2011-էն ի վեր, ամբողջ 12 տարի, Արաբական Լիկան Սուրիոյ անդամակցութիւնը սառեցուած էր, ու այսքան տարի դուրս մնալէ ետք, մայիս 7-ին, Լիկայի անդամ Արաբական պետութեանց արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի որոշումով Սուրիան կը վերադառնայ գրաւելու թափուր մնացած իր աթոռը Լիկային մէջ:
Ամբողջ 12 տարի Սուրիան ենթարկուեցաւ բազմազգեան պատերազմի, որուն հետեւանքով երկիրը քար ու քանդ եղաւ, հարիւրհազարաւոր մարդկային զոհեր, միլիոնաւոր բնակիչներու արտագաղթ, բազմատեսակ պատժամիջոցներ, ահաւոր տնտեսական տագնապ, ելեկտրական հոսանքի, ջուրի, վառելանիւթի աննախընթաց պակաս, գործազրկութիւն, տարրական սննդամթերքի ահաւոր թանկացում, ԱՄՆ տոլարը 52 լիրայէն հասաւ 8400-ի, այսինքն նախկինին աւելի քան 160 անգամը: Եւ այս բոլորը դեռ կը շարունակուին, միայն թէ զինեալ յարձակումները դադրած են ժամանակէ մը ի վեր:
Երկիր ներխուժեցին, գրաւեցին ու մասնատեցին զանազան ոյժեր, Թուրքիան գրաւեց հիւսիսը եւ կը շարունակէ հովանաւորել ընդդիմադիր կոչուածները. Քրտական ոյժերը գրաւեցին երկրին հիւսիս-արեւելեան անկիւնը, որ հարուստ է նավթահորերով: Անոնք սկսան գողնալ նավթը եւ ԱՄՆ-ի մեղսակցութեամբ վաճառքի հանել երկրէն դուրս, երբ վառելանիւթի պակասէն սուրիացիները կը սառէին ձմրան եղանակին: Հարաւ-արեւելեան կողմը, Իրաքին սահմանամերձ, տակաւին կան ծայրայեղականներու կուտակումներ, իսկ այս բոլորին դէմ, Սուրիոյ կողքին, առկայ են իրանեան եւ ռուսական ոյժեր, որոնք Սուրիոյ հրաւէրով եկած են օգնութեան եւ, փաստօրէն, երկիրը անոնց կը պարտի օրինական իշխանութեան շարունակական գոյատեւումը:
Հայկական ծաղկուն գաղութը նօսրացաւ, յատկապէս Հալէպը, ուր այժմ նախապատերազմեան շրջանի բնակչութեան հազիւ մէկ քառորդը մնացած է:
Այս բոլորէն ետք, ոեւէ սրտցաւ անհատ վայրկեան մը կանգ կ՛առնէ ու հարց կու տայ՝ այս բոլորը ի՞նչ պատճառով եւ վասն ինչի՞… Յստակ պատասխան մը կրնա՞յ տալ ոեւէ անհատ: «Յանուն տեմոքրասիի, պիտի ըսեն ոմանք, Սուրիոյ մէջ խօսքի ազատութիւն չկայ…»: Բոլոր արաբական պետութիւններուն մէջ կայ, բացի Սուրիայէ՞ն… Ասոր կ՛ըսեն՝ խաշած հաւն իսկ կրնայ ծիծաղիլ: Արաբական երկիրներու մէջ տեմոքրասի՞: Միակ երկիրը Լիբանանն էր, որուն տեմոքրասիին «բարիքները» կը տեսնենք այսօր, հապա՞, յանուն Ասատ ընտանիքի մնայուն իշխանութեան դէմ…
Բայց ինչո՞ւ համար, աշխարհի մէջ ո՞ր իշխող անհատները կամ ընտանիքները հրեշտակներ եղած են: Երկիրը բարւօք վիճակի մէջ էր, ուր առատութիւնն ու աժանութիւնը, անգործութեան գրեթէ չգոյութիւնն ու կեանքի ապահովութիւնը արաբական բոլոր երկիրներէն աւելի էին, պակաս չէին: Իրանի զինակցութի՞ւնը, Ռուսիոյ զօրակցութի՞ւնը: Շատ բարի, թող արաբական երկիրները կռնակ չդարձնէին Սուրիոյ, Սուրիան ալ յարձակումներուն դէմ պաշտպանուելու համար չէր դիմեր Իրանին ու Ռուսիոյ: Բոլոր անոնք, որոնք պատերազմի առաջին օրէն կանխագուշակեցին նախագահին մօտալուտ անկումը, իրե՛նք հեռացան պատմութեան բեմէն, իսկ նախագահը մնաց:
Այս մակերեսային պատրուակները շրջանցելով՝ յստակ էր, որ հիմնական նպատակը Սուրիոյ անհաշտ մնալն էր Իսրայէլի հետ, երկրին հարաւային Կոլանի բարձունքները գրաւուած մնալուն պատճառով, եւ բնականաբար, շատ մը արաբական պետութիւններու նման ԱՄՆ-ի սայլակին չկապուելուն: Սուրիան պէտք էր ծունկի գար տարատեսակ ճնշումներուն պատճառով եւ սակայն ծունկի չեկաւ, դիմացաւ, տոկաց ու ինքզինք պարտադրեց: Նայինք այս վերադարձէն ետք արաբական երկիրները ինչպէ՞ս պիտի վարուին Սուրիոյ հետ: Այս վերադարձը որո՞ւ ծրագրի գործադրութիւնն է, ասոր ետին դարձեալ խաղ մը կա՞յ Սուրիոյ գլխուն:
Անցեալները գրած էի, որ Լիկայի ժողովներուն Սուրիոյ ներկայացուցիչին աչքերուն ի՞նչ երեսով պիտի նային զայն դժոխքի բովէն անցուցած արաբ քոյր պետութիւններու ներկայացուցիչները: Քաղաքականութեան մէջ մտնողները մէկ երեսով կը մտնեն ու բազմերես կը դառնան, այնպէս որ շատ բնական է, որ գրկաբաց ընդունին եւ փորձեն սիրաշահիլ յանուն տարածաշրջանի երկիրներու խաղաղ գոյակցութեան:
Իսկ այս բոլորէն ետք, մեղաւորները պիտի մասնակցի՞ն Սուրիոյ վերաշինութեան ու բարենորոգման:
Կ՛ապրինք, կը տեսնենք:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ