Անցեալները գրեցի համավարակի առթիւ եղած սահմանափակումներու վնասներուն մասին, սակայն այնպէս փաստուեցաւ, որ ան դրական կողմեր ալ ունի: Գիտէ՞ք ինչ լաւ պատրուակներու ու պատճառաբանութիւններու դուռ բացաւ. «Լաւ մահանա», պիտի ըսէր Գէորգ Էմին: Իրարմէ հեռու մնալու, իրարու չայցելելու, չփաթթուելու, չհամբուրուելու… Շատերու համար սահմանափակումները անախորժ բաներ էին, ուրիշներու համար երկնային պարգեւ, իրենց չսիրած մարդոցմէ հեռու մնալու, քողարկուած իրենց դէմքերուն գաղտնի մնալու հաճոյքը վայելելու, իսկ տգեղներուն համար՝ իսկական փրկութիւն:
Ասոնք՝ մեր սովորական կենցաղին մէջ, իսկ քաղաքականութեան ու քաղաքական մարդոց մօտ, շատ մը նեղ կացութիւններէ խուսափելու լաւ պատրուակ է վարակն ու իր ներկայացուցիչ դիմակը, փոխադարձ այցելութիւնները յետաձգելու, հանդիպումներուն չգրկախառնուելու, բռունցքով կամ արմուկով զիրար ողջունելու, քիթ-բերան գոց խօսելու ու դիմային արտայայտութիւնները սքողելու:
Երկու տարիէ ի վեր կը հետեւինք տեղական ու միջազգային քաղաքական լուրերուն եւ կը տեսնենք, թէ ինչեր կը պատահին պալատներու մէջ, ինչ դերասանական շարժուձեւեր, ինչ բերանը փակ արտայայտութիւններ, ինչ խմբային լուսանկարներ աշխարհի ճակատագրին հետ խաղցող դնչակալուած ղեկավարներու : Վստահ եմ վերահասու եղաք, թէ ինչպէս Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընը սահմանափակումներու օրերուն վարչապետարանի մէջ հաւաքոյթ կազմակերպեր է, անշուշտ անդիմակ: Լորտերու պալատն ու ընդդիմադիր կուսակցութիւնները պատէ-պատ զարկին զինք:
Պալատական այսօրինակ պատկերներուն մէջ ամենահետաքրքրականը՝ վերջերս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Պութինի երկխօսութեան տեսարանն էր առանց դիմակներու, ձուաձեւ երկաա՜ար սեղանի մը երկու ծայրերը: Առողջապահութիւնը եթէ ըսած է, որ իրարմէ երկու մեթր հեռաւորութեան վրայ ըլլալու են խօսակիցները, Ռուսիոյ բազմամեայ ղեկավարը ամենայն առատաձեռնութեամբ երկուն՝ տասնըերկու մեթրի վերածած էր:
Նկարը իսկապէս ծիծաղ կը յառաջացնէ, եւ այս առիթէն օգտուող տաղանդաւոր արուեստագէտ մը համակարգիչի օգնութեամբ յիշեալ սեղանը վերածած էր մէյ մը գեղասահքի սառցադաշտի, որուն վրայ գեղասահող երիտասարդ մը եւ երիտասարդուհի մը զետեղած էր պարային կեցուածքով: Ուրիշ նկարի մը մէջ՝ hokey-ի խաղ մը նկարած էր, դարձեալ սեղանը որպէս սառցադաշտ: Յաջորդին մէջ՝ փինկ-փոնկի սեղանի մը վերածած էր ու երկու նախագահներուն ձեռքին ռաքէթներ դրած էր: Տեղ մը սեղանը վերածուած էր ճօճանականման ելլողող-իջնող մանկական խաղալիքի: Իսկ որ ամենահետաքրքրականն էր՝ Յիսուսի վերջին ընթրիքի պատկերն էր՝ Յիսուս իր 12 աշակերտներով, մասնակցութեամբ երկու նախագահներուն::
Անշուշտ արուեստագէտը պատահական անմիտ նկարներ չէր յօրինած, միայն ծիծաղ յառաջացնելու համար, այլ բոլորն ալ խորհրդանշական, խորհրդապատկերներ էին, իմ կարծիքովս, որոնց կարելի է դիւրաւ մեկնաբանութիւններ տալ: Օրինակ՝ սեղանը այնքան երկար էր, եւ իրենք իրարմէ այնքան հեռու, որ ի սկզբանէ Ռուսիոյ նախագահը հասկցնել ուզած է, որ իրենց տեսակէտները դժուար թէ իրարու մօտ գան: Գեղասահքի պատկերը, պարողներուն ոլորապտոյտ սահքերով կրնայ խորհրդանշել Ռուսիա-Ուքրաինա հարցին մանուածապատ ըլլալը, ուր տղամարդը՝ այս պարագային Ռուսիան, կրնայ ուզածին պէս խաղալ Ուքրաինա- աղջկան հետ, զայն տանելով, բերելով, նետելով-բռնելով… Նոյն մեկնաբանութիւնները կարելի է տալ միւս տեսարաններուն ալ: Գալով «Վերջին Ընթրիքին», ապա՝ անոր բացատրութիւնը բաւական բարդ է, քանի որ Յիսուսի պարագային ալ կացութիւնը բաւական բարդ եղած է՝ մատնիչի մը սեղանակցութեան եւ,- ըստ Տաւինչիի,- Մարիամ Մագթաղենացիին ներկայութեան պատճառով:
Պետական այրեր յաճախ այսպիսի հնարքներ կը գործածեն, իրենց նիստուկացին, հագուածքին, խօսելաձեւին յատուկ երանգներ տալով, որոնց լուսաբանումն ու մեկնաբանութիւնը հաճելի աշխատանք մըն է գաղտնի սպասարկութեանց համար: Այս խորհրդանշանները մտածուած են, պատահական բաներ չեն, ինչպէս ԱՄՆ-ի երբեմնի արտաքին գործոց նախարար Մատլէն Օլպրայթի կրծքազարդերը, որոնց մեկնաբանութիւններէն կը հետեւցնէին մասնագէտները, որ այսինչ հանդիպումին, այնինչ անձնաւորութեան հետ ինչպէ՞ս պիտի վարուի, կրծքազարդէն կը հասկնային, թէ մե՞ղմ պիտի վարուի, սիրալի՞ր, թէ՞ յարձակողական, ինքզինք պարտադրող: Բայց հիմա, երբ անթափանց դիմակ կայ, հարցը բարդացաւ: Միով բանիւ, դիմակը կողմնակի օգուտներ ալ ունի: