Ստորեւ հրատարակութեան կը յանձնենք հարցազրոյց մը որ ՙՊայքար՚ի կողմէ կատարուած է Ընկ.հի Պայծիկ Գալայճեանի կողմէ ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի ատենապետ Դոկտ. Հրաչ Գույումճեանի հետ` Լոնտոն: Դոկտ. Հ. Գույումճեան ընտանեկան աւանդութեամբ դաստիարակուած է ՌԱԿի շունչով: Ան մասնագիտութեամբ հեղինակութիւն մըն է կենսոլորտի մարզէն (ecology) ներս: Իր ասպարէզին բերումով թէ ծառայած է Լիբանանի նախագահի գրասենեակին, իբրեւ խորհրդական, եւ թէ ալ ՄԱԿի կառոյցներուն:
Հակառակ իր ծանր պատասխանատուութեանց լոնտոնաբնակ ընկեր Դոկտ. Գույումճեան ղեկավար դիրքերու մէջ ստանձնած է ազգային ծառայութեան պատասխանատուութիւններ: Վերջին երկու տարիներուն ան կը վարէ ատենապետութիւնը ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդին:
Խմբ.
1. Ի՞նչ պատկեր կը պարզէ կուսակցութեան ներկայ իրավիճակը: Ի՞նչ է կուսակցութեան ընդհանուր քաղաքական հայեացքը:
Ակնյայտ իրողութիւն է, որ ՌԱԿ-ը պառակտուած իրավիճակ մը ունի ներկայիս: Պառակտում մը` որ 1995-ի Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովին յաջորդած է ու տակաւին կը շարունակուի ցայսօր, թէ՛ Սփիւռքի տարածքին եւ թէ՛ Հայրենիքի մէջ: Սկզբնական շրջանին անհատական բնոյթ կը կրէր. սակայն ժամանակի ընթացքին, յատկապէս Հայաստանի անկախութենէն ետք, ստացաւ սկզբունքային նոր երանգ մը: Այսօր գոյութիւն ունին զանազան խմբաւորումներ, որոնք հակասական կեցուածքներ որդեգրած են Հայաստանի կառավարութեան հանդէպ, քաղաքական ուղղութիւններու հանդէպ, եկեղեցիի եւ եկեղեցական անձերու նկատմամբ, միւս աւանդական կուսակցութիւններու նկատմամբ եւլն.: Ես կþուզեմ այս երեւոյթը նմանցնել Եւրոպայի 100 տարուան պատերազմի պատմութեան: 100 տարի երկիրներ իրարու դէմ կռուեցան …. այն աստիճան որ 100 տարի ետք, մոռցան թէ ինչ բանի համար կը կռուէին, ինչպէ՞ս սկիզբ առաւ պատերազմը: Մե՛րն ալ համարեա անոր կը նմանի: Պէտք է ընդունինք, որ այսօր կուսակցութիւնը ունի զանազան խմբաւորումներ, որոնք սկսած են ղեկավարուիլ ՙվեթօ՚ներով ու շեղիլ կարգ մը ռամկավարական սկզբունքներէն, անոր հետեւանքով անփառունակ իրավիճակ մը ստեղծուեցաւ ամէնուրեք, պատասխանատուութիւն կþենթադրէ իր շարքերը ՌԱԿ-ի 100 ամեակի սեմին զօրակոչի ենթարկել բոլոր հատուածները խորհրդածելու նոր տեսլականի մը մասին: Ժամանակն է որ բոլոր կողմերը սկսին մտածել զիջողութիւններու մասին եւ յանուն կուսակցութեան գերագոյն շահերուն` լուրջ աշխատանքի լծուին:
Դժբախտաբար սակայն մեր ղեկավարութիւնը եւ մեր սահմանադրութիւնը ցարդ չկրցան այս պառակտումներուն առաջքը առնել: Պէտք է խոստովանիլ նաեւ, թէ Հայաստանի պետական մարմինները, անցեալին ու ներկայիս, առաւել եւս հարցերը սրեցին: Մեր գործօն ու շինիչ երկխօսութեան փորձերը վարչապետին հետ ցարդ մնացին ապարդիւն:
2. Այս իրավիճակը բարելաւելու համար ի՞նչ կþառաջարկէք եւ կը ծրագրէք:
Կուսակցութիւնը պէտք է սկսինք դիտել իբրեւ ՙհամացանց՚, որուն իւրաքանչիւր կեդրոնը պարտաւոր է օժանդակութիւն ցուցաբերելու ընդհանուր աշխատանքին, բան մը որ խոտոր կը համեմատի ներկայի կացութեան հետ. փոխանակ իրար օժանդակելու, իրար կը խաչաձեւենք: ՙՀամացանց՚ը 21րդ դարուն մեզի կու տայ յստակ դժուարութիւններ` փոխան դիւրութիւններու: Մեր հասկցած democracy-ն ժողովրդավարութիւնը նոյնիսկ հարցականի առջեւ կը դրուի` այնպէս ինչպէս վերջերս նմանօրինակ պատկերի մը դէմ յանդիման գտնուեցանք Ամերիկայի մէջ: Ա՛յս է ընդհանուր իրավիճակը: Այս տեսակի կացութեան մէջ, ոմանք իրենք զիրենք աւանդական կը նկատեն ու կը կառչին ժամանակավրէպ գործելաոճին, ոմանք ալ կþուզեն նորարարութիւն ներմուծել եւ այդպիսով առաջ երթալ: Սակայն ես կը հաւատամ, որ կուսակցութիւնը պէտք է ունենայ իր նոր սահմանադրութիւնը եւ աշխատի իբրեւ իսկական network (ցանց) թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի տարածքին: Այսօր ինչ վարչութիւն, որ ի յայտ եկաւ, բոլորն ալ անօրինական կը թուին ըլլալ, կեդրոնական վարչութիւն նկատուող վարչութենէն, մինչեւ ընդդիմադիր այլ վարչութիւններ, օրէնքի սահմաններէն շեղած խմբակներ են: Սակայն Գերագոյն խորհուրդի պարագան կը տարբերի այն առումով, որ հոն մէկտեղւած են համախոհ, ու կուսակցական վաստակ ու փորձառութիւն ունեցող անձնաւորութիւններ, որոնք փորձեցին կուսակցական աշխատանքը Սփիւռքի եւ Հայաստանի առաջ տանիլ իրենց հասկցած ձեւով: Այսօր Գերագոյն Խորհուրդի պատասխանատուութիւնն է կոչ ընել բոլոր կողմերուն, որ երկխօսութեան սեղանի շուրջ նստին, գտնելու համար հասարակ յայտարար մը:
Վերջին երեք տարիներուն, միակ օրինական Պատգամաւորական Ժողովը հիմնուելով ՌԱԿ-ի սահմանադրութեան ծրագիր կանոնագրին վրայ, եղաւ Հայաստանի Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը: Սակայն Սփիւռքը, գիտակցաբար, թէ անգիտակցաբար, վարակեց նորընտիր վարչութիւնը դասական ՙհիւանդութիւններով՚, որուն որպէս արդիւնք ցարդ այս վարչութիւնը չկրցաւ իր շուրջ համախմբել բոլոր շրջանակները:
3.- Այսօր հայկական կուսակցութիւնները կրնա՞ն կարեւոր քաղաքական դեր մը ունենալ Սփիւռքի տարածքին, թէ ժամանակը հասած է նոր կառոյցներ ստեղծելու:
– Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը ՙդեմոկրատ-լիպերալ՚ եղած է միշտ, մենք ռամկավար-ազատական ենք: Այսօր 100-է աւելի երկիրներ կան, որոնք այս գաղափարախօսութեան կը հետեւին իր զանազան երանգներով, սակայն գաղափարախօսութիւնը չի փոխեր իր այժմէականութիւնը եւ չի դադրիր այժմէական ըլլալէ, ոչ ալ անոր գործունէութեան եղանակը: Ռամկավարութիւնը տակաւին (evolve) եղաշրջուող ու զարգացող փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուի, հետեւաբար մեր կուսակցութիւնն ալ պարտաւոր է բարեփոխութեան ենթարկուելու, յատկապէս իր աշխատանքային գործելաոճին մէջ: ՙՀամացանց՚-ի գաղափարը ընդհանուր գաղափարախօսութենէն կու գայ վերջ ի վերջոյ: Այսօր նոյնիսկ առեւտրագիտութեան, ընկերային թէ քաղաքական ցանցերու ծիրէն ներս ալ նոյն սկզբունքները կ՛որդեգրուին: Ահա թէ ինչու, ՙգերագոյն խորհուրդ՚ի մը գաղափարը ես շատ գործնական կը գտնեմ, յատկապէս երբ բոլոր կողմերը միասնաբար ու համախորհուրդ գործեն եւ գտնեն հասարակ յայտարար մը. հո՛ն է որ ՙհամացանց՚ը ճիշդ ուղղութեամբ կը ղեկավարուի, մանաւանդ որ կուսակցութիւնը կը գործէ ու կը շարունակէ գործել թէ՛ Հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի տարածքին:
Մեր քաղաքական դիրքորոշումը ընդհանրապէս եղած է Հայաստանի պետականութեան կողքին ըլլալ: Այս սկզբունքով է, որ մենք գործակցած ենք Հայաստանի Առաջին, Բ. եւ Գ. հանրապետութիւններուն հետ, հիմա ալ այդպէս պիտի շարունակենք գործակցիլ: Այս ըսել չէ որ մենք պիտի խուսափինք շինիչ քննադատութիւններ: Մենք ընդհանրապէս կարգ մը շրջանակներու կողմէ քննադատուած ենք մեր որդեգրած այս դիրքորոշման պատճառով, սակայն մենք սկզբունքային հարց կը նկատենք այս դիրքորոշումը:
Հայաստանի ապագան պիտի որոշէ Հայաստանի քաղաքացին: Մենք Սփիւռքի մէջ իրաւունք չունինք միջամուխ ըլլալու իրենց որոշումներուն եւ կը հաւատանք, որ Հայաստանի ժողովուրդը ի՛նք պիտի որոշէ իր ապագան: Վստահաբար յստակ դժուարութիւններ կան հոն, եւ մենք գիտակից ենք անոնց, թէ Հայաստանի ներկայ կացութիւնը ահռելի է, սակայն պէտք է ընդունիլ, որ հեռուէն քննադատելը հեշտ է, բազկաթոռի վրայ նստած խելք տալը առաւել եւս հեշտ, հետեւաբար պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ պէտք է մօտենալ եւ զգուշաւոր մօտեցում ցուցաբերել կացութիւնը առաւել եւս չբարդացնելու համար: Մենք կը հաւատանք, որ եթէ կ՛ուզենք արցախեան պարտութիւնը յաղթանակի վերածել, պէտք է զգաստ ու պատասխանատըւութեան գիտակցութեամբ մօտենանք հայրենական հարցերուն, միայն հեռուէն ՙխելք տալով՚ չէ, որ մասնակցութիւն կրնանք բերել կառուցողական աշխատանքին: Այստեղ է որ Սփիւռքը կրնայ իր օժանդակութեան բաժինը բերել: Ա՛յս է մեր ընդհանուր տեսակէտը Հայաստանի նկատմամբ, սակայն մենք մեր վերջնական խօսքը մեր մամուլի միջոցով կþըսենք, այնպէս ինչպէս յաճախ արտայայտուած ենք ու տակաւին կ՛արտայայտուինք:
4.- Ի՞նչ համեմատութեամբ ՌԱԿ մամուլը ազդեցութիւն կը գործէ հանրային կարծիքին վրայ…
– Մամուլի մը յաջողութիւնը կը կայանայ իր խմբագրակազմին եւ աշխատակիցներու հոյլին մէջ: Մամուլի միջոցով ընթերցողին փոխանցուած որակաւոր նիւթերը հրապուրիչ պէտք է ըլլան ընթերցողին. արտատպումներէ խուսափելով, մենք ապահոված կþըլլանք բաժանորդներու հաւատարմութիւնը: Ասոնք են յաջող մամուլի մը ցուցանիշները: Մեր մամուլը կը գործէ եւ մեր խօսքը կը տարածէ հոն ուր որ կարիքը կայ Սփիւռքի եւ Հայաստանի տարածքին:
Ցայտուն օրինակ մըն է Azgonline.am թերթը, որ շնորհիւ Հայաստանի մեր կարգ մը ընկերներու զոհողութիւններուն եւ նիւթական ջանքերուն , Հայաստանի մէջ սկիզբ առաւ Azgonline.am թերթը, մասնագիտօրէն կ՛ուսումնասիրուի եւ իրավիճակը պարբերաբար կը յայտարարուի: Մամուլի օրկաններ կան, որոնք ամբողջովին կախեալ են արտաքին միջոցներէ. շատ քիչ է թիւը ինքնաբաւ հրատարակութիւններուն: Mirror Spectator թերթը, որ մեր հանրութեան կողմէ շատ դրական ընդունելութիւն գտած է, որուն շնորհիւ յաճախ նուիրատուութիւններ ալ կը կատարուին եւ ժողովուրդը շատ մօտ կը զգայ այդ թերթին: ՙՊայքար՚ շաբաթաթերթը առաջին թիւով փնտռուած թերթ մը դարձաւ, ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ շնորհիւ հմուտ խմբագրական կազմին եւ աշխատակիցներուն:
5.- Ի՞նչ է ՌԱԿ-ի դիրքը Հայաստանի նկատմամբ, յատկապէս արցախեան պատերազմի տխուր իրավիճակէն ետք:
– Եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետենք ՌԱԿ-ի 100-ամեայ երթին, պիտի նշմարենք, որ մենք միշտ պետականամէտ եղած ենք, սակայն ան չի նշանակեր, որ մենք միշտ ալ համաձայն գտնուած ենք կառավարութեան ծրագիրներուն: Այսօր Հայաստանի իրավիճակը տխուր պատկեր մը կը պարզէ. մէկը, որ կառավարութեան գլուխը ըլլայ, միւս կողմը բնականաբար հակադիր դիրքորոշում պիտի որդեգրէ: Հայաստանի քաղաքական կացութիւնը պիտի որոշէ Հայաստանի ժողովուրդը, ոչ թէ անկարգ փողոցը եւ կամ բիրտ ոյժը իր խօսքը բանեցնելով: ՙԹաւշեայ՚ յեղափոխութիւնը ճիշդ է փողոցէն սկիզբ առաւ, սակայն կազմակերպուած ու ծրագրուած շարժում մըն էր այդ: Եթէ Հայաստանի ՙռեժիմ՚ը փոփոխութեան կը կարօտի, եւ այդ իրագործելի կ՛ըլլայ միայն սահմանադրական ձեւով: Նո՛ր վարչակարգ, նո՛ր որոշում: Այսօր շատ աշխատանք կը տարուի Հայաստանի խորհրդարանին մէջ բարեփոխելու համար կարգ մը որոշումներ, որոնք կապ ունին ընտրական օրէնքներու եւ կամ դատական ատեանի վերին մարմիններուն իրաւասութիւններուն: Գլխաւոր աշխատանքը կը կայանայ ծրագիրները իրականացնելու միջին եզր մը գտնելու մէջ: Վարչապետը ի՛նքն է, որ այդ նորութիւնը պէտք է գտնէ, յատկապէս ապահովելու համար նաեւ իր legacy-ն ժառանգութիւնը պատմութեան դատարանին առջեւ: Վարչապետը, որուն օրով մենք պատերազմը կորսնցուցինք շատ գէշ կերպով, ինք պէտք է գիտակցի եւ կարենայ օգտագործել իր ձեռքի սահմանադրական բանալիները, նո՛ր վարչակարգ, նո՛ր իրողութիւն ձեռք բերելու համար:
Գալով մեր կուսակցութեան, պէտք է ընդունինք, որ վարչական մարմիններու մէջ մի՛շտ ալ զանազան հոսանքներ կ՛ըլլան, որոնք յաճախ առողջ ընդդիմադիր իրավիճակ կը պարզեն: Եթէ յետադարձ հայեացք մը նետենք վերջին 15 տարիներու վրայ, պիտի նշմարենք, որ միայն օրինական ձեւով տեղի ունեցած ժողովները Հայաստանի պատգամաւորական ժողովներն են: Հետեւաբար, Հայաստանի կեդրոնական վարչութիւնը պէտք է գիտակցի, թէ վարչութիւններու մէջ մի՛շտ ալ կ՛ըլլան տարբերութիւններ եւ մենք կը հաւատանք, թէ կուսակցութեան քաղաքական ապագան Հայաստանի մէջ է, ուստի Հայաստանի կեդրոնաան վարչութեան պարտաւորութիւններէն մին է համախըմբել կուսակցութեան բոլոր հոսանքները: Ասիկա հարստութիւն մըն է կուսակցութեան համար եւ միաժամանակ առաջքը առնելու համար սանձարձակ գործելակերպի checks & balances եւ ապահովելով հաշուետուութիւն:
6.- Ինչպէ՞ս կը տեսնէք հորիզոնը Փաշինեանէն վերջ եւ անկէ անդին:
– Ներկայ քաղաքական, տնտեսական, ռազմական, հոգեբանական եւ ընկերային իրավիճակը այնպիսի կացութիւն մը կը պարտադարէ, որ ներկայ Վարչապետ Փաշինեանը բոլորին կողմէ այդ ընդունելի անձը չի թուիր ըլլալ, որ ապագան կարենայ ձեռք առնել: Սակայն կը շեշտեմ, վարչապետը կրնայ այդ անձը ըլլալ, ստեղծագործութեամբ, օգտագործելով ազգային սահմանադրութիւնը եւ իր իրաւասութիւնները, շինիչ սկզբունքներով: Ինք պէտք է այս նոր իրողութիւնը կարենայ ստեղծել: Կը խօսուի ՙթեքնոկրաթ՚ կառավարութեան մասին, որ շատ լաւ ու իտէալ բան մըն է ինքնին, յատկապէս հասուն ռամկավարական երկիրներու մէջ, սակայն քաղաքական մարդոց կողմէ հալածանքի կ՛ենթարկուի եւ ձախողութեան կրնայ մատնուիլ: Միջին արեւելեան բազմաթիւ երկիրներ այս փորձառութիւնը ուզեցին որդեգրել եւ սակայն դժբախտաբար չյաջողեցան: ՙԹեքնոկրաթ՚ կառավարութիւն մը եթէ պիտի կազմուի ՙթեքնոկրաթ՚ անձերով, որոնք հաւաքականապէս պէտք է գիտակցին, որ անոնք իրենց կուսակցական պատկանելիութիւնը լուսանցքի մէջ պէտք է ձգեն, մինչեւ այն ատեն որ (քոնսենսըս) համաձայնական կառավարութեան մաս կը կազմեն : Բան մը, որ իրագործելի չեղաւ ընդհանրապէս երրորդ աշխարհի մէջ:
7.- Եթէ այս տարի արտահերթ ընտրութիւններ կատարուին` կը կարծէ՞ք, որ ՌԱԿ-ը պատրաստ կ՛ըլլայ մասնակցութիւն բերելու:
– Անշուշտ ՌԱԿ-ը քաղաքական կազմակերպութիւն է: Պատմականօրէն կուսակցութեան յենարանները եղած են Գահիրէն, Փարիզը եւ Պէյրութը , իսկ յետանկախութեան ՌԱԿ-ի յենարանը միայն Երեւանը կրնայ ըլլալ: Այս մէկը կ՛իրագործուի միայն Հայաստանի վարչութեան ուժեղացումով: Այս մէկը սակայն պայմանաւորուած է Հայաստանի վարչական մարմիններուն բոլոր շրջանակները իրար մօտեցնելով եւ մէկ հասարակ յայտարար մը ունենալով ու միասնաբար ծրագրելով կուսակցութեան օրակարգն ու աշխատանքային ծրագրերը: Այսօր Հայաստանի Կեդրոնական վարչութիւնը ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայէ բոլոր հոսանքները մէջտեղ բերելու, որպէսզի Սփիւռքը կարենայ իր աչքերը յարել միայն ու միայն մէկ տեղ: Այս գործելաձեւով է, որ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը կրնայ Հայաստանի մէջ իր քաղաքական արտայայտութիւնը ունենալ: Հոս է որ ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդ մը համախմբելով իր մէջ հայաստանեան եւ սփիւռքեան բոլոր կառոյցները կրնայ խաղալ իր խորհրդատուական դերը, գործի լծելով նաեւ կուսակցապատկան մամուլը եւ իր բոլոր կառոյցները:
8.- Կը կարծէ՞ք, որ ՌԱԿ-ը կը յաջողի միացեալ ուժերով տօնախմբելու կուսակցութեան հարիւրամեակը յառաջիկայ Հոկտեմբերին:
– Բացայայտ իրողութիւն է , որ ներկայ համաճարակը որոշ խոչընդոտներ յառաջացուց հրապարակային եւ հաւաքական հանդիսութիւններ կայացնելու համար: Ես սակայն լաւատես եմ որ Հոկտեմբերը իսկական ՙոսկի աշուն՚ ըլլայ եւ մենք հոկտեմբեր 1-ին բացումը կատարենք մեր հանդիսութիւններու շարքին հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին տօնելու համար մեր պանծալի կուսակցութեան 100ամեակը: Մեր առջեւ մենք ունինք ոսկեայ առիթներ: Ես գրեթէ բոլոր կողմերուն հետ կապի մէջ եմ: Մեր քաղաքական գաղափարախօսութիւնը շատ յստակ է թէ՛ միջազգային եւ թէ՛ հայկական առումով: ՌԱԿ Հայաստանի Կեդրոնական Վարչութիւնն ալ իր յայտարարութիւններուն մէջ յաճախ կ՛արտայայտուի նոյն գաղափարներէն մեկնելով, յատկապէս վարչապետին հետ առնչուած: Բացայայտ իրողութիւն է, որ գոյութիւն ունին շրջանակներ, որոնք կը պահանջեն վարչապետի գոյատեւումը եւ խոր հաւատք կը տածեն անոր հանդէպ: Ահա թէ ինչո՛ւ մենք պէտք է յստակացնենք հարցին մեր մօտեցումը ինչպէս վերեւ նշեցինք` գտնելով միջին եզր մը, որ ընդունելի ըլլայ բոլորին համար: Մեր մամուլը միջոց մը պիտի ըլլայ մեր գաղափարախօսութիւնը տարածելու, սակայն կը հաւատանք, թէ ո՛վ որ ըլլայ Հայաստանի կառավարութեան գլուխը, ունի առաջնահերթութիւններ, որոնք պէտք է լուծուին.
Թէեւ մեր վերջին յայտարարութեան մէջ մատնանշած էինք սոյն հարցերը, սակայն հոս եւս կþուզեմ վեր առնել կարգ մը կենսական հարցեր:
ա.- Հայաստանի մէջ քաղաքական կայունութեան հարցը որ խիստ կենսական է. հոս գլխաւոր բանալիներէն մին վարչապետին ձեռքերուն մէջն է: Ներկայ անել կացութենէն դուրս գալով է որ միայն կþապահովուի շինիչ աշխատանքը ՙsine quoi non՚:
բ.- Հայաստանը պէտք ունի փորձառու դիւանագէտներու եւ քաղաքագէտներու, որպէս ջատագով ազգային առաջնահերթութիւն նկատուող հարցերուն: Սփիւռքը հոս մեծ դեր կրնայ ունենալ, հակառակ որ ներկայի սահմանադրութիւնը չի թոյլատրեր, որ սփիւռքահայ մասնագիտացած անձը մաս կազմէ Հայաստանի խորհրդարանին եւ կամ կառավարական վարչակարգին:
գ.- Պէտք է Սփիւռքի ներոյժը օգտագործուի զանազան մարզերու մէջ, ըլլայ ընկերային, գիտական կամ քաղաքական: Երբ որ արտաքին քաղաքականութիւնը զօրաւոր հիմերու վրայ դրուած ըլլայ, հոն է, որ կը յստականայ ամէն ինչ, Ցեղասպանութեան հարցերու արդար լուծումը, եւ մանաւանդ Հայաստանի սահմաններուն անձեռնմխելիութիւնը, բան մը, որ այս օրերուն շատ կը խօսուի:
դ.- Զարգացնել ամէն տեսակի կապերն ու փոխյարաբերութիւնները արաբական աշխարհի, Իրանի, Հնդկաստանի եւ Չինաստանի հետ, զարգացնելով եւ սրբագրելով մեր բոլոր տեսակի յարաբերութիւնները, սակայն եւ այնպէս չանտեսելով մեր յարաբերութիւնները արեւմուտքին հետ, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ: Անշուշտ մեզի համար առաջնահերթ են Ռուսական Դաշնակցութեան բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը եւ սակայն մի՛շտ ի մտի պէտք է ունենալ, որ շրջապատուած ենք թշնամիներով:
***
Հայաստանը երկունքի մէջ է եւ կþուզեմ հաւատալ, որ Հայաստանի ժողովուրդը այս երկրորդ ՙԱւարայր՚ը պիտի կարենայ յաղթանակով պսակել` քաղաքական, ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական յաջողութեամբ, հաստատելով երկրի կայունութիւնը եւ մանաւանդ վերակազմակերպելով Հայաստանի ինքնապաշտպանողական բանակը (self defence forces) իբրեւ պատուար արտաքին ախորժակներու:
Իսկ ինչ կը վերաբերի մեր կուսակցութեան, այս 100ամեակի սեմին, Հայաստանի մեր Կեդրոնական Վարչութիւնը պէտք է կարենայ համախմբել բոլոր շրջանակները, ձերբազատուելով անցեալի բազմազան հարցերէն: Միայն այս ձեւով է որ Հայաստանը կրնայ դառնալ Սփիւռքի յենարանը, ապահովելով Սփիւռքի կուսակցութեան կառոյցներուն քաջալերանքն ու օժանդակութիւնը:
2020 տարին ընդհանրապէս լաւ չէր հայ ժողովուրդին համար, Հայաստանի նաեւ Արցախի համար, սակայն այս երեւոյթը պէտք չէ յուսախաբութեան դուռ բանայ, այլ ընդհակառակը գօտեպնդուած մենք պիտի շարունակենք չատագովը ըլլալ Սփիւռքի եւ Հայրենիքի փոխյարաբերութեան, մի՛շտ շարունակելով մեր աշխատանքը միջազգային ատեաններու առջեւ ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի£
Հադցազրոյցը Վարեց ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ