Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութիւնը գոյութենական նոր մարտահրաուէր մը կը դիմագրաւէ, առանց չափազանցութեան, Աւարայրի եւ Սարտարապատի մարտերու բնոյթով եւ հետեւանքներով: Մեր հայրենի քոյրերն ու եղբայրները իրենց արիւնով ու կեանքով կը դիմաւորեն այդ մարտահրաւէրը ու նաեւ այս անգամ հզօր զէնքերով ու մարտական աննկուն ոգիով: Երբ հայրենիքի բնակչութեան կեանքն ու արիւնն են գրաւականը հայ հողի պահպանութեան եւ վերջնական յաղթանակի, սփիւռքի հայութեան մնայ սատարել իր բարոյականն ու նիւթականը, պատմական աննախընթաց չափերով:
Մեր կազմակերպութիւնը, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, իր սեփական միջոցներով սատարած է ու կը շարունակէ սատարել Բերձորի եւ Ստեփանակերտի բնակչութեան անմիջական կարիքներուն:
Սակայն, այսօրուան հրամայականը հաւաքական ու միասնական զօրակցութիւնն է Արցախի հերոսական ժողովուրդին. հետեւաբար մեր պարտքն է մեր անհատական, միութենական եւ հաւաքական նուիրաբերումները կեդրոնացնել «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի վրայ, որ, արդէն վաստկած է վստահութիւնը մեր ազգին, իր նուիրեալ եւ օրինական գործունէութեամբ:
ԹՄՄի սրտագին կոչն է իր հաւատարիմ անդամներուն, բարեկամներուն եւ համայն ազգին՝ նուիրատուութիւնները յատկացնել «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին, որ ամէնէն կարճ ժամանակով պիտի հասցնէ Հայաստանի եւ Արցախի մարդասիրական նպատակներուն:
Արդէն նուիրատուութիւնները համազգային ջանքերով կը հասնին Հիմնադրամին, եւ պէտք է անխոնջ շարունակել այդ նուիրաբերումը եւ միասնականութիւնը մինչեւ վերջնական յաղթանակ:
Ստորեւ կը գտնէք Հիմնադրամի հասցէները:
ԱՄՆ – Armenia Fund, 111 North Jackson Street, Suite 205, Glendale, CA 91206
Գանատա – Fondation Hayastan Canada Inc., 780 Sainte Croix Ave, Saint-Laurent, Quebec H4L 3Y2
Եթէ կայքէջով կ’ուզէք ղրկել ձեր նուիրատուութիւնները հաճեցէք այս համացանցի հասցէներուն դիմել – ԱՄՆ www.armeniafund.org/donate,
Գանատա https://www.hayastanfoundationcanada.com
Տուէք աներկիւղ, տուէք առատաձեռն, Ձեր սրտին չափերով:
ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պոստոն, Հոկտեմբեր 6, 2020