խմբագրական
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան իրենց տրամադրութեան ներքեւ ունին հզօր հնարաւորութիւններ` միջազգային հանրային կարծիքը ձեւաւորելու եւ նոյնիսկ ազդելու դատական որոշումներու վրայ: Այդ պատճառով է որ անոնք կը գտնըւին միշտ նախաձեռնողի եւ թելադրողի դիրքերուն վրայ եւ Հայաստան` միայն հակազդողի: Անոնք կը գործեն ազդեցիկ խորհուրդատուներու թելադրութեամբ եւ – պէտք է ընդունիլ – արհեստավարժ միջոցներով որոնք կը պակսին հայկական կողմին:
Միջոցներու պակասին առընթեր հայկական կողմը միշտ թերահաւատ գտնուած է միջազգային ատեաններու որոշումներուն նկատմամբ, որոնք ընդհանրապէս արդարութիւնը վերապահած են զօրաւորին:
Սակայն, վերջապէս Հայաստանի իշխանութիւնները համարձակութիւնը ունեցան դիմելու միջազգային մարմիններու եւ այդ դիմումը տուաւ իր դրական արդիւնքները: Արդարեւ, այս անգամ Հայաստանի իշխանութիւնները իրաւաբանական թղթածրարի պատրաստութիւնը յանձնած էին Եղիշէ Կիրակոսեանին, որ սփիւռքի այլ միջազգայնագէտներու գործակցութեամբ դիմեց ՄԱԿի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարան` պարտադրելու համար որ Ատրպէյճանը բանայ Լաչինի միջանցքը` սովի մատնուող 120,000 արցախցիներուն դիմաց: Դատարանը գոհացում տուաւ Հայաստանի հայցին: Չկայի՞ն քաղաքական ազդակներ կամ նկատումներ: Վստահաբար կային, որովհետեւ որքան ալ Արեւմտեան աշխարհը կը փորձէ հաւատացնել թէ դատական իրաւակարգը զերծ է քաղաքական ազդեցութիւններէ` ճշմարտութիւնը հակառակն է: Առանց նսեմացնելու այս պարագային տրուած վճիռին կշիռը, պէտք է ընդգըծել որ Հայաստանը սիրաշահելու եւրոպացիներու քաղաքականութիւնը. իր հովանին տարածած էր դատական գործընթացին վրայ, որովհետեւ, Արցախի դատին նման արդարացի իրաւական դատ մը անգամ կրնար բախիլ անիրաւութեան ապառաժին:
Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին կողմէ ներկայացուած էին երկու հայցեր – մէկը Հայաստանի կողմէ իսկ միւսը` Ատրպէյճանի, Հայաստանի դէմ: Ատրպէյճան կրեց երկու պարտութիւն. նախ իր հայցը մերժուեցաւ բացարձակ միաձայնութեամբ, իսկ Հայաստանի հայցը ընդունուեցաւ մեծամասնութեան ձայնով:
Միջազգային դատարանը իր Փետրուար 22ի որոշումով կը հրահանգէ Ատըրպէյճանին բանալ Լաչինի միջանցքը երկու ուղղութեամբ, արցախցիներու կապը հաստատելու համար Հայաստանի հետ:
Թէեւ ՄԱԿի դատարանը իր վճիռը գործադրելու միջոցները չունի, սակայն անոր վճիռը ինքնին ծանրակշիռ է եւ կրնայ լուրջ կացութեան մատնել վճիռները անսաստողները:
Այս վճիռով քանի մը փաստեր կ’ամրագրուին – ա) անգամ մը եւս միջազգային հանգամանք կը ստանայ Արցախի հարցը, բ) Ալիեւ կը պնդէ որ գոյութիւն չունի ՙԼեռնային Ղարաբաղ՚ եզրը եւ այդ եզրին գործածութիւնը կը հակասէ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան: Ուրեմն, հակառակ Ալիեւի առարկութեան դատարանը կը շարունակէ գործածել ՙԼեռնային Ղարաբաղ՚ եզրը, ինչ որ իրաւական հիմք կրնայ ծառայել ապագային քաղաքական բանակցութեանց ընթացքին, գ) ՄԱԿի դատարանը իր վճիռին մէջ կ’ամրագրէ նաեւ Նոյեմբեր 9, 2020ի յայտարարութիւնը, զայն վերածելով միջազգային փաստաթուղի մը:
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները առ այժմ լուռ են եւ տակաւին չեն նախաձեռնած Լաչինի միջանցքը բանալու: Պաքուի իշխանութեանց կեցուածքը կը փորձուի արդարացնել այն բացատրութեամբ որ միջանցքը արդէն բաց է եւ այդ կերպով կը բաւարարուի դատարանին վճիռը: Այս դիրքորոշումը յաւելեալ բեռ մը կը դնէ հայկական կողմին վրայ` քաղաքական եւ դատական գործընթացը շարունակելու:
Ատրպէյճանի սուտը պայթեցնելու զգայացունց նախաձեռնութիւն մը պիտի ըլլար կազմակերպել ժողովրդային երթ Լաչինի միջանցքի երկու ուղղութիւններով ու եթէ արգիլուի զանգուածային անցքը` ատիկա բաւարար փաստ մը պիտի ըլլայ հերքելու Պաքուի յաւակնութիւնները:
Դատարանին վճիռը ինքնին սահմանափակ իմաստ մը պիտի ունենար, եթէ չդիմուին միջոցներ զայն գործնականացնելու: Բարեբախտաբար վճիռի արձակումէն անմիջապէս յետոյ վարչապետ Փաշինեան վերցուցած է երկու նախաձեռնութիւն. նախ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է նախագահ Փութինի հետ եւ ապա նաեւ դիմած է ՄԱԿի Ընդհանուր Քարտուղար Անթոնիօ Կութիերէշին որպէսզի ՄԱԿը փաստահաւաք առաքելութիւն մը ղրկուի Հայաստան:
Զուգադիպութի՞ւն թէ ծրագրեալ այցելութիւն մըն է նաեւ Եւրոպական Միութեան յատուկ պատուիրակ Թոյվօ Քլաարի ժամանումը Երեւան, ուրկէ կը ծրագրէ հանդիպիլ շրջանային այլ մայրաքաղաքներ:
Հետաքրքրական է որ դատարանի վճիռը որեւէ ակնարկութիւն չի կատարեր Ռուսաստանի, ինչ որ կը դիւրացնէ Փաշինեանի բանակցութիւնները նախագահ Փութինի հետ:
Դատարանի այս վճիռը ազդակ մըն է որ կ’աւելնայ Եւրոպական Միութեան դիտորդներու տեղակայման հետ, Հայաստանի հողին վրայ: Այս դրական զարգացումները իրենց հետ կը բերեն նաեւ որոշ վտանգներ. այս երեւոյթներուն մէջ Մոսկուա եւ Պաքու կը տեսնեն սպառնալիքներ իրենց շահերուն: Արդէն Մոսկուա բարձրաղաղակ կը բողոքէ որ այդ քայլերով Արեւմուտքը կը փորձէ տկարացնել ռուսական ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ:
Մինչ արտաքին ճակատի վրայ որոշ դրական տեղաշարժներ կը կատարուին` ի՞նչ կը պատահի նոյնինքն Արցախի մէջ: Նախ սահմանադրութեան փոփոխութիւն մը եւ ապա պետական դիրքերու յաջորդական պաշտօնազրկումներն ու պաշտօնակոչումները կայունութեան պակաս մը կը մատնեն: Իսկ Հայաստանի իշխանութեանց Արցախի նկատմամբ դրսեւորուող ցրտութիւնն ալ, իր հերթին, միայն ջուր կը հայթայթէ թշնամիի ջաղացքին:
Սակայն, Արցախի ներքին ճակատին վրայ պարզուող ամէնէն աղմկայարոյց իրադարձութիւնը Ռուբէն Վարդանեանի երեւոյթն էր: Ան մեծ փայլատակումներով երեւցաւ Արցախի երկնակամարին վրայ եւ նոյն փայլատակումներով ալ ինկաւ վար:
Ռուբէն Վարդանեան իր փորձառութեամբ, իր հարստութեամբ եւ իր միջազգային կապերով Հայաստանին եւ Արցախին օգտակար հանդիսանալիք անձ մըն է: Սակայն, առաջին օրէն Հայաստանի իշխանութիւնները ցուրտ վերաբերում մը ցուցաբերեցին, իսկ իշխանութեանց մամուլի արբանեակներն ալ աւելի բաց ճակատով հակադրուեցան անոր:
Այս երեւոյթը կերպով մը կը յիշեցնէ ատենի Հայաստանի իշխանութեանց վերաբերումը Գալուստ Կիւլպէնկեանի նկատմամբ: Անոնք Մոսկուայի թելադրութեամբ պայքար բացին Կիւլպէնկեանի դէմ, ինչ որ ներհակ ազդեցութիւն ունեցաւ հայկական կառոյցներու հետ ունեցած անոր յարաբերութեան վրայ:
Հայաստանի իշխանութիւնները առաջին օրէն Վարդանեանը պիտակեցին իբրեւ Մոսկուայի մարդը: Եթէ նոյնիսկ իրաւ էր այդ պիտակումը, աւելի պատճառ կար զգուշութեամբ վարուելու անոր հետ, կերպով մը հակակշռելու դէպի Արեւմուտք իրենց յարումը, բան մը որ կը զայրացնէ Մոսկուան: Թերուս իշխանաւորներ որոնք ունակութիւնն ալ չունին արագ սորվելու:
Վարդանեանի ռուսական պիտակումը աւելի ծաւալ ստացաւ Ատրպէյճանի իշխանութեանց պայքարով եւ յատկապէս Ալիեւի զգայացունց ամբաստանութեամբ: Արդարեւ, Ալիեւ Միւնիխի վերջին ժողովին Վարդանեանը որակեց ՙոճրային օլիկարխ՚ (criminal origark) որ ամբաստանուած է դրամալուացումով (money laundering) մոռնալով որ ինք եւս կը գտնուի նըման ամբաստանութեանց ներքեւ իր Լոնտոնի 700 միլիոննոց կալուածով եւ պետութիւնը կողոպտելով եւ իւրայինները յըղբացնելու վկայութիւններով. մինչ Վարդանեանի դէմ գոյութիւն չունի ոեւէ նման դատական վճիռ:
Իր զրպարտութենէն ետք Ալիեւ յայտարարեց որ ինք կը մերժէ բանակցիլ ՙՌուսաստանէն Ղարաբաղ մաքսանենգուած՚ նման անձի մը հետ: Փոխարէնը, ըսաւ, կրնայ բանակցիլ Ղարաբաղ ծնած ներկայացուցիչի մը հետ:
Ալիեւ որ կը մերժէր որեւէ բանակցութիւն կայացնել ղարաբաղցիներու հետ, զանոնք նկատելով «Ատրպէյճանի քաղաքացիներ», այսպիսով գոնէ դուռ մը բացաւ բանակցութեան:
Կը պարզուի նաեւ որ բանակցելու այդ որոշումը կայացուած էր Արեւմուտքի, եւ յատկապէս Անթընի Պլինքընի թելադրութեամբ. բնականաբար հաճոյ պիտի չըլլար Արեւմուտքին համար որ Ալիեւ բանակցէր ՙՄոսկուայի մարդ՚ուն հետ:
Զուգադիպութիւն չի կրնար ըլլալ, որ Ալիեւի այս հրապարակային պոռթկումէն հինգ օր վերջ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան պետական նախարարի պաշտօնէն ազատ կ’արձակէ Ռուբէն Վարդանեանը, զայն փոխարինելով Գուրգէն Ներսէսեանով, որ ցարդ կը պաշտօնավարէր իբրեւ ընդհանուր դատախազ: Սակայն, Ներսէսեան պիտի չունենայ արտաքին գործերու պատասխանատուութիւնը:
Այս արարքը ասպարէզ կը կարդայ Ալիեւին որ սկսի բանակցութեանց` եթէ անկեղծ էր իր դիտաւորութիւնը իր հրապարակային ելոյթին ընթացքին:
Այս պատկերին վրայ կ’աւելնայ ուրիշ կնճիռ մը – Արցախի հանրապետութեան նախկին պաշտպանութեան նախարար Սամուէլ Պապայեանի երեւումը Ստեփանակերտի մէջ, ուր կ’ուզէ պաշտօնի կոչուիլ ` իր հակակշռին ներքեւ առնելով ոյժային կառոյցները:
Սամուէլ Պապայեան փորձառու խաղացող մըն է, որ սակայն, արդէն միամտօրէն պարզած է իր խաղը Արցախի հեռուստացոյցին տուած հարցազրոյցի ընթացքին: Ան կ’ըսէ թէ Ալիեւ կը փորձէ ձերբազատուիլ ռուսերէն, սակայն, այդ նպատակը իրականացնելու համար պէտք ունի հայկական կողմի աջակցութեան: Հետեւաբար, ինք կը ծրագրէ այդ տուեալներով բանակցիլ Ալիեւի հետ: Իսկ ի՞նչ պիտի տան այդ բանակցութիւնները Արցախին` պարզ չէ:
ՄԱԿի դատարանի վճիռը, Եւրոպական Միութեան դիտորդներու ներկայութիւնը եւ այլ զարգացումներ ուղիներ կը բանան Արցախի դիմաց:
Սակայն, ո՞ւր պիտի տանին այդ ուղիները` կը ապրինք ու կը տեսնենք: