Մեզմէ ոմանք արաբական երկիրներու մէջ ապրած են, յատկապէս Սուրիա եւ Լիբանան, եւ արաբ ժողովուրդին հետ բաւական մօտէն շփում ունեցած ենք ու անոնց կենցաղն ու մշակոյթը որոշ չափով ազդած են մեր վրայ եւ դարձած մեր մշակոյթին ու կենցաղին անբաժանելի մասերը: Ո՛չ պարտադրանք եղած է, ո՛չ ալ մեր կողմէ ընդդիմութիւն, ժամանակի ընթացքին, առանց լքելու մեր հայկական աւանդութիւնները, մեր տոհմիկ հայկական դաստիարակութեան կողքին տեղ տուած ենք արաբական որոշ բառամթերքի, ասացուածքներու, երգերու, պարերու, ճաշատեսակներու, կենցաղային տարրերու, որոնք հաճելի եւ օգտակար թուած են մեզի: Այստեղ պիտի մասնաւորեմ արաբական հիւրընկալութիւնն ու հիւրասիրութիւնը:
Արաբներուն մօտ համարեա՛ կրօնական պատգամներու չափ կարեւոր տեղ տրուած է հիւրընկալութեան. անոնք ըսած են «Հիւրն Աստուծոյ է», ու անոր համեմատ վարուած են հիւրին հետ, ժպիտով ու սիրալիր վերաբերմունքով ընդունած են հիւրը, ով ալ ըլլայ ան, ծանօթ, թէ անծանօթ:
Անշուշտ արաբական բոլոր սովորոյթներուն աղբիւրը եղած է անապատն ու անապատի բնակիչները՝ պետեւիները: Վրանաբնակ արաբները ցայսօր յատուկ վրան մը ունին «Մատաֆէ» հիւրանոց անուան տակ, ուր ոեւէ անցորդ կրնայ մտնել, հիւրասիրուիլ արաբական սուրճով եւ ուտելիքներով, ուր կրնար մնալ օրերով եւ ըստ սովորոյթի, առաջին երեք օրերուն ոչ ոք իրեն հարցում կ՛ուղղէ, թէ ո՞վ է, ուրկէ՞ կու գայ, ո՞ւր կ՛երթայ, ի՞նչ գործով զբաղած է եւ այլն. այդօրինակ հարցումները կ՛ընէ աշիրէթին մեծը միայն երեք օր ետք ու ամէն տեսակի օժանդակութիւն կը տրամադրէ մարդուն:
Արաբական հիւրասիրութեան մասին հեքիաթանման շատ պատմութիւններ կան, որոնք առակի կարգ անցած են: Հիւրասիրութեան չափ կարեւոր եղած են մարդոց փոխյարաբերութիւնները նաեւ, արաբը քեզ ճանչնայ-չճանչնայ, երբ դէմդ ելլէ, անպայման կը բարեւէ, «Բարեւը Աստծուն է» կ՛ըսէ: Փորձէ արաբական ճաշարանէ մը ներս մտնել, կամ նոյնիսկ փողոցը աշխատող խեղճ ու կրակ բանուորներու ճաշելու ժամուն իրենց մօտէն անցնիլ, անպայման «հրամմէ» կ՛ըսեն եւ ոչ առ ի սովորոյթ, այլ իսկապէս, փորձէ ընդունիլ հրաւէրը, եւ մարդիկը ուրախութեամբ իրենց սուփրային վրայի լոլիկը, սոխն ու հացը կը կիսեն ու կը հրամցնեն: Այստեղ, այդպիսի բան մի փնտռեր:
Ես սովորութիւն ունիմ շէնքի աստիճաններուն վրայ դէմս ելլողին «բարի լոյս» կամ «բարեւ» մը ըսել, մեր հալէպեան սովորոյթները այստեղ կրկնելով, սակայն բարեւդ կա՛մ օդը կը մնայ, կա՛մ ալ անակնկալի եկած մէկուն նման՝ քիթին տակէն բան մը կը պատասխանէ, թերեւս ալ մտքերնէն կ՛ըսեն՝ այս ինչ տարօրինակ մարդիկ են սուրիացիները, առանց ճանչնալու կը բարեւեն:
Վազ անցանք բարեւէն ու հիւրասիրութենէն, հապա՞ սա «ժպիտ» կոչուած «թանկագին ապրանքէն» ինչո՞ւ մեզի ալ բաժին չեն հաներ: (Միշտ բացառութիւնները յարգելով): Կը մտնես խանութ, ճաշարան կամ որեւէ գրասենեակ, կը բարեւես ժպիտով, պատասխանը անժպիտ դէմք մըն է, որ արտայայտութիւն չունեցող դիմակի կը նմանի. դժգոհութիւնը յստակ կը կարդացուի դէմքէն. որմէ՞ դժգոհ է, վաճառատան տիրոջմէ՞ն, իր աշխատավարձէ՞ն, երկրի կացութենէ՞ն, իր ամուսինէ՞ն, նշանածէ՞ն, սիրածէ՞ն… Ես ի՞նչ յանցանք ունիմ: Այս համատարած դժգոհութիւնը, որ մարդոց ժպիտները սրբեր տարեր է դէմքերէն, ի՞նչ հրաշքով կարելի է գոհունակութեան վերածել եւ այդ ժպիտները ետ բերել:
Սուրիա, կամ Լիբանան, յատկապէս Լիբանան, փորձէ մտնել ճաշարան մը, կամ վաճառատուն մը, խոշոր ժպիտ մը կը դիմաւորէ քեզ, ու մինչեւ դուրս գալդ այդ ժպիտը չի լքեր անոնց դէմքերը: Ըսողներ պիտի ըլլան, որ ըրածնին շողոքորթութիւն է՝ վերջաւորութեան թէյի դրամ մը ստանալու համար. հոգ չէ, յաճախորդ պիտի շահին, շողոքորթութիւնն ալ հաճոյախօսութեան նման է, մարդիկ կը սիրեն լսել հաճոյախօսութիւն: Սուրիացի ճաշարանատէրը կամ վաճառատան տէրը երբ վճարելու համար ձեռքդ գրպանդ կը տանիս, «Խալլիհա ալէնա» մը կ՛ըսեն, այսինքն՝ ձգէ մեր վրայ, հիւրասիրութիւն հաշուեցէք, ձեր ներկայութիւնը արդէն բաւարար էր ըսելու պէս բան մը: Անիմա՞ստ վերաբերմունք մըն է, կեղծաւորութի՞ւն է, վնաս չունի, սակայն հաճոյք կը պատճառէ: Չոր ու ցամաք երեսներէն գաներ ենք,քաղաքավարական դիտողութիւնդ ծուռ երեսով հակահարուածէն զզուեր ենք: Զբօսաշրջային երկրի մը գլխաւոր պայմանը ժպտերես հիւրընկալութիւնն է: Այսօր որքան կարօտով կը փնտռենք «յետամնաց» արաբին բարի սովորոյթները:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ