Վերջապէս Միջազգային Ոճրադատ Ատեանը (այսուհետեւ ՄՈԱ) իր վճիռը արձակեց՝ ձերբակալելու Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուն եւ պաշտպանութեան նախարար Կալանթը, միւս կողմէ ալ՝ Համասի երեք ղեկավարներ՝ Հանիյյան, Սինուարը եւ Տայֆը, հինգն ալ որպէս պատերազմի յանցագործներ:
ՄՈԱ-ն դատապարտումի իր որոշումը կը պատճառաբանէ ըսելով, թէ Իսրայէլը սովի մատնելով պաղեստինցի ժողովուրդը ցեղասպանութիւն կը գործէ, միւս կողմէ ալ կը դատապարտէ Համասը, որ իսրայէլացի պատանդները վատ պայմաններու մէջ կը պահէ:
Ոչ ոք կ՛ակնկալէր, որ ցեղասպանութիւն գործողին կողքին յանցաւոր նկատուի նաեւ զոհ պաղեստինցին: Համասը զարմանք կը յայտնէ, թէ՝ ինչպէ՞ս կարելի է դահիճն ու զոհը հաւասարեցնել: Դատարանը երեւի յանուն արդարութեան երկու կողմերն ալ յանցաւոր նկատեց: Երկուքն ալ մերժեցին իրենց հասցէին առնուած որոշումը՝ զայն նկատելով անարդար: Իսրայէլը նոյնիսկ յայտարարեց, թէ Միջազգային Ոճրադատ Ատեանը բարոյականութենէ զուրկ է եւ խեղաթիւրած է արդարութիւնը: ԱՄՆ անմիջապէս հակադարձեց՝ ՄՈԱ-ի որոշումը անարդար նկատելով եւ իր մշտական զօրակցութիւնը յայտնեց Իսրայէլին:
Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան կողմէ ՄՈԱ-ին յղուած այս դատը թէեւ արդիւնաւորուեցաւ վճիռով մը, որ սակայն շատ հարցականներու դուռ կը բանայ: Նախ՝ ինչո՞ւ Հարաւային Ափրիկէի պետութիւնը պիտի ըլլար դատը ներկայացնողը եւ ո՛չ արաբական երկիր մը… Երկրորդ՝ որեւէ կողմի համոզելու կարիք չկայ հարցին էութիւնը պարզելու, քանի որ ամէն մարդու աչքին առջեւ են տեղի ունեցածները, հեռատեսիլով սփռուող, կամ համացանցի միջոցով: Ամբողջ եօթ ու կէս ամիս եւ տակաւին շարունակելի, աւելի քան 35.000 սպանեալ Ցահալի՝ իսրայէլեան բանակին կողմէ, աւելի քան 75.000 վիրաւոր, որոնց դարմանումն ու վերականգնումը կասկածելի է, քանի որ Կազայի բոլոր հիւանդանոցները թիրախաւորուած էին ու մեծամասնութիւնը անգործածելի դարձած, 400.000 բնակելի շինութիւն, քարուքանդ դարձած քաղաքներ, որոնց փլատակներուն տակ ուրուական դարձած անօթի, ծարաւ ժողովուրդի մը մնացորդացը կ՛ապրի, եթէ կարելի է «ապրիլ» որակել անոնց դժոխային կեանքը:
Իսրայէլացիները կը հակաճառեն, կ՛ըսեն՝ ինչո՞ւ անօթի, երբ անդադար օգնութիւն կը հասնի անոնց հսկայ բեռնատար մեքենաներով, օդանաւերը անկարգելաւոր հակեր կը տեղացնեն, նոյնիսկ Ամերիկան ծփացող «նաւահանգիստ» մը կառուցեց օգնութիւնները տեղ հասցնելու համար: Մարդ կը դիտէ հարիւրաւոր երախաներ, ձեռքերնին ամաններ, կաթսաներ, տաշտեր, եփուող ապուրի մը հսկայ կաթսային շուրջ աղաչական դէմքերով քանի մը շերեփ եփ եկած հեղուկէն կը խնդրեն որպէսզի սնուին: Ալ ի՞նչ խօսք հասած օգնութիւններուն մասին, երբ անոնց մեծամասնութիւնը տեղ չի հասնիր, ճամբան իսրայէլացի բնակիչներու կողմէ յարձակումի ենթարկուելով:
21-րդ դարու ամենամեծ ողբերգութիւնն է Կազայի պատերազմը, ուր Նեթանիահուի հովանաւորած մահուան ջոկատները արիւն ու աւեր կը սփռեն եւ կանգ պիտի չառնեն, մինչեւ հիմնայատակ չքանդեն Համասի կառոյցը, որ տակաւին կը պայքարի անվհատ կերպով:
Երբ բարեկամներու շրջանակին մէջ խօսք կը բացուի այս հարցին մասին եւ ես կը քննադատեմ Իսրայէլի անմարդկային վերաբերմունքը պաղեստինցիներու նկատմամբ, քննադատելով նաեւ արաբական երկիրները, որոնք ոչինչով օգնեցին պատերազմը դադրեցնելու համար, բացի ժողովներէ ու յայտարարութիւններէ, ըսողներ կ՛ըլլան, թէ միւս արաբները պաղեստինցիները չեն սիրեր, յատկապէս Համասը, եւ բոլորն ալ կը զգուշանան որ անոնք գաղթեն եւ իրենց երկիրները լեցնեն ապաստանեալներու հոսանքներով, նաեւ պատրուակելով որ անոնք պէտք չէ լքեն իրենց պապենական հողերն ու մնան որպէս իրաւատէր: Իսրայէլ ամէն միջոցի կը դիմէ, որ պաղեստինցիները հեռանան իրենց հողերէն, որպէսզի հարցը ի նպաստ իրեն լուծուի, երբ երկու պետութիւններու գաղափարը՝ Իսրայելեան եւ Պաղեստինեան, անդադար կը յիշուի միջազգային հարթակներու վրայ եւ կողմնակիցներ կը շահի, որպէս վերջնական եւ արդար լուծում այս թնճուկին:
Երկու կարեւոր իրադարձութիւններ իրարու յաջորդեցին Մայիսի 20-ին. մէկը՝ Իրանի նախագահի եւ միւս պաշտօնեաներու ուղղաթիռի վթարին զոհ երթալն էր, միւսը՝ Միջազգային Ոճրադատ Ատեանին որոշումը: Տեսնենք, ՄՈԱ-ի վճիռը պիտի գործադրուի՞, թէ՞ ան ալ թուղթի վրայ պիտի մնայ, ինչպէս շատ որոշումներ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ