Մեղադրելին բովանդակութեան կը վերաբերի, ուր կարեւոր միտքեր ու բանաձեւումներ կա՛մ չըսաւ, կա՛մ չկրցաւ ըսել եւ կամ չէր գիտեր որ ըսէր։
Առաջինը կը վերաբերէր այն հարցումին, թէ ռուս-ուքրայնական հակամարտութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ կովկասեան տարածաշրջանի կացութեան վրա։ Ն. Փաշինեանը, փոխանակ շեշտադրելու ամենակարեւորը՝ Մինսքի խումբի եռանախագահութեան կազմալուծման փաստը, խօսեցաւ աշխարհի ուշադրութեան շեղումի մասին։ Աւելի քան 20 տարի այդ եռանախագահութիւնը Մ. Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Ռուսիա, ՄԱԿ-ի mandate-ով կը զբաղէր Արցախեան հարցով, եւ ռուս-ուքրայնական պատերազմի հետեւանքով անգործութեան մատնուեցաւ ի հաճոյս Ատրպէյճանի, ինչպէս օրերս այդ մասին շատ աւելի հանգամանալից խօսեցաւ «հակապետական» կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը։
Երկրորդ լրջագոյն վրիպումը այն եղաւ, որ Նիքոլը անընդհատ օգտագործեց «Լեռնային Ղարաբաղի հայերը» արտայայտութիւնը (Nagorno Karabakh Armenians), փոխանակ շեշտելու «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը» (The people of N.K.) բառակապակցութիւնը, որ կ’ընդգծէ Արցախի հայապատկան ըլլալու փաստը։ Պրն Աշոտեան իր խօսքին մէջ անդրադարձ կատարեց նաեւ այս մասին։
Պատասխանելով Ալիեւի bluff-ին, որ Ղարաբաղի մէջ հայերը իբր աւերեր են 67-էն 65 մզկիթներ, Նիքոլը փորձեց Սովետ Միութեան վրայ նետել այդ մեղքը, որովհետեւ չի գիտեր, ինչպէս օրերս Արտակ Բեգլարեանը դիտել տուաւ, որ խորհրդային տարիներուն Արցախի մէջ ընդամէնը 17 մզկիթ եղած է, որոնցմէ 2-ը իրանցի մասնագէտներու օգնութեամբ փառաւորապէս վերանորոգած ենք, իսկ մնացեալ 15-ը՝ պահպանած ենք, որքան որ կրցած ենք, ինչպէս կը յայտնէ Արցախի նախագահին խորհրդականը։
Աւելին. Ալիեւի bluff-ը լաւագոյն առիթն էր ի ցոյց դնելու միջազգային ամենահեղինակաւոր կազմակերպութիւններու պաշտօնական զեկուցագրերը, ընդորս՝ Ալիեւի կնոջ կողմէ կաշառուած UNESCO-ինը, Արցախի ու Նախիջեւանի ամբողջ տարածքին քանդուած եւ սրբապղծուած հայկական վանքերու, եկեղեցիներու, պատմական յուշարձաններու, գերեզմաններու ցուցակը եւ փակելու հակառակորդի բերանը։
Եւս առաւել՝ Փաշինեանը բոլորովին խեղճացաւ կամ ձեւացուց խեղճութիւն, երբ Իլհամ Ալիեւը, ակնյայտօրէն «սեւացնելու» համար Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանին կերպարը եւ անոր միջոցով՝ Արցախ պետութեան կերպարը։ Այս պարագային ալ ոխակալութիւնը խանգարեց պետական մտածողութեան, եւ Նիքոլը փոխանակ Ալիեւին պատասխանելու, որ Ռ. Վարդանեանին corruption-ի մէջ մեղադրելէ առաջ պէտք է նայի նոյն ասպարէզին մէջ միջազգային financial շրջանակներու մօտ ունեցած իր վարկանիշին, որ հաստատուած է բազմաթիւ կազմակերպութիւններու կողմէ, թէ՛ որպէս off-shore-ային, թէ՛ որպէս money laundering-ի մէջ ունեցած հեղինակութեան, թէ՛ IMF-ի կողմէ իր ղեկավարած երկրի՝ որպէս corrumpted գրաւած բա՜րձր դիրքի պարագային։
Թերեւս ըսուի, թէ նման հարցերը այդպիսի forum-ներու ժամանակ պատեհ չէ արծարծել, սակայն իմ կարծիքով՝ ճիշդ յարմար պահն է, երբ հակառակորդդ ինք նախայարձակ կ’ըլլայ ու կը փորձէ խեղճացնել քեզ ու, աւելի կարեւոր, ներկայացուցած երկիրդ։
Իսկ ամենակարեւոր վրիպումը Նիքոլի այն պահն էր, երբ խօսելով արցախահայութեան 70-օրեայ շրջափակումի մասին՝ չբացատրեց, որ Ալիեւն ու իր երկիրը այդ շրջափակումով Արցախեան հարցը վերադարձուցին իր ծագումնաբանական կարգավիճակին. Արցախի հարց աշխարհը թերեւս չէր ունենար, եթէ նախասովետական, սովետական ու յետսովետական Ատրպէյճանը ethnic cleansing-ի քաղաքականութիւն չդրսեւորէր տեղի բնիկ հայութեան նկամամբ, օրինակ բերելով նոյն բանավէճին մասնակից Վրաստանի վարչապետ Ղարիբաշվիլիին, որուն երկիրն ու ժողովուրդը, հակառակ վրացական գոռոզամտութեան պարբերական դրսեւորումներուն, հակահայ պետական քաղաքականութիւն չեն վարած, եւ մեր երկու ժողովուրդները իրարու հետ ապրած են ու կ’ապրին հաշտ ու խաղաղ, 3-4 հազար տարի շարունակ։
Հայը այլասէր է, նոյնիսկ ծայրայեղ այլասէր, եթէ իր ազգութիւնը, հողը, կրօնը, երկիրը չեն ասպատակեր, եթէ չեն սպառնար իր գոյութեան։ Եւ այս ճշմարտութիւնը գիտեն բոլորը, բոլոր այն երկիրները, ուր գտնուած ու կը գտնուի Հայը։ Առանց ըմբերանիչ պատասխան ստանալու, Ալիեւը յաջողեցաւ հարցէն անտեղեակ օտարներու առջեւ հայն ու Հայաստանը ներկայացնել որպէս նախայարձակ։
Հայաստանը ներկայացնող իւրաքանչիւր անձ, նախագահ ըլլայ, վարչապետ, դեսպան թէ շարքային քաղաքացի, պէտք է գիտնայ արժանապատիւ դիրքերէ խօսիլ բոլորին հետ, բարեկամ թէ թշնամի։ Բայց նախ պէտք է գիտնայ ճշմարիտ փաստերը, որպէսզի կարողանայ պաշտպանել իր երկրին ու ժողովուրդին շահերը։
Հ.Ա.
Նախ պէտք է նշել, որ Նիքոլ Փաշինեանի անգլերէնը, համեմատած երեք տարի առաջ Միւնիխեան նոյն բանավիճային ֆորումին, երբ 80-ը եւ 18-ը (eighty եւ eighteen) կը շփոթէր իրարու հետ, քիչ մը կատարելագործեր է, հարստացեր է բառապաշարը, սորվեր է քաղաքական որոշ դարձուածքներ, թէեւ հնչիւններն ու շեշտերը մնացեր են նոյնը՝ անճոռնի։ Յամենայնդէպս այդ բանին համար պէտք չէ մեղադրել զինք. այսօր ամէն տեսակի անգլերէն կարելի է լսել աշխարհի մէջ։