Լիբանանէն Ողջոյն Սրբազան Պայքարին
ՊԱՏԻՒ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Մեր Հայրենիքին ու ժողովուրդին ապրած այս դժնդակ օրերուն, մեզի համար բնաւ զարմանալի չէր հայրենիքի փրկութեան զոհասեղանին Գերշ. Տէր Բագրատ արքեպս. Գալըստանեանին նման հայրենաշունչ հոգեւորականի մը յայտնուիլը, առաջնորդելու համար մեզի համար սրտամօտիկ շարժում մը, որ ունի ՀԱՅ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ու ԱՍՏՈՒԱԾ խորիմաստ նշանաբանը:
Մեծ թիւով անմեղ զոհեր տալով պատերազմ ու Արցախ կորսնցուցած, Հայրենիքի մեր սուրբ հողէն կենսական մասնիկներ թշնամիին զիջուող մղձաւանջային օրեր ապրող ապիկար ու անհասկնալի ղեկավարութեամբ մը դէպի անդունդ սլացող մեր ժողովուրդը, այսօր՝ Սրբազան հօր առաջնորդութեամբ կ՛ապրի ազգային զարթօնքի ու հոգեւոր վերածնունդի օրեր: Հայ ազգի պատասխանատու եւ արժանապատիւ զաւակները, մերժելով իրենց պարտադրուած անպատուաբեր իրավիճակը, անվերապահօրէն միացած են համահայկական այս շարժումին:
Սրբազան հայրը իր հայրենասիրական հարուստ կենսափորձով ու Հայ ժողովուրդի զաւակներուն մօտ վայելած վարկով ու համաժողովրդային վստահութիւն ունեցող այն անձնաւորութիւնն է, որ արժանաբար վերցուցած է պատասխանատուութիւնը համախմբելու մեր ազգը Հայրենիքի մէջ եւ ի Սփիւռս աշխարհի՝ Հայրենիքը ամէն բանէ վեր սեպելու սկզբունքին շուրջ:
Մենք աւելի քան ուրախ եւ հպարտ ենք, որ Սրբազան հօր միջոցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, անգամ մը եւս բոլորս համախմբող մօր մը համբերութեամբ ու Հայրենի հողը պահելու սուրբ առաքելութեան պատմական իր դերով, ձեռնամուխ է Հայոց պետականութեան փրկութեան, որուն համար արժանի է մեր յարգանքին ու մեծարանքին:
Արդ, Լիբանանեան մեր ծննդավայրէն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամներուն անունով կ՛ողջունենք Գերշն. Բագրատ Սրբազանը եւ յանուն Հայրենիքի իր առաջնորդութեամբ մղուած ազնիւ պայքարը:
Ի հեճուկս Լիբանանի մեր կուսակցութեան միաւորին վրայ ապօրինաբար ինքզինք ատենապետ կարգած մարդուկին՝ նիկոլամէտ հակումներուն եւ Սփիւռքի մեր շարքերուն պառակտման միտումներուն, կը զօրակցինք Հայաստանի Հանրապետութեան արժանապատիւ վարչապետը դառնալու Սրբազան հօր անձնամատոյց եւ անձնուրաց թեկնածութեան եւ մեր ջերմագոյն ողջոյնները կը յղենք սրբազան պայքարին:
Թող, որ Աստուած օրհնէ «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» համահայկական շարժումին իւրաքանչիւր քայլը, որպէսզի շուտով բացուի մեր ժողովուրդին նոր արշալոյսը, ի փառս եւ ի յաւերժութիւն մեր Հայրենիքին ու Պետականութեան:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
30 Մայիս 2024