Հայաստանը իր քաղաքական տարողութեամբ չի կրնար հակակշռել շրջանային զարգացումները, ընդհակառակն՝ ան ենթակայ է անոնց տարուբերումներուն: Արցախի ճակատագրի տնօրինումը կորսնցնելէ վերջ Հայաստանի իշխանութիւնները մտահոգուած են նոյնինքն հայրենիքի իսկ կորուստին վախով:
Հակառակ որ Սերկէյ Լաւրով պաշտօնապէս յայտարարած էր, որ Զանգեզուրի առանցքը պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի ինքնիշխան տնօրինումին ներքեւ, սակայն Իլհամ Ալիեւ այլ տեսակէտներ ունի. վերջերս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարեց, թէ որքան շուտ Հայաստանը բանայ Զանգեզուրի միջանցքը, այնքան լաւ՝ խաղաղութեան պայմանագիր մը իրականացնելու ճամբուն վրայ: Իսկ նախագահ Իլհամ Ալիեւը Կասպից աւազանի 6րդ համագումարին ընթացքին, երկարօրէն խօսելով Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութեանց մասին, եզրակացուցած է ըսելով, որ արդէն իրականութիւն դարձած է Զանգեզուրի միջանցքը, մինչդեռ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը` Արարատ Միրզոյեան եւ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարը` Արմէն Գրիգորեան կը պնդեն, թէ բանակցութեանց ընթացքին «Միջանցքի խնդիր չկայ օրակարգում»: Այս կրկնուող հաստատումները չեն կրնար գոհունակութիւն եւ ապահովութիւն ներշնչել Հայաստանի քաղաքացիներուն, որովհետեւ նախընթաց հաւաստումները ի դերեւ ելած էին: Յիշելով 44օրեայ պատերազմի ընթացքին 43 օր ամբողջ կրկնուող հաւաստումները, թէ` «յաղթելու ենք» վերջացան պարտութեան հաղորդագրութեամբ: Հետեւաբար, մտահոգութիւնը կը շարունակուի` սակայն, սպասելով որ ի՞նչ ճակատագիր սահմանուած է Հայաստանին:
Նախագահ Ալիեւը վերջերս ելոյթ ունենալով գրաւեալ տարածքներէն` սպառնաց Հայաստանին ըսելով, որ «Մեր երկաթեայ մուրճը միշտ պատրաստ է», իսկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր վերջին հարցազրոյցին ընթացքին, որ ինքնին մենախօսութիւն մըն էր, հաստատեց, որ նախագահ Ալիեւ իր հռետորաբանութեամբ գետին կը պատրաստէ նոր պատերազմի:
Այս ճակատումին մէջ դժբախտաբար առանձին է Հայաստանը: Արեւմուտքը ծափ կու տայ ամէն անգամ, որ հակառուսական ելոյթներ իմացուին Հայաստանէն, սակայն ճակատագրական պահուն կը մնայ ձեռնածալ, ինչպէս պատահեցաւ Վրաստանի պարագային, երբ Ռուսաստան պատերազմով գրաւեց Հարաւային Օսեթիան եւ Ապխազիան, եւ ինչպէս պատահեցաւ նաեւ Հայաստանի դէմ սանձազերծուած վերջին պատերազմին ընթացքին:
Դժբախտաբար մեծ է քաղաքական մեկնաբաններու թիւը` Արեւմուտքէն գալիք օգնութեան յոյսով: Սակայն, քաղաքական շահերու համեմատութիւնը կ՛անդրադառնայ, որ շատ ալ արդարացուած չեն այդ յոյսերն ու ակնկալութիւնները:
Հակառակ արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեանի նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան Ուաշինկթընի մէջ, եւ հակառակ դեսպան Լիլիթ Մակունցի հանդիպման նախագահ Ճօ Պայտընին, ամերիկեան քաղաքականութիւնը կը շարունակէ զարգանալ դէպի Ատրպէյճան եւ Թուրքիա: Արդարեւ, նախագահ Պայտըն իր նախորդներուն նման զանց առաւ 907 յօդուածը Freedom Support Actին՝ թոյլատրելով ամերիկեան զէնքերու հոսքի շարունակումը դէպի Ատրպէյճան: Նոյնպէս՝ ան վերացուց արգելքը F-16 ռազմական օդանաւերու ծրագրին վրայ, որպէսզի արդէն հզօր Թուրքիան աւելի հզօրանայ եւ չարիք սփռէ շրջանի երկիրներուն վրայ: Այս արտօնութիւնը տրուեցաւ, հակառակ անոր, որ Անքարան չզիջեցաւ հրաժարելու S-400 ռուսական հրթիռներէն: Այս արտօնութիւնը տրուեցաւ իբրեւ վարձատրութիւն Թուրքիոյ, որ վերցուց արգելքը` Շուէտի եւ Ֆինլանտայի, միանալու ՆԱԹՕ-ին: Մատրիտի վերջին ժողովին Պայտըն շնորհակալութիւն յայտնեց Էրտողանին այս արարքին համար: Թուրքիոյ տրուած այս արտօնութիւնը Ուաշինկթընի մէջ կը մեկնաբանուի իբրեւ «հզօրացում ՆԱԹՕ-ի, հետեւաբար նաեւ` հզօրացում Ամերիկայի»:
Ատրպէյճանը յատկապէս կը վարձատրուի անոր համար, որ յօժարած է փոխարինել Ռուսաստանի կազի մատակարարումը Եւրոպայի:
Հետեւաբար, բախտատմամբ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի, Արեւմուտքի քաղաքական կշիռքին վրայ նշանակութիւն չունի Հայաստանը:
Իսկ մեր ռազմական դաշնակիցը` Ռուսաստանը, գտնուելով ճակատագրական մարտահրաւէրներու դիմաց` միայն հետաքրքրուած է իր սեփակա՛ն շահերով:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը լաւատեսութիւն ներշնչած էր պահ մը Զանգեզուրի առանցքին կապակցութեամբ, սակայն տխուր դարձ մը կատարեցան թաղելու համար Արցախի խնդիրը: Ան իր վերջին այցելութեան Պաքու յայտարարեց, թէ Մինսքի խումբը մեռած է, եւ անոր լուծելիք խնդիրները մնացած են անցեալի մէջ: Այսինքն, ճիշդ կրկնելով այն խօսքերը զորս արտասանած էր նախագահ Ալիեւը: Եւ այդ անգործութեան համար մեղադրեց միւս համանախագահող երկիրները` Ֆրանսան եւ Ամերիկան: Մինչդեռ այս վերջինները հրաւիրեցին ռուս համանախագահը յատկապէս լուծելու համար Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը: Սակայն ան մերժեց մասնակցիլ: Մինչդեռ անցեալ Ապրիլին Փաշինեան-Փութին համաձայնագրի 24րդ յօդուածով ընդգրկուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը պէտք է լուծուի Մինսքի խումբի ձեւաչափով: Դիւանագէտներուն համար սուտ խօսիլը ոչ միայն անսովոր չէ, այլեւ` արհեստ է:
Նախագահ Փութին, Պելառուսի նախագահ Լուքաշենքոյի բերնով կը յայտարարէ. «Նախկին Սովետական Միութեան մաս կազմող երկիրները, իրենց ինքնիշխանութիւնը պահելու համար, պէտք է մաս կազմեն միութենական պետութեան»:
Տրամաբանական հակասութիւն. այսինքն այդ պետութիւնները պիտի միանա՞ն Ռուսաստանին, հրաժարուելով իրենց ինքնիշխանութենէն` այդ միութեան մէջ գտնելով այդ ինքնիշխանութիւնը:
Արեւմուտքի եւ Արեւելքի քաղաքական զարգացումները հաւասարապէս կը հակին դէպի Թուրքիա եւ Ատրպէյճան: Ուրեմն Հայաստանը պիտի կատարէ իր ընտրութիւնը` կա՛մ միանալով Ռուսաստանին որպէսզի խուսափի Ատրպէյճանի հետ պատերազմելէ, եւ կամ յոյսը պիտի դնէ Արեւմուտքին վրայ, որուն խոստումները ցարդ չեն անցած «շրթունքի ծառայութեան» (Lip Service) սահմանը:
Խմբագրական «Պայքար» շաբաթաթերթի
03.07.22