջ։ Անշուշտ կան։ Սակայն անձամբ ըլլալով նախկին ուսուցիչ, պիտի նախընտրէի որ վերի կարգերու դասագիրքին զուգահեռ, աշակերտին տրուին նմուշներ ժամանակակից գրողներու գեղագիտականօրէն վաւերականութիւն ներկայացնող գործերէն։
Գալով դասականներուն, ըսեմ հետեւեալը։ Ինչպէս ըսի, ես եւս ուսուցիչ եղած եմ քանի մը տարի, Սփիւռքի մէջ։ Եթէ ես ու իմ գործակիցներս մեր աշակերտներուն ծանօթացուած չըլլայինք Խորենացին, Եղիշէն, Գր. Նարեկացին, կամ աւելի ուշ՝ Քուչակն ու Մկրտիչ Պէշկթաշլեանը, ինչպէ՞ս հիմքը պիտի դնէինք Պետրոս Դուրեանին, Մեծարենցին, Դանիէլ Վարուժանին կամ Վահան Տէրեանին նկատմամբ սիրոյն։ Եթէ այդ սերունդին չբացատրուի մեր պատմահօր պատմագիտական մտածողութիւնը, անոր գիտական մեթոտաբանութիւնը, այդ աշակերտին զարգացող մտակառոյցին մէջ ի՞նչ տեղ պիտի գրաւէ մեր անցեալին նկատմամբ յանձնառութեան զգացումը։
Գ.Գ.-Մասնագետները պնդում են, որ տխուր վիճակում է գտնվում նաև հայոց պատմության դասագիրքը: Նույնիսկ հայտնի դարձավ, որ փորձագիտական խմբի ղեկավարը սերտ կապեր ունի Թուրք պատմաբանների հետ: Ի՞նչ եք տեսնում Դուք այս ամենի մեջանգրագիտությու՞ն, թե՞ հստակ միտում
թուլացնելու մեր ազգային արժեքները:
Վ.Բ.- Ո՛չ, սիրելի պրն. Գիւլումեան, անգրագիտութիւն չէ, այլ՝ յստակ միտում կը տեսնեմ ես։ Վերը բացատրեցի արդէն, թէ այս իշխանութիւնները գաղափարազուրկ են (լաւ կը յիշէք վարչապետութեան թեկնածու Ն. Փաշինեանի ելոյթը 2018ին, ԱԺէն ներս, թէ «մենք իզմերի չենք հաւատում»)։ Գաղափարազուրկ մարդոց օրակարգին մաս չի կազմեր ազգային ինքնութեան, իմացականութեան պահպանումն ու զարգացումը։ Ազգայինը «քարանձաւային» է իրենց համար։ Կրկնեմ, Արեւմուտքէն փչող նէօլիպերալիզմի հովերն են (միշտ կանխիկ գումարներու-գրանտներու տեսքով), որոնք կը ղեկավարեն նման նախաձեռնութիւններ, որպէսզի մեզի նման «խնդրայարոյց» ազգերու ներքին կամքը թուլացնեն, մեր դիմագիծը աղաւաղեն ու մեզ զրկեն ոչ հայանպաստ լուծումներուն դիմադրելու կարողութենէն։
Գ.Գ.- ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Հարությունյանի մասին ի՞նչ կարծիք ունեք: Օրերս նա ՀՅԴ-ին անվանեց «Անդրանիկին թուրքերին հանձնող»: Ասելիք ունե՞ք այդ հանտարարության վերաբերյալ:
Վ.Բ.- Արայիկ Յարութիւնեա՛նն է այս իշխանութեան իսկական դիմագիծը, չկասկածիք։ Մեծամիտ, անգրագէտ, ինքնասիրահարուած։ Կրնայ առարկուիլ՝ թէ գիտութիւններու թեկնածու է. ես եւս համալսարանաւարտ եմ ու կրնամ վկայել, թէ ամէն տարի աշխարհի բազմաթիւ համալսարաններէն հազարաւոր անգրագէտներ կը վկայուին՝ երկար-բարակ տիտղոսներով։
Պիտի չմանրանամ եւ Արայիկ Յարութիւնեանի մակարդակին պիտի չիջնեմ Անդրանիկին ու ՀՅԴ-ին մասին իր անգրագէտ ու մոլորեցնող յայտարարութեան մասին։ Յուսահատական է, երբ ոչ թէ հաւաքարար մըն է այս արտայայտութեան տէրը, այլ… մեր հայրենիքի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի… նախարարը, որ ինչպէս ըսի, հարազատ դէմքը կը ներկայացնէ այս իշխանութեան։
Աւեր կը գործուի ամէն օր, գրեթէ բոլոր բնագաւառներէ ներս։ Օր մը երկրի իրաւական համակարգն է որ կը հարուածուի, օր մը գիւղատնտեսութեան, մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութիւններն են որ կը լուծարուին, օր մը կրթական բնագաւառէն ներս «ռեֆորմ»-ի անունին տակ այլանդակութիւններ կ՚որդեգրուին։ Այնպէս որ, հարցը միայն այս նախարարը չէ, այլ՝ ամբո՛ղջ խումբը։Մշակույթի նախարարի թեկնածու ունե՞ք:
Վ.Բ.- Ոչ միայն մշակոյթի, այլեւ բոլո՛ր գերատեսչութիւններու ղեկավարներու (ներառեալ վարչապետի) թեկնածուներ կան մեր չորս դին։ Մեր երկիրը հարուստ է պետականամէտ, վարչագէտ, պետական մտածողութեան տէր ու կենսագրութիւն ունեցող բազում անձերով։ Մեր երկիրը հարուստ է ռազմավարական միտք ունեցող մասնագէտներով, մարդուժով։
Այնպէս որ, եկէք չկեդրոնանանք մէկ բնագաւառի ու մէկ անձի վրայ։
Գ.Գ.- Ինչ կո՞չ եք անում հայրենիքում ապրող ազգային ուժերին:
Վ.Բ.- Հայաստանի մէջ գտնուող եւ ազգային շահերու առաջնահերթութիւնները լաւապէս ընկալող ուժերուն կոչ ուղղելը իմ կողմէս անհամեստութիւն պիտի ըլլայ։ Անոնք բոլորն ալ գիտեն, թէ այս «մայրամուտը» «պէտք է կասեցնել»։
Հանրութեան կը մնայ պարզապէս չխաբուիլ իշխանութիւններուն կողմէ ամէն օր իրեն հրամցուող հեքիաթներէն, մոլորեցնող խուժանավարութիւններէն։ Վերջին հաշուով, իսկական «մոլորուածը» ոչ թէ ՈՒԱԶն էր, այլ՝ այս իշխանութիւնը։