Սունդուկեան թատրոնի շէնքին դիմացի տարածքը «Անգլիական այգի» կը կոչուի պաշտօնապէս, չեմ գիտեր ինչու, սակայն իմ կարծիքով «Սունդուկեան Այգի» կոչուելու է, այնքան ատեն, որ Անգլիան եւ անգլիականը յիշեցնող ոչինչ կայ, մինչ Սունդուկեանը յիշեցնող թէ՛ Ակադեմական թատրոնի հսկայ շէնքը կայ, թէ անուան տիրոջ՝ Գաբրիէլ Սունդուկեանի եւ անոր ամենանշանաոր գործի հերոսին՝ Պէպոյի արձանները կան:
Բնակարանիս մօտ ըլլալուն` ընդհանրապէս հոն կ՛անցընեմ իմ ամէնօրեայ հանգստեան եւ զբօսանքի պահերս: Փոքր այգի մըն է, սակայն տարիքով բաւական մեծ ըլլալու է, քանի այդ կը վկայեն անոր հաստաբուն ծառերը: Իմացայ որ, տարբեր միւս այգիներէն, քաղաքապետարանին ենթակայ չէ, որուն պատճառով ալ երեւի, թողլքուած վիճակ մը ունի՝ ծառուղիները կիսաքանդ, նստարանները մաշած, կոտրած: Թէեւ անցեալ տարի որոշ սալապատումներ սկսան ընել, սակայն չշարունակեցին:
Այգիին մէջ կը գործէ սրճարան մը, պաղպաղակի կրպակ մը եւ վերջերս ալ տեղադրուած վրանածածկ «Աստղադիտարան՝ Planetarium» մը, իսկ անոր յարակից մանկական խաղավայրը մետաղեայ ջարդօններու գերեզմանատուն կը յիշեցնէ:
Ինչ որ է, այս երկար յառաջաբանը ըրի, որպէսզի ընթերցողը մտովին փոխադրեմ հոն: Իմ յիշածս այգիին մէջ գտնուող կառոյցներէն անջատ, կան երկու շատ հետաքրքրական յուշակոթողներ, իրարու հարեւանութեամբ, իրարմէ հազիւ 15 մեթր հեռաւորութեամբ, մէկը միւսին կռնակ դարձուցած: Ետեւինը սեւ գոյնի տուֆ քարով կառուցուած է, առջեւինը՝ բաց սրճագոյն: Սեւին վրայ արձանագրուած է՝ «Մայիսյան ապստամբության հերոսներ` պրոֆեսիոնալ հեղափոխականներ… » եւ տակը երեք անուն: Թուական չի կրեր, սակայն գիտենք որ «Մայիսեան յեղափոխութիւն» կոչուածը պատահած է 1920-ի Մայիս ամսուն, ուր Ա. հանրապետութեան դէմ պոլշեւիկներու արկածախնդրութիւնը ձախողած է զոհեր տալով: Միւսին վրայ՝ քանդակուած է՝ «1921 Փետրուար 18-ին Երեւանի բանտում բոլշեւիկների կողմից կացնահարուածների հիշատակին… », տակը` չորս անուն: Ե՞րբ կառուցուած են, յայտնի չէ, թուական չկայ: Շատ հազուադէպօրէն մէկուն կամ միւսին վրայ ծաղիկ տեսած եմ:
Անոնց դրացնութիւնը զուգադիպութիւն չէ, մտածուած է, իւրաքանչիւրը իր նահատակներուն յիշատակը կը յարգէ, առանց թաքցնելու սպաննութիւնը կատարած միւս կողմին հանդէպ իր թշնամանքն ու աններող կեցուածքը: Հարիւրամեայ այս հակադիր, իրարամերժ եւ արիւնալի դէպքերուն թատերաբեմը Հայաստանն է, Պատմական Հայաստանի կորուստէն մօտ 1000 տարի ետք եւ Կիլիկեան թագաւորութեան շիջումէն ալ մօտ 600 տարի ետք, մեր նորագոյն պատմութեան՝ Առաջին Հանրապետութեան օրերուն:
Ցաւալին այն է, որ այդ երկու պատմական դէպքերուն ընթացքին երկու կողմերն ալ զոհեր տուած են, երկու կողմերն ալ հայեր եղած են, թէ՛ սպաննողները, թէ՛ սպաննուածները: Իսկ հիմա իրարու դրացնութեամբ կանգնած են որպէս երկու յուշակոթող. սերունդներուն ի՞նչ պատգամելու համար, անոնց ի՞նչ դաս տալու համար, չեմ գիտեր:
Ես գլխիկոր կը դիտեմ երկու յուշարձաններն ալ ու յամրաքայլ կը հեռանամ: Թող ուսուցիչները մեր դպրոցականները բերեն, որ դիտեն, հասկնան ու դաս առնեն, որ իրար ոչնչացնելով միայն թշնամիին եաթաղանը աւելի սրած ըլլանք: Հայուն սուրը միայն իր թշնամիներո՛ւն դէմ ուղղուած պիտի ըլլայ:
Հայաստանն ու Սփիւռքը սգաւոր յուշարձաններով ծածկուած են, մենք մեր նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնելու համար յուշարձաններ կը կառուցենք, եւ բաւական գեղեցիկ ու գրաւիչ, վկայ՝ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, Տէր Զօրի յուշարձան-մատռւռը, Հայրենական պատերազմի բիւրաւոր զոհերուն յուշարձաննները, Եռաբլուրն ու խաչքարերով եւ աղբիւրներով յաւերժացած յիշատակարանները աշխարհի բոլոր հայագաղութներուն մէջ: Գիտենք մեր նահատակները յարգել, սակայն օտարներուն նման ե՞րբ այս յուշարձաններուն փոխարէն Յաղթանակի կամարներ պիտի կառուցենք: Սարդարապատի եւ Մայր Հայաստանի յաղթանակի յուշարձաններուն դիմաց` բազմահարիւր սգակիր յուշարձաններ:
Հռոմէացիներէն ու բիւզանդացիներէն սկսած աշխարհի բոլոր յաղթանակ տարած իշխանաւորները իրենց երկիրներուն մէջ յաղթանակի կամարներ կառուցած են. մենք՝միայն նահատակներու յուշարձաններ… Յաղթանակի ու յաւէրժութեան մեր կամարը ե՞րբ պիտի կառուցենք: