Գիտեմ որ երկրի ներկայի այս մտահոգիչ կացութեան մէջ, ուր ամէն գրիչ շարժող քաղաքական իրադարձութիւններու ակէն ջուր կը խմէ, եւ այնքան առատ, որ թերթերը կը յորդին տեղեկատուական ու վերլուծական յօդուածներով, իսկ աղբիւրն ալ ոչ չորնալու, ոչ ալ նուազելու յոյս ունի,- ի մեծ բաւարարութիւն լրատուական ցանցերուն,- այս իրարանցումին մէջ լեզուի մասին խօսիլը քիչ մը պնդերեսութիւն կ՛ենթադրէ, նոյնիսկ շատեր պիտի դժգոհին ու դատապարտեն, սակայն ամէն մարդ իր երգը երգելու իրաւունք ունի, ինչպէս որ շուկայի մարդը շուկայական տնտեսութեան մասին կը խօսի, կամ արուեստագէտը՝ նկարչութեան, կամ թատերական ներկայացումներու, կամ երաժշտական համերգներու եւ այլն, այնպէս ալ ես դարձեալ ու քանիերորդ անգամ ըլլալով պիտի խօսիմ մեր լեզուին մասին:
Հայերէնը իր երկու ճիւղերով՝ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն, մթագնումի ընթացքի մէջ է: Սփիւռքը, յանձինս քանի մը անխոնջ նուիրեալներու, կը փորձէ քիչ մը աւելի երկարաձգել անոր հոգեվարքը, տակաւին մաքուր հայերէն խօսող եւ գրող մարդիկ ու հաւաքականութիւններ կան, որոնք սփիւռքահայերու չնչին մէկ տոկոսը կը կազմեն եւ կ՛ակնկալեն, որ փրկութիւնը Հայաստանը ստանձնէ, որպէս պետութիւն, որպէս բազմաթիւ պետական կառոյցներու տէր ու հեղինակութիւն, որոնց միջոցով եւ անոնց գործակցութեամբ աշխատանք տարուի արեւմտահայերէնը բաբախուն պահելու, սակայն…
Իսկ երկրի պետական լեզուն, որ հայերէնն է եւ ամրագրուած է սահմանադրութեան մէջ, լիարժէք կերպով չի պահպանուիր, լեզու մըն է, որ գետի նման անդադար հոսելով իր մէջի աղտոտութիւնները ափ նետելու եւ մաքրուելու փոխարէն, ճիշդ հակառակ վիճակի մէջ է, կը հոսի ու իր հոսքի ընթացքին շուրջը ինչ կեղտ կայ՝ կ՛ընդունի իր մէջ:
Շատ խօսուեցաւ օտար, ոչ անհրաժեշտ բառերով ծանրաբեռնուած արեւելահայերէնին մասին, զանց կ՛ընեմ տաղտկալի կրկնութիւնը, սակայն չեմ կրնար լռել, երբ Հայաստանի մէջ սահմանադրօրէն նուիրականացած լեզուի փոխարէն օտար լեզու կ՛օգտագործեն, ոչ միայն պատահական մարդիկ, այլեւ հաստատութիւններ: Տամ օրինակներ. գրպանի կամ ձեռքի հեռախօսի ընկերութիւններ իրենց հայ յաճախորդներուն լատինատառ նամակներ կը յղեն, չեմ հասկնար՝ ինչո՞ւ: Պատահեցաւ որ անգամ մը cancer բառը կարդամ, սարսափեցայ, երբ անգլերէնով կարդացի՝ «քանսէր-քաղցկեղ» էր թարգմանութիւնը… իսկ ընկերութիւնը պարզապէս ուզած էր «ցանցեր» գրել: Մարդ Աստուծոյ, ինչո՞ւ հայատառ չէք գրեր որ յստակ բան հասկնանք:
Անգամ մը Մայր աթոռէն Ծնունդի թէ Զատկուան առթիւ շնորհաւորանք ստացայ լատինատառ հայերէնով. Մայր Աթոռ եւ այսպիսի բա՞ն, թէեւ հիմա արդէն հայատառ կը գրեն:
Իսկ որ ամենահետաքրքրականն է ու յոյժ զարմանալին՝ Հայաստանի Գրողներու միութենէն ստացած գրութիւնս էր անցեալները, եւ հաւատաք կամ ոչ՝ լատինատառ… ՀԳՄ եւ ոչ հայերէ՞ն նամակ: Նկարը կը զետեղեմ, որպեսզի հաւատաք: Թող չըսեն, թէ քարտուղարուհին հայերէն տառեր չունի: Խնդրեմ, աւելի՛ վատ, քանի որ արաբերէն ասացուածքին նման՝ «Չքմեղանքը աւելի տգեղ է, քան յանցանքը»:
Երեւի այսպիսի թափթփուածութեամբ եւ անտարբերութեամբ կը վարուինք ամէն ինչի հետ, նոյնիսկ մեր անկախութեան եւ երկրի տարածքի ամբողջականութեան: Ամօ՛թ մեզի, ո՞ւր հասանք, կամ՝ ո՛ւր հասցուցին երկիրը:
Երկրի մը պաշտօնական լեզուն քմահաճոյքի առարկայ պէտք չէ դառնայ, ուզողը գործածէ, չուզողը չգործածէ: Պարտադի՛ր ամէն հաստատութիւն, ամէն անձ գործածելու է մաքուր եւ անարատ կերպով: Դեռ պետական հաստատութիւններ կան, ուր թղթաբանութիւնը ռուսերէնով կ՛ըլլայ, խորհրդային օրերէն մնացած զառամեալ պաշտօնեաներու կողմէ:
Երկրին դրօշակէն, օրհներգէն ու զինանշանէն աւելի՛ Լեզուն է կարեւորը:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ