(CSI) զօրակցական հանդիպում մը ունեցած է Գարեգին Բ Վեհափառին հետ
Քրիստոնէական Համերաշխութեան Միջազգային կազմակերպութեան նախագահ՝ Դոկտ. Ճոն Էյպնըր գլխաւորելով հեղինակաւոր պատուիրակութիւնը, վերջին երկու օրերուն Հայաստան այցելած է, որուն ընթացքին այցելելով Մայր Աթոռ՝ զօրակցական հանդիպում մը ունեցած են Նորին Սրբութիւն ՏՏ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ:
Ըստ Դոկտ. Էյպնըրին վկայութեան, իրենք Վեհափառը գտած են «ամուր, հաստատուն կանգնած, պաշտպանելու ազգը, իր հօտը եւ կատարելու իր առաքելութիւնը»:
Պատուիրակութեան անդամները Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցած են Հայաստան իրենց այցելութեան նպատակները եւ Վեհափառին օրհնութիւնը ստացած:
Լուսանկարում՝ Ձախէն՝ Գերյարգելի Հայր Փիթըր Ֆուքս, Գերշ. Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Վեհափառ Հայրապետը, Դոկտ. Ճոն Էյպնըր (CSI-ի նախագահ), Էրիխ Վոնտոպել (Զուիցերիոյ ԱԽ անդամ) եւ Ժոէլ Վելտկամփ (CSI-ի փաստաբանական բաժանմունքի տնօրէն)





