Ուզեմ-չուզեմ, դարձեալ այս նիւթին պիտի անդրադառնամ: Ինչո՞ւ համար երբ անուանի նկարիչ մը կը մահանայ, իր նկարներուն գինը յանկարծ կը կրկնապատկուի, կ՛եռապատկուի..: Ինչո՞ւ, որովհետեւ այլեւս պիտի չնկարէ՞: Վան Կոկը աղքատ մեռաւ, այսօր իր նկարները տասնեակ միլիոններ կ՛արժեն: Ինչո՞ւ մահէն ետք գիտցան իր արժէքը: Թէ՞ ժամանակի անիւը պիտի թաւալի, որպէսզի հնութիւնը որպէս պատմական արժէք գնահատուի:
Կարելի է ընդհանրացնել այս երեւոյթը. Օրինակՙ արժէքաւոր գրող մը կը մահանայ ու իր գիրքերը, որոնք չէին կարդացուեր իր ողջութեան, յանկարծ կը փնտռուին ու կը կարդացուին: Դասագիրքերու մէջ կը մտնէ, զինք կը յիշեն, յոբելեանը կը նշեն: Մեր դպրոցներու հայերէնի դասագիրքերուն մէջ իրենց գրական գործերով բնակողները, եթէ ոչ բոլորը, սակայն մեծամասնութիւնը վաղուց մահացած գրողներ են: Իսկ իրենցմէ ոչ նուազ տաղանդաւոր ապրող գրողներուն չէ տրուած այդ պատիւն ու բախտը:
Հրանդ Տինքը քանի՞ հոգի կը ճանչնար իր ողջութեան, իսկ այսօր, ահա՛ իր մահուան 15-րդ տարելիցին, հայ չմնաց որ անոր գովքը չհիւսէ:
Այսպէս է. մարդն ու իր գործը կ՛արժեւորուին մահէն ետք: Բայց, ինչո՞ւ այսպէս է: Մարդը իրաւունք չունի՞ իր ապրած ատեն վայելելու այդ յարգն ու պատիւը:
Անպայման խթանիչ բա՞ն մը ըլլալու է, ան ալ մա՞հ, որպէսզի մարդիկ սկսին փնտռել ու կարեւորութիւն տալ եւ արժեւորել: Ո՞ւր էին այդ մարդիկը մարդուն ողջութեան:
Քանի-քանի մեծատաղանդ երաժիշտներ, կարիքէ մղուած, իրենց նոթաները վաճառած են, որ ապրին: Կը նայիմ իտալական Վերածնունդի եւ յետ-վերածնունդի շրջանի քանդակագործներուն գործերուն եւ չեմ կրնար հաւատալ, որ անոնք սովորական մուրճն ու դուրը ձեռքինՙ արձանագործի մը ծնունդն են. մարմարէ շղարշ աղջկայ դէմքին, մարմարէ ժանեակներ կնոջ մը օձիքին… անհաւատալի, բայց իրաւ բաներ, որոնց համար աշխարհի ծայրերէն արուեստասէր զբօսաշրջիկներ կու գան միայն տեսնելու, դիտելու եւ հիանալու: Այդ մարդիկը ինչպէ՞ս կապրէին:
Գրող մը իր նոր հեղինակած գիրքին մէջ հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ մարդը Դրախտը պիտի վայելէ մահէն ետք… Այս աննկարագրելի մեծագոյն եւ գեղեցկագոյն պարգեւն ու վարձատրութիւնը արդար մարդոց սահմանուածՙ մարդը ինչո՞ւ մահանալու է, որ վայելէ: Բան մը կորսնցնելէ ե՞տք կ՛արժեւորենք զայն:
Անհատներըՙ մէկ կողմ, հապա՞ պատմութիւնը: 1045-ին կորսնցուցինք մեր Բագրատունեաց թագաւորութիւնը, մեր վերջին պետականութիւնը, մինչեւ հիմա կը յիշենք ու կը սգանք: 1375-ին կորսնցուցինք Կիլիկիան թագաւորութիւնը, մինչեւ հիմա կը սգանք ու անոր գովքը կ՛ընենք: Նոյնըՙ Մեծ Եղեռնը, մեր Առաջին Հանրապետութիւնը, ու դեռ եթէ շարունակենք կրնանք շարք մը մեր կորսնցուցածներէն թուել, որոնք յիշատակի ցուցատախտակի վրայ կը մնան, որպէս ազգային հարստութիւն:
Ինչո՞ւ այդ բոլորը չկորսնցուցած, չմտածեցինք զանոնք պահելու-պահպանելու մասին. Ինչո՞ւ իւրաքանչիւր հայ իր լուման չդրաւ զանոնք անպաշտպան չձգելու համար:
Հիմայ գանք մեր այսօրուան կացութեան, ուր “լինել-չլինելու” եզրին կանգնած ենք: Աստուած մի արասցէ, ա՞յս ալ պիտի կորսնցնենք, որպէսզի արժեւորուի, քաղցրանայ ու մեր միւս կորսնցուցածներուն նման պիտի սգանք ու ծունկ ծեծենք:
Մենք զմեզ միշտ գոված ենք ըսելով, որ թէեւ յաճախ իրարամերժ ենք եղած, սակայն վտանգի պահերուն, օրհասի պահերուն, մոռցած ենք մեր տարակարծութիւններն ու միացած կանգնած ենք թշնամիին դիմաց: Ասա՞նկ պիտի կանգնինք:
Ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ ալ Արցախի մէջ պատասխանատու մարդ չմնաց, որուն անունին տարատեսակ նուաստացուցիչ պիտակներ չփակցնեն: Մեր թշնամին կոկոզավիզ կը յոխորտայ իր յաղթանակը թմբկահարելով, իսկ մենք ի՞նչ կ՛ընենք: Ժողովուրդ, քիչ մը խելքի աշենք:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ