Հիմնաւոր գոնէ 5 պատճառ կարելի է բերել Լիբանան պետութեան գոյութեան իրաւունքը ժխտելու եւ առնուազն 10 պատճառ՝ այդ իրաւունքը հաստատելու կամ վերահաստատելու համար։
Հակասութիւններու երկիրն է Լիբանանը։ Որքան փոքր իր տարածքով (հազիւ 10,452 քառ. քիլոմեթր), այդքան մեծ՝ տարածքաշրջանային ընկալումներով, որքան տկար իր ապահովութեամբ (հայաստանցիները պիտի ըսէին՝ անվտանգութեամբ), այդքան գայթակղիչ իր անպաշտպանուածութեամբ։ Արաբները զայն, յատկապէս մայրաքաղաքը նկատի ունենալով, «Արուս ալ-Պահր» (ծովահարս) կոչած են, բայց բոլորը գիտեն, թէ ի՞նչ կրնայ պատահիլ անպաշտպան մնացած հարսերուն հետ…
Մէկ կողմ ձգելով Լիբանանի հազարամեակներու պատմութիւնը, փիւնիկեցիներէն մինչեւ հռոմէական տիրապետութիւն, արաբական արշաւանքներ, օսմանեան ենթակայութիւն, ֆրանսական «հոգատարութիւն», Մեծն Սուրիոյ մաս եւ այլ հանգրուաններ, որոնց յաջորդեց, երկարատեւ քննարկումներէ ու բանակցութիւններէ յետոյ, Անկախութեան հռչակումը՝ անյարիր ժամանակի եւ իրավիճակի «զուգադիպութեան», 1943 թուականի նոյեմբերի 22, Երկրորդ համաշխարհայինի կիսուն, երբ տակաւին գերմանական zipplin-ներ կը սաւառնէին լիբանանցիներու գլխուն վերեւ, իսկ հացը դեռ կտրօններով կը տրուէր քաղաքացիներուն։
Սակայն լիբանանեան բուն ոդիսականը սկիզբ առաւ այն պահուն, 1947-ին, երբ հրեաները մերժեցին Պաղեստինի հողին վրայ զոյգ պետութիւն ստեղծելու,- հիմա նոյնպէս կը մերժեն,- միջազգայնօրէն ընդունուած առաջարկը եւ սկսան զինու ուժով բռնագաղթի ենթարկել արաբները եւ ընդհանրապէս ոչ-հրեաները, ներառեալ՝ ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայերը՝ Հայֆայէն ու Եաֆայէն։ Հոծ թիւով պաղեստինցիներ ապաստան գտան, բայց արաբական երկիրներու ներքին պայմանաւորուածութեամբ՝ նոր քաղաքացիութիւն չստացան ապաստան տուած արաբական երկիրներուն մէջ՝ Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս եւ այլուր։
Ի դէպ, այս մասին կարեւոր վկայութիւն ունի մեր ամենահմուտ արեւելագէտ-պատմաբան Նիքոլայ Յովհաննիսեանը, որ 70-ականներուն Պէյրութ գտնուելով՝ պաղեստինցիներու մեծ առաջնորդ Եասեր Արաֆաթի հետ առանձնազրոյցի մը ընթացքին վերջինէս հետեւեալ դիտողութիւնը լսած է. «Հայերուդ գլխաւոր սխալը այն եղաւ, որ ի տարբերութիւն պաղեստինցիներուս, ցեղասպանութենէն եւ բռնագաղթէն ետք ընդունեցիք ձեզի ապաստան տուած երկիրներուն քաղաքացիութիւնը, այդպիսով դուք ձեզ զրկեցիք, որպէս այլ երկիրներու քաղաքացիներ, ձեր բուն հայրենիքը վերադառնալու իրաւունքէն»։
Եւ իսկապէս՝ պաղեստինցիները արաբական երկիրներու մէջ մնացին որպէս պաղեստինցի գաղթականներ՝ որոնք կը պայքարին իրենց հայրենիք վերադառնալու իրաւունքով։ Սակայն այդ իրաւունքը եւ այդ իրաւունքին իրացումին համար անոնց պայքարը պատիժ դարձաւ յատկապէս քաղաքական տկար կառուցուածք եւ պաշտպանական տկար ներուժ ունեցող Լիբանանի համար, որ նշաւակ դարձաւ իսրայելական՝ մինչեւ օրս շարունակուող յարձակումներուն, որոնց նպատակը ոչ միայն հարուած հասցնելն է պաղեստինեան գաղթակայաններուն, այլ նաեւ՝ Լիթանի գետին ջուրերով Նեկեւի անապատը ոռոգելը…
Լիբանանը ունէր խոցելի ուրիշ կողմ՝ համայնքային-կրօնական իր ներքին կառոյցը։ Ֆրանսական «հոգատար» իշխանութիւնը կարճաժամկէտ հաշուարկով գծած էր երկրին ներքին ճարտարապետութիւնը՝ առաւելութիւնը տալով՝ հանրապետութեան նախագահ, բանակի ղեկավարում եւ այլն, անշուշտ Վատիկանի թելադրանքով նաեւ, քրիստոնեայ-մարոնիթ համայնքին, որ 40-ականներուն երկրին մեծամասնութիւնը կը կազմէր։ Սխալ կամ դաւադրական կարգադրութիւն։ Ոչ շատ ժամանակ անց այդ մեծամասնութիւնը ի չիք դարձաւ. մահմետական համայնքները, մասնաւորաբար շիիթ մահմետականները, իրենց ցեղային վերարտադրողականութեան եւ քրիստոնեաներու գաղթելու պատրաստակամութեան հետեւանքով մեծամասնութիւն դարձան։ Խախտեցաւ երկրին ներքին հաւասարակշռութիւնը, որուն հետեւանքով, նաեւ արտաքին՝ արաբական, իսրայելական ու միջազգային միջամտութիւնը, առնուազն երկու անգամ՝ 1958-ին եւ 1975-ին, Լիբանանը արիւնալի եւ կործանարար ցնցումներու ենթարկուեցաւ, որոնց զոհ գացին նաեւ մեր ազգակիցներէն շատեր, յատկապէս առաջինին՝ որ բնորոշուեցաւ իբրեւ եղբայրասպան բախումներ՝ մէկ կողմէ ՀՅԴ-ի, միւս կողմէ՝ ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ համախմբման միջեւ։ Ատիկա դաս եղաւ, որ յաջորդ՝ 15 տարի տեւած քաղաքացիական յորջորջուած պատերազմին հայկական կուսակցութիւնները ամուր պահեն ազգային միասնութեան սկզբունքները։ Սակայն փոխարէնը տեղի ունեցաւ «հայկական հիւանդութեան» միւս երեւոյթը՝ զանգուածային արտագաղթը դէպի Մ. Նահանգներ ու եւրոպական երկիրներ…
Յամենայնդէպս պէտք է խոստովանինք, որ Լիբանանի համայնքային յոռի դրութիւնը նպաստաւոր եղաւ լիբանանահայութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան համար։ Առաջին՝ շնորհիւ աւելի քան 50 դպրոցներու եւ կրթաբարեգործական հաստատութիւններու, մարզական, մշակութային ու երիտասարդական ակումբներու եւ հիմնարկներու։ Առաւելաբար Կիլիկիայէն եկած գերազանցապէս թրքախօս հայութիւնը ընդամէնը 20-25 տարուան ընթացքին դարձաւ հայախօս եւ հայագիր։ Ասոր նպաստեց նաեւ տեղի հայկական մամուլը՝ 3, 4, երբեմն 5 անուն օրաթերթերու, 30-է աւելի այլ պարբերականներու առկայութիւնը. սովորական լիբանանահայը անոնց միջոցով կը ծանօթանար տեղական եւ միջազգային, նաեւ հայրենական նորութիւններուն։ Այսինքն հայերէն կարդալ կը սորվէր։ Լիբանանահայութեան, նմանապէս սուրիահայութեան դէպի հայախօսութիւն դարձի այս հրաշալի ընթացքը, այն ալ՝ պետականութիւն չունենալու պայմաններուն տակ իրագործուած՝ արժանի է պատմաբաններու եւ հասարակագէտներու ամենալուրջ ուշադրութեան, որով զբաղած են, որոշ չափով, Սիսակ Վարժապետեանը եւ Զաւէն Մսըրլեան պատմաբանները, ինչպէս նաեւ մերօրեայ ձեռնհաս հետազօտող Յակոբ Չոլաքեանը։ Ու մինչ կսպասենք նոր հետազօտողներու, իմացնենք մեր ընթերցողներուն կարեւոր փաստ մը՝ միջազգային հարթակներէն։
Փաստը կու տայ հեղինակաւոր New York Times-ը իր տարեկան World Almanac-ներուն մէջ, Lebanon վերտառութեան տակ։ Տեղեկութիւն տալով Լիբանանի մէջ ընդունուած կամ գործածուող լեզուներուն՝ պաշտօնական արաբերէնի, կիսապաշտօնական ֆրանսերէնի մասին, որպէս 3-րդ լեզու կը նշէ հայերէնը։ Բացա՚ռիկ երեւոյթ՝ Հայաստանէն դուրս որեւէ այլ երկրի մէջ այդպիսի բան չէ պատահած։
Ահա թէ ինչու սփիւռքահայութեան ազգային զարթօնքի, հայկականութեան վերարթնութեան, վերջապէս՝ Հայ դատի եւ ընդհանրապէս հայրենապաշտութեան սփիւռքեան օրրանը պէտք է համարենք Լիբանանը իր հանդուրժողականութեան, մարդասիրութեան եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան մթնոլորտով։
Երախտագիտութեան անխառն զգացումներով այդ երկրին մաղթենք կայուն խաղաղութիւն, խոչընդոտները կրկին ու նորէն յաղթահարելու ուժ եւ կամք։
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Յատուկ «ՊԱՅՔԱՐ»-ին