Անցուդարձերուն հետ կապուած եւ օրուան իրավիճակը բնորոշող լուրերուն հետ, յաճախ թերխաշ վերլուծումներ կը կարդանք, որոնք գրուած կ՛ըլլան այնպիսի ոճով, որ կ՛ըսես՝ կայ-չկայ ա՛յս է իրականութիւնը, եթէ անշուշտ դիւրահաւատ մէկն ես. իսկ եթէ պրպտող միտք ունիս եւ գիտես իրականութիւնը, նոյնիսկ եթէ տեսակէտդ չյայտնես, նուազագոյնը՝ դիմացինիդ կը յորդորես, որ իր տեսակէտը սկսի «Ըստ իս, իմ կարծիքով, կը կարծեմ թէ» եւ նման մեղմացուցիչ արտայայտութիւններով, երբ հրապարակուած տեսակէտը շատ ջուր վերցնող խմոր մըն է:
Պարզաբանեմ: Երբ յաջողութիւններու կը հասնինք, մեր ազգին հասցէին այնպիսի գովասանական արտայայտութիւններ կ՛ըլլան, որ մարդ, վայրկեան մը կը տարուի հաւատալու, որ իսկապէս մենք իւրայատուկ ազգ ենք, խելացի, աշխատասէր, ստեղծագործ, շինարար, բարի, անբասիր նկարագրով, խաղաղասէր… Կրնաք շարունակել, ածականներու պակաս չկայ: Եթէ ծանօթ գրող մը, կամ մտաւորական մը գոված է մեզ եւ մեր բարեմասնութիւնները, անմիջապէս կ՛որդեգրենք ու ֆէյսպուք կ իջեցնենք՝ առանց մտածելու, որ աշխարհի մէջ չկա՞ն նոյնքան իւրայատուկ նկարագրով ժողովուրդներ, որ կը չափազանցենք մենք զմեզ գովելով:
Հակառակն ալ` երբ ձախողութիւններու մատնուինք, «Մեր ազգէն աւելի անպէտք ազգ չկայ» ըսելու չափ մենք զմեզ կը քննադատենք, կը նսեմացնենք, կը ստորնացնենք ու յաճախ ալ մեծ մարդոց քննադատական խոսքերը ընդօրինակելով ֆէյսպուք կ՛իջեցնենք ու կը սկսինք խաչակրութեան, որ մեր ազգէն աւելի անհամերաշխ, անմիաբան, մատնիչ, թշնամիին ծառայող… ալ ինչ կ՛ուզես դիր ասոնց կողքին:
Ժողովո՛ւրդ, մենք որեւէ ազգի պէս ազգ ենք, շատ տարբեր չենք, մեր մէջ ալ կան լաւ յատկութիւններ, կան նաեւ յոռի յատկութիւններ, ինչպէս որեւէ ժողովուրդի մէջ: Որոշ մարզերու մէջ հաւանաբար բացառիկ ենք, բայց գիտութեամբ կրնա՞նք չափուիլ ամերիկացի եւ եւրոպացի գիւտարարներուն հետ, նոյնիսկ եթէ ունեցանք նոպէլեան հայ մրցանակակիր մը, կամ MRI-ի գիւտարարը. իսկ ուրիշ ազգեր քանի՞ հատ ունեցան, մտածա՞ծ ենք. Պենճամին Ֆրանքլին, Կրահամ Պէլ, Մարի Քիւրի…: Գրականութեան մէջ եթէ ունեցած ենք Խորենացի ու Գրիգոր Նարեկացի, երաժշտութեան մէջ Արամ Խաչատուրեան մը եւ նկարչութեան մէջ Սարեան մը, միւս ազգերը գիտէ՞ք քանի հատ նոյնանման արուեստագէտներ տուած են: Մենք կրնա՞նք չնկատել յոյներու Հոմերոսը, գերմանացիներու Պէթհովէնը, կամ աւստրիացի Մոցարտը, ռուսերու Չայքովսկին, իտալացիներու Լէոնարտօ Տա Վինչին եւ Միքելանճելոն… Ի՞նչ շարունակեմ, աշխարհը լեցուն է մեծագործ մարդոցմով: Մենք, որպէս փոքր ազգ, անոնց կից մեծ մը ունենալով՝ անշուշտ կը հպարտանանք, բայց միայն այդքան, անդադար մերինները թմբկահարելով պէտք չէ զբաղինք:
Գիտնանք մեր չափը, շատ կարեւոր է ինքնաճանաչումը: «Հայուն չափը չափազանցութիւնն է» ըսուածը գովասանք չկարծենք, ըլլանք աւելի խոհեմ, աւելի գործնական եւ իրատես, ոչ ռոմանթիք ու երեւակայող:
Հիմա ըսողներ պիտի ըլլան, թէ ինչպէ՞ս կարելի է մեզ հաւասարեցնել թուրքերուն, կամ ազերիներուն հետ: Չեմ հաւասարացներ, սակայն անոնք ալ իրենց չափանիշերուն յենելու տարրեր ունին, երկուքն ալ ոչինչէն պետութիւն հիմնեցին, իսկ մենք՝ մեր ունեցածն ալ պահել չգիտցանք: Անոնցն ալ տարբեր բարեմասնութիւն մըն է, որ այս օրերուն աւելի կ՛արժեւորուի, քան մեր բազմերես բարոյական, հոգեմտաւոր արժէքները: Ճի՞շդ եմ, թէ՞ չէ: Կա՞յ համաշխարհային կշռաչափ մը, որ մեր ունեցած բարեմասնութիւնները աւելի բարձր դասէ, քան անոնցը:
Մէկ բան յստակ ըլլալու է. մեր նկարագրային դրական գիծերը հարստութիւններ են անկասկած, սակայն զանոնք պահել պէտք է ու պահելու համար ալ ոյժ պէտք է:
Մենք առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը ըլլալնիս դրօշակի վերածեցինք ու քրիստոնեայ աշխարհէն գնահատանք ու զօրակցութիւն ակնկալեցինք, ո՞վ կարեւորութիւն տուաւ: Մենք քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանուած ազգն ենք ըսինք, ո՞վ մեր դատը պաշտպանեց, ոչ ոք, նոյնիսկ եթէ քանիներ ճանչցան ցեղասպանութիւնը, քանի՞ «փարա» արժեց այդ ճանաչումը: Հիմա ծունկ ծեծելու ժամանակը չէ, ոչ ալ մեղքը ասոր-անոր վիզին փաթթելու ժամանակը: Արցախը քանիցս կորսնցուցած ենք ու վերատիրացած, դարձեալ կը տիրենք անոր, անկասկած: Նայինք որ Հայաստանը նոյն ճակատագրին չենթարկուի. կերտած, կառուցած ենք ու պիտի պահենք ի գին ամէն զոհողութեանց:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ