-Ռուսիա 100.000-էն 200.000 մարդկային զոհ տուած է այս պատերազմին…
-Հնդկաստանի մէջ ահաւոր աղէտ…շոգեկառք մը գիծէն դուրս ելած է եւ ուրիշ երկու շոգեկառքերու հետ բախուած. 200 ճամբորդ մահացած են, նոյնքան եւ աւելի՝ վիրաւորներ կան:
-Ալիեւ կոչ կ՛ընէ, որ Արցախի պետական պաշտօնեաները ազատին իրենց պաշտօններէն, բանակն ալ զինաթափ ըլլայ ու ցրուի…
Եւ այսպիսի ամէնօրեայ լրատուութիւններու որպէս անդրադարձ՝ «Վախ, վախ, վախ… Ցը, ցը, ցը… վայ սրիկայ, վայ…»: Եւ՝ վերջ. մեր ձեռքէն ի՞նչ կու գայ որ, Աստուած փրկէ…
Եւ ասոնց նման շատ օրինակներ, որոնց անդրադարձը, կամ հակազդեցութիւնը կ՛ըլլայ շատ-շատ՝ խօսքով…
Շարունակելով անցեալ շաբթուան ակնարկիս միտք բանին՝ ըսեմ, որ ընդհանուր անտարբերութեան վիճակի մը գոյութիւնը բաւական լուրջ մտահոգութեան պատճառ դարձած է, ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ գրեթէ ամէն տեղ: ժողովուրդը ընդհանրապէս իր գործին ետեւէն է, հեւիհեւ կը վազէ քիչ մը աւելի որակաւորելու իր կեանքը, կամ քիչ մը աւելի ընդարձակելու իր գործարքային տիրոյթն ու դիրքը: Ասիկա բնական արդիւնքն է ժամանակ կոչուող անողոք գլանին, որուն թաւալգլոր ընթացքին զոհ կ՛երթայ ու մաշումի կ՛ենթարկուի՝ սխալին, անարդարութեան, չարութեան դէմ գլուխ բարձրացնելու, ընդդիմանալու, ըմբոստանալու մարդկային բնատուր կիրքը:
Անտարբերութիւնը կրաւորականութեան կը տանի, ու մարդիկ կը սկսին համակերպիլ որեւէ պայմանի մէջ ապրելու եւ սխալին քովէն լռութեամբ անցնելու: Խօսքս անշուշտ ընդհանուր երեւոյթի մը մասին է, առանց մոռնալու, որ այսպիսի մարդոց հակառակ՝ կան տակաւին անվախ ընդդիմախօսներ, ախալը քննադատողներ, որոնց ձայնը սակայն, ընդհանուր լռութեան մէջ աւելի բարձր հնչելու փոխարէն ճիշդ հակառակը՝ անլսելի կը դառնայ ու կը կորսուի:
Անտարբերութիւնը, անհոգութիւնն ու կրաւորականութիւնը թէեւ հոմանիշներ կը նկատուին, սակայն որոշ նուրբ տարբերութիւններ ունին: Ատով հանդերձ, բոլորն ալ ախտեր են, հիւանդութիւններ, վարակիչ, կործանիչ, ամլեցուցնող: Մէկ խօսքով՝ մարդ արարածը մեղկացած, կամազուրկ դարձած է եւ այդպէս ալ կ՛ապրի, միմիայն ինքնակեդրոն, ինքզինքին հոգ տանելով, ան ալ չափուած-ձեւուած անուղղակիօրէն պարտադրուած օրէնքներով եւ ուղղութիւններով:
Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է ապրիլ ընդհանուրին մէջ եւ ընդհանուրին մաս չկազմել: Ինչպէ՞ս կարելի է ապրիլ աշխարհի մէջ ու աշխարհին մաս չկազմել:Այս է նոր դարուն «նուէրը» մարդկութեան, ապրիլ առանձին, ունենալ ձեռքիդ տակ ամէն ինչ, որ քեզի պէտք է կամ կը հետաքրքրէ: Այլեւս նամակատուն երթալու պէտք չունիս, ոչ ալ գրադարաններ, ոչ իսկ սինեմա, լուսանկարչատուն, սրճարան կամ խաղատուն… Բաներ՝ որոնց համար դուրս կ՛ելլէիր տունէդ կամ գործատեղիէդ եւ մարդոց կը հանդիպէիր, կը բարեւէիր, կը խօսակցէիք… Հաւաքական կեանքը այլեւս որոշ առիթներու համար է միայն:
Մարդկային առողջ շփումի ու համայնքային, ընկերային կեանքի պակաս: Ու մարդը ակամայ կը դառնայ ինքնամփոփ, շերամի նման՝ բոժոժի մէջ, որմէ թիթեռնիկ դուրս չելլեր, այլ շատ-շատ… կրեայ մը:
Չունենալ սեփական կարծիք, սեփական տեսակէտ, գաղափար… Ահաւոր բան է: Ու հիմա, երբ աչքիդ առջեւ երկիրդ կը պղծուի, սրբութիւնդ կը ոտնակոխուի, ընելիք չունիս, չես մտածեր ունենալ, «Աստուած մեծ է»… այս մոգական խօսքը կ՛արտասանես ու ինքզինքդ կը համոզես, որ ընելիքդ ըրիր. եւ վերջ:
Բայց բանակին մէջ տղաք կան, մե՛ր տղաքը, որոնք ուխտած են պաշտպանել հայրենի հողը,եթէ անշուշտ վերէն հրաման գայ կռուելու, թէ չէ… «մաղթենք որ բան չպատահի, Աստուած մեծ է…»: Տեսնենք Աստուած մինչեւ ե՞րբ պիտի օգնէ ազգի մը, որ ինքզինքին օգնել չի՛ գիտեր:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ