Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը կը գրէ.
«2022 թուականի Նոյեմբեր 10-ին, BBC news թղթակից Օլկա Իվշինան՝ Լեռնային Ղարաբաղ BBC լրատուական խումբի այցելութենէն ետք՝ հրապարակեց «Յաղթանակի ցուցադրութիւն. ինչպէս կ՝ապրի Ղարաբաղը 2 տարի անց» ծաւալուն յօդուածը, ուր յստակ նկարագրութիւններով ու մանրամասներով ներկայացուած են Արցախի Հանրապետութեան Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղի գերեզմանատան, գիւղի դպրոցին եւ Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ ազրպէյճանական ոչնչացումներն ու պղծման գործողութիւնները:
Յօդուածը կը սկսի պատերազմի ժամանակ երկու կողմերուն կրած ծանր հետեւանքներուն նկարագրութեամբ. «աւելի քան 8 հազար զինուորի մահ, 10 հազար անտուն մարդ, լքուած ու աւերուած բնակավայրեր»,- նշուած է յօդուածին մէջ:
Կ՝անդրադառնայ նաեւ «Մեծ Թաղեր» կոչուող գերեզմանատան՝ ազրպէյճանցիներու կողմէն իրականացուած աւերման փաստին եւ կը նշէ, որ 100 տարի առաջ այստեղ ապրած են հայեր, որոնք փախած են պատերազմէն։ Այնուհետեւ, նկարագրելով գլխաւոր ճանապարհէն քանի մը տասնեակ մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող գիւղը, եւ այնտեղ 1846 թուականին կառուցուած Սբ. Ամենափրկիչ եկեղեցին, յօդուածագիրը բազմաթիւ մանրամասներ կը հաղորդէ այստեղ ազրպէյճանցիներուն կողմէ իրականացուած աւերման, պղծման, ինչպէս նաեւ վանտալութեան շարք մը այլ փաստացի գործողութիւններու մասին։
Լրագրողը, մասնաւորապէս, կը նշէ. «Մուտքի փայտեայ դռները կոտրուած են, եկեղեցւոյ դրան մօտ Յիսուս Քրիստոսի կոտրուած քարէ գլուխն է։ Մուտքի կամարին տակ եկեղեցւոյ մանրամասներու փշրանքներ կան։ Հիւսիսային պատին մօտ գտնուող հին տապանաքարերէն քանի մը հատը կոտրուած են, իսկ ոտքերուն տակ կը գլորուին սպիտակ քարեր»։ Անդրադառնալով աղօթասրահին՝ լրագրողը կը նշէ. «Աղօթասրահին կեդրոնը փայտէ նստարան է՝ ծածկուած փոշիի հաստ, հաւասար շերտով։ Եւս մէկը՝ շրջուած, ինկած է մօտակայքը։ Երրորդ նստարանը տարբեր պատճառներով հենուած է Աւագ խորանին։ Խորանին վրայ եւ որոշ պատերու վրայ կարմիր մեծ տառեր են՝ անուններ, որոնք այստեղ ձգած են ազրպէյճանցի զինծառայողները, որոնք 2020-ի աշնան առաջինը մտած են գիւղ։ Եկեղեցական կահ կարասիէն գրեթէ ոչինչ մնացած է։ Ազրպէյճանցիները ձգած են միայն պատռուած սրբապատկերի մը կէսը»։ Յօդուածին յաջորդ բաժինով՝ լրագրողը կ՝անդրադառնայ նաեւ Մեծ Թաղեր գիւղին, ուրկէ բռնի տեղահանուեցան արցախցիները պատերազմին հետեւանքով։ Լրագրողը կը նկարագրէ գիւղին լքուած կեանքը. կոտրուած դարպասներ, փշրուած ապակիներ, մէկուն ինքնաշարժին ժանգոտած մետաղը եւ այլն։
Կ՝անդրադառնայ նաեւ գիւղի եռայարկ դպրոցին, նշելով, որ հայերուն կողմէ վերանորոգուած դպրոցին պատերուն վրայ կան հայերէն գրութիւններ։ Լրագրողը կը փաստէ դպրոցի գոյքի թալանին մասին, միջանցքներու պատերուն գրուած են ազրպէյճաներէն բառեր։ Լրագրողը կը նշէ. «այն միջանցքները, ուր երկու տարի առաջ կը վազէին երեխաները, այսօր դատարկ են»։ Յօդուածը կ՝անդրադառնայ նաեւ Մեծ Թաղեր գիւղի գերեզմանատան աւերման նոր փաստերուն մասին։ Արցախեան երկրորդ պատերազմի աւարտէն վեց ամիս անց՝ Caucasus Heritage Watch-ը, որ արբանյակային համակարգով Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում կ՝իրականացնէ, հրապարակած էր արբանեակային նկարներ, որոնք կը փաստեն գերեզմանատան՝ ազրպէյճանցիներուն կողմէ աւերման մասին։ Հաստատելով գերեզմանոցին աւերման փաստը՝ լրագրողը կը նշէ ծանր մեքենաներու տեսանելի հետքերուն մասին եւ կը փաստէ, որ վերջինիս կիրառման հետեւանքովֆ կիսաքանդ տապանաքարերը աւերուած գերեզմանոցին վերջին հետքերն են։
Զարթոնք, 10 դեկտեմբեր, 2022թ.