Յաճախ կը խօսուի Հալէպի «մայր գաղութ» ըլլալուն մասին, որպէս բռնագաղթուած մեր վերապրած խլեակներուն առաջին կայքն ու անոր դերը սփիւռքահայ կեանքին մէջ: Կը խօսուի նաեւ, որ հալէպահայութիւնը իր ծոցէն ելած մտաւորական փաղանգով մը սնած է աշխարհասփուռ հայագաղութները, անոնց տալով ազգային, կրթական, գրական, գեղարուեստական, մէկ խօսքով՝ վաւերական մտաւորականներ արտադրեց, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են իրենց գաղութներուն մէջ ու կը շարունակեն ունենալ: Մեծխօսիկութիւն թող չնկատուի, ոչ ալ սնապարծութիւն, իրականութիւն է, եւ ոչ մէկ գիտակից հայ կրնայ հակառակը փաստել: Ներկայ յօդուածով թուարկումը պիտի ընեմ Հալէպահայ մեր ազգային օճախներուն, որոնք դեռ կը գործեն, սուրիական տասնամեայ պատերազմին պատճառած աւերներէն ետք իսկ: Քանակական առումով անոնք շատ բան կորսնցուցին, սակայն որակը մնաց անվնաս, կարողացաւ պահել իր մակարդակը:
Նախ ըսեմ, որ Հալէպի մէջ մեր երեք յարանուանութիւններուն պատկանող 11 եկեղեցի ունինք, մեծ մասը ցարդ գործող: Ունինք նաեւ 8 վարժարան, որոնցմէ 5-ը երկրորդական, այսինքն միջնակարգ: Սակայն եկեղեցիներուն եւ դպրոցներուն չափ եւ երբեմն ալ աւելի անհրաժեշտ՝ կան մեր միութիւններն ու ակումբները: Ես անոնց պիտի անդրադառնամ:
Սփիւռքահայերուս համար ակումբները մէկական փոքրիկ Հայաստաններ էին, եւ ե՛ն տակաւին, ուր օտար երկրի մէջ ապրող հայեր, իրարու քով գալու, զանազան առիթներով ձեռնարկներ կազմակերպելու, եւ ձեւով մը հայկականութիւնը պահպանելու կը ծառայեն:
Սփիւռքի հարիւրամեայ պատմութեան մէջ այդ կառոյցները ինչքանով յաջողեցան իրենց առաքելութեան մէջ, դժուար չէ գնահատական մը ընել, քանի որ, ընդհանրապէս եկեղեցիին կռթնած, կամ դպրոցին հարեւանութեամբ գործող անոնք կրցան տարտղնուած հայերը իրարու մօտ բերել: Յաջողութիւնը կը տարբերի երկրէ երկիր, գաղութէ գաղութ, զանազան պատճառներով, սակայն անոնք ըրին, ինչ որ կրնային ընել, եւ աւելի՛ն:
Չեմ կարծեր որ ոեւէ մէկը սփիւռքահայ ակումբներուն մասին ուսումնասիրութիւն մը կատարած ըլլայ, հակառակ որ անոնք եկեղեցիին ու դպրոցին չափ կարեւոր եղած են, երբեմն ալ՝ աւելի՛, սակայն իմ փափաքս է խօսիլ մեր շրջանի, ի մասնաւորի Հալէպի հայկական ակումբներուն մասին:
Անվարան կրնամ ըսել, թէ Հալէպի հայկական ակումբներուն նմանը չկայ ամբողջ աշխարհի մէջ: Ես եղած եմ շատ մը հայագաղութներ, շփում հաստատած եմ տեղացի հայերու հետ, այցելած եմ տեղւոյն հայկական հաստատութիւնները, գնահատած ու քաջալերած եմ տարուած ճիգերը՝ գաղութին հայերը իրար մօտ բերելու, սակայն եւ այնպէս, մեծապէս յուսախաբ եղած եմ, երբ փորձած եմ բաղդատական մը ընել մեր եւ անոնց միջեւ:
Հալէպի հայութեան ցարդ հայկական դիմագիծը անաղարտ պահողները եղած են հայկական ակումբները, որոնք մինչեւ այսօր ալ, հակառակ Սուրիոյ աւելի քան տասնամեայ պատերազմին պատճառած աննկարագրելի վնասներուն եւ զրկանքներուն, տակաւին կենսունակ են, ոչ միայն ժամանցի համար անդամները իրար քով բերելով, այլ բազմաթիւ մշակութային, ազգային, կրօնական, գրկան-գեղարուեստական եւ այլ ձեռնարկներ կազմակերպելով:
Հալէպահայուն համար իր տունէն ետք անմիջապէս երկրորդ կարգի վրայ կու գայ ակումբը: Շատեր ամենայն անկեղծութեամբ կ՛ըսեն, թէ ակումբը իրենց երկրորդ տունն է: Անոնց կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը մարդ կը հասկնայ, երբ ուրիշ գաղութներ կ՛այցելէ ու կը զգայ հսկայ տարբերութիւնը: Եթէ նկատի չառնենք զանգուած մը, որ ակումբներէ հեռու է եւ կը նախընտրէ ընտանեկան ժամանցներն ու սրճարանները, ապա մնացեալ մեծ տոկոսը հալէպահայութեան ակումբներու մնայուն անդամներն են, կամ համակիրներ, կամ յաճախողներ:
Ակումբները, ընդհանրապէս կը պատկանին կուսակցութիւններու, բարեսիրական, հայրենակցական միութիւններու, կամ ալ կրօնական հաստատութիւններու: Ուրեմն հասկնալի է, որ անոնց հովանաւորները շահու կամ գործարարական նպատակներու հետամուտ եղողներ չեն: Յետեղեռնեան առաջին օրէն իսկ անհրաժեշտ եղած է ցրուած հայերը ի մի բերել եւ այնպէս մը ընել, որ շարունակեն մնալ հայ, օտար միջավայրի մէջ, պահպանելով աւանդական սովորութիւնները, լեզուն, հաւատքը, մշակոյթը, պատմութիւնը… մէկ խօսքով՝ հայկական ինքնութիւնը:
Սուրիական օրէնքով, ընդհանրապէս իշխող կուսակցութենէն տարբեր կուսակցութիւններուն, որոնց շարքին՝ նաեւ հայկականները, արտօնագիր չէր տրուեր, ատոր համար ալ համապատասխան նախարարութենէն պետական արտօնագիրը կ՛ըլլար կա՛մ մշակութային միութեան անունով, կա՛մ մարզական: Պարագան նոյնն էր գրեթէ բոլորին համար: Եկեղեցիներու հովանաւորութիւնը վայելող ազգային-մշակութային-բարեսիրական կամ այլ կազմակերպութիւններ պետական արտօնագրի կարիք չունին, ինչ որ կը վկայէ բարեխնամ պետութեան իւրայատուկ վերաբերմունքը:
Հալէպի մէջ կը գործեն 9 ակումբներ՝
1.- ՆՍՄՄ (Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն)
2.- Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն:
3.- ԹՄՄ (Թէքէեան Մշակութային Միութիւն)
4.-ՀԲԸՄ (Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն)
5.- ՀԵԸ (Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւն)
6.- ԳՎՄՄ (Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութիւն)
7.- ԿՄՄ (Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւն)
8.- Ուրֆայի Վերածնունդ Մշակութային Միութիւն
9.- ԱՄՄ (Ազգային Մշակութային Միութիւն)
Վերոյիշեալներուն մասին առանձին-առանձին խօսիլը հսկայ գործ է, թուելու համար իւրաքանչիւրին գործունէութեան դաշտը, ենթակայ զանազան յանձնախումբերը, միաւորները եւ այլն, սակայն ընդհանուր պատկեր մը տալու համար յիշենք միայն հալէպահայութեան եւ հայապահպանման ու գոյատեւման սատարող օճախները.
Հալէպահայ կազմակերպութիւնները ունին 5 սեփական թատերասրահներ, իւրաքանչիւրը 400-500-700 նստատեղիով: (Ուրիշ ոչ մէկ տեղական համայնք կամ կազմակերպութիւն նմանը ունի:)
Ունինք 4 երաժշտական բաւական որակաւոր դպրոց, նաեւ 2 որակաւոր նկարչական դպրոց:
Հալէպը ունի 5 թատերախումբեր, 5 պարախումբ, 4 երգչախումբ (երկուքը մանկական): 1 սենեկային նուագախումբ, 1 էստրադային նուագախումբ:
Երկու մարզական կազմակերպութիւններ, մարզադաշտով եւ լողաւազանով: Պասքէթպոլի, Ֆութպոլի, լողի, ճատրակի եւ այլ խումբերով:
Հայագիտական հիմնարկ, բժշկական կեդրոն-դարմանատուն, ատամնաբուժարան, արհեստագիտական դասընթաց, կարի գործարան, ակումբային գրադարաններ եւ մէկը՝ ընդհանուր:
Սկաուտական 4 փողերախումբ: Քեսապի մէջ սեփական 2 կազդուրման կայան եւ 4 սկաուտական բանակավայր:
Ակումբներն ունին իրենց ամառնային պարտէզ-ճաշարանները:
Ունինք 4 շքեղ փակ ճաշասրահներ:
Մէկ շաբաթաթերթ, մէկ ռատիօկայան եւ մէկ պարբերաթերթ:
Ունինք տարեցներու հանգստեան տուն-պատսպարան, եւ 3 գերեզմանատուն՝ երեք համայնքներու պատկանող:
(Անհրաժեշտօրէն յիշածներուս վրայ պիտի աւելցնեմ, թէեւ սեփական, անհատի պատկանող, սակայն հայապահպանման գծով լուրջ դեր կատարած հայկական տպարաններ եւ գրատուն-հրատարակչատուներ, որոնք երկար տարիներ հայութեան ծառայելէ ետք այժմ դադրած են):
Միայն թուեցի, առանց յիշելու, թէ ինչը՝ որ կազմակերպութեան կը պատկանի, քանի որ բոլորն ալ անխտիր կը ծառայեն ամբողջ հալէպահայութեան:
Այս օճախներուն մէջ միակ օգտագործուող լեզուն հայերէնն է, անոնց մէջ եւ անոնց միջոցաւ է որ կը պահպանուի մեր մշակոյթը: Անոնց մէջ է որ սերունդներու ազգասիրական ոգին կը թրծուի, վերջապէս անոնց միջոցաւ է, որ հայկական ընտանիքներու հիմքերը կը դրուին:
Ահա՛ մեր գաղութին հարստութիւնը: Թուեցի փորձելով յիշել բոլորը, սակայն, եթէ ինչ-որ նոռացում եղած է, թող ներուի, թող յիշեն եւ ես կ՛աւելցնեմ ցանկիս վրայ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ