ՄԱԿ-ի 76րդ նստաշրջանը, որ կայացաւ այս տարուան Սեպտեմբերին, յատկանշուեցաւ կարգ մը ուշագրաւ իրադարձութիւններով: Նիստին մասնակցող պետական իշխանաւորները ահազանգը հնչեցուցին կենսոլորտի ապականացման դէմ եւ առաջարկեցին դիմելու կտրուկ միջոցներու` առաջքը առնելու բնութեան այն աղէտներուն, որոնք ստուգապէս հետեւանքը կը նկատուին կենսոլորտի ապականումին: Նոյնիսկ Չինաստան – որ ներկայիս կ՛ապրի իր բուռն «ճարտարարուեստական յեղափոխութիւնը» (Industrial revolution), որուն հետեւանքով ալ հեռու կը մնայ կենսոլորտի բարելաւման դաշինքներէն – դրական արձագանգ տուաւ` ածուխի օգտագործումը նուազեցնելու խոստումով: Ամերիկայի նախագահը` Ճոզէֆ Պայտըն, յայտնապէս շրջելու համար իր նախորդին` նախագահ Թրամփի ռազմաշունչ քաղաքականութիւնը, հանդէս եկաւ խաղաղասիրական կոչով մը. ան յայտնեց թէ Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութիւնը պիտի հեռանայ «անդուլ պատերազմներու» ուղիէն եւ պիտի կիրարկէ «անդուլ դիւանագիտութեան» սկզբունքը: Այդ որոշումին ճշգրտութիւնը որոշելը կը մնայ միջազգային վերլուծաբաններու, զայն քննարկելով Ուաշինկթընի գործնական քաղաքականութեան հետ, ուր ՆԱԹՕի ընդլայնումով Ուաշինկթըն կը շրջապատէ Ռուսաստանը եւ Չինաստանի «փափուկ ոյժով» զարգացող աշխարհակալութիւնը կը նկատէ գլխաւոր մարտահրաւէրը իր արտաքին քաղաքականութեան, չըսելու համար իր ռազմավարութեան եւ ռազմական ծրագիրներուն:
Հայերուս համար, բնականաբար, կարեւոր են աշխարհի մեծերուն դիրքաւորումները, որոնք պիտի տնօրինեն երկրագունդի ճակատագիրը: Սակայն, աւելի հետաքրքրական են այն ելոյթները, որոնք անմիջականօրէն առնչուած են Հայաստանի լինելութեան: Անոնցմէ մէկն էր Թուրքիոյ նախագահին` Ռեճեփ Թայիիպ Էրտողանի ելոյթը: Էրտողան իր ճառին մէջ անդրադարձաւ գրեթէ աշխարհի բոլոր շրջաններու խնդիրներուն` իր ուսին վերցուցած խաղաղարարի քղամիդը: Ան բոլոր տագնապներուն համար գտաւ մեղադրելի յանցաւորներ` անոնց դիմաց պարզելով իր երկրին «բարի կամեցողութիւնը»: Բոլոր անոնք որ կը դիտէին Էրտողանի ելոյթը կամ զայն կարդացին լրատու աղբիւրներէն, կրցան զինք բնորոշել մէկ ու միակ խօսուն պատկերով մը` հրձիգը ստանձնած էր հրշէջի դերը: Ան նախ քննադատեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, նշելով որ ան իր հինգ մնայուն անդամներով չի կրնար եւ չէ կրցած աշխարհի բոլոր տագնապները լուծել: Այս դիտողութիւնը պէտք է քննարկել Ապահովութեան խորհուրդի մասին Էրտողանի յաճախ կրկնած պատկերացումին մէջ, ուր անհրաժեշտ կը նկատէ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Խորհուրդին. այնպէս, ինչպէս, ան ժամանակը հասած կը նկատէ, որ աշխարհի բոլոր մեծերուն նման Թուրքիան եւս ունենայ իր հիւլէական զինանոցը:
Էրտողանի գլխաւոր նիւթերէն մէկն էր հակաիսլամականութեան (Islama – phobia) տարածումը Արեւմուտքի մէջ: Ան մեղադրեց Արեւմտեան երկիրները, որոնք յառաջացուցած են հակաիսլամականութիւնը, որ, ըստ իրեն, «աւելի վտանգաւոր է» քան Քովիտի համաճարակը: Այս թեզը Էրտողանին կը պարգեւէ քանի մը քաղաքական հնարաւորութիւններ. նախ այդ «քաջարի» քննադատութեամբ ան կը ձգտի վաստակիլ իսլամական աշխարհի առաջնորդութեան փառապսակը, որ այնքան անհրաժեշտ է իրեն համար` իր երազած սուլթանութիւնը հաստատելու ճանապարհին վրայ:
Երկրորդ` հակաիսլամականութեան վարկածը կը պարտկէ Թուրքիոյ ձախողութիւնը` անդամակցելու Եւրոպական Միութեան, մոռացութեան տալով Թուրքիոյ վրիպանքը` քայլ պահելու Արեւմուտքի քաղաքականութեան հետ: Իսլամի դրօշակակիրը հանդիսանալու պարծանքը ներքին ճակատի վրայ եւս շահարկելի է Թուրքիոյ նախագահին կողմէ: Էրտողանի հեղինակութեան անկումը Թուրքիոյ մէջ կրնայ ծանր կշռել իր վրայ յաջորդ ընտրութեանց ընթացքին: Հետեւաբար ՄԱԿ-ի բեմէն իսլամի դրօշը պարզելը պիտի նպաստէ իրեն Թուրքիոյ յաջորդ ընտրութեանց ընթացքին, որովհետեւ անոր իշխանութիւնը կը յենի ծայրայեղ իսլամապաշտ քաղաքականութեան վրայ: Գալով հակաիսլամականութեան յառաջացման բուն պատճառներուն, առաջին պատասխանատուն Թուրքիան է, եւ առաջին հերթին նոյն ինքն Էրտողանը, երբ ան կրօնքը կը վերածէ քաղաքականութեան եւ կրօնական քաղաքականութիւնն ալ` զէնքի: Երբ Թուրքիան մետրեսէ ներ կը հիմնէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ եւ իսլամը խեղաթիւրելով ահաբեկիչներ կը մարզէ, երբ Եւրոպայի իսլամներուն կը հրահանգէ «առնուազն հինգ զաւակ ունենալ` Եւրոպան գրաւելու համար», երբ Աֆղանիստանի մէջ թալիպաններու յաղթանակը ողջունելով կը յայտարարէ, թէ «մենք դաւանական եւ գաղափարական տարբերութիւններ չունինք թալիպաններու հետ», մինչ քաղաքակիրթ աշխարհը թալիպանները կը հռչակէ ահաբեկիչներ, ուրեմն որո՞ւն ուսերուն վրայ պէտք է բարդել հակաիսլամականութեան յառաջացումը: Ճակատագրական հեգնանքը այն է, որ Էրտողան կը գործածէ ամէնէն արդիական զինամթերքը` աշխարհի քաղաքակրթութիւնը մղելու դէպի միջնադարեան խաւարամտութիւն:
Իսլամութիւնը ոեւէ կրօնքի չափ ու կրօնքի նման արժանի է յարգանքի, սակայն անոր թիւր մեկնաբանութիւնը եւ զայն բարբարոս արարքներու մղելը կը դառնայ խոցելի եւ այպանելի: Ժամանակին Արեւմուտքը եւս ինկած էր այդ վրիպումին մէջ` քրիստոնէական կրօնքը վերածելով քաղաքական զէնքի եւ մղելով հարիւրամեայ պատերազմներ, կազմակերպելով գաղութատիրական խաչակրութիւններ դէպի Արեւելք եւ բռնադատելով մարդուն ազատ մտածողութիւնը հաւատաքննութեան (inquisition)ի դատարաններուն առջեւ: Մինչեւ որ Արեւմուտքի մէջ զարգացաւ ժողովրդավարութեան դրութիւնը, եւ կրօնքն ու պետութիւնը անջատուեցան իրարմէ: Էրտողանին համար տակաւին հեռու է նման քաղաքական հեռանկար մը այն պահուն, որ ինք զրկուի կրօնքը իբրեւ զէնք գործածելու կարելիութենէն` փուլ կու գայ իր ամբողջ քաղաքականութիւնը:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի եւ հակաիսլամականութեան ընդհանուր խնդիրներէն վերջ Էրտողան առանձին-առանձին անդրադարձաւ շրջանային տագնապներու, սկսելով Քաշմիրի խնդիրէն, բնականաբար պաշտպանելով Փաքիստանը, որ ահաբեկիչներու բոյն մըն է, որ թաքստոց տուած է Պէն Լատենէն սկսեալ ամէն կարգի եւ գոյնի ահաբեկիչներուն եւ թալիպաններուն: Փաքիստանի իսլամապաշտ պետութիւնը հանդիսացաւ նաեւ թուրքին դաշնակիցը` Արցախեան վերջին պատերազմին եւ Աֆղանիստանի գրաւման ընթացքին:
Կիպրոսի հարցով ան դաս մը տուաւ յոյներուն, թէ ինչպէս պէտք է լուծել այդ խնդիրը «Միջազգային օրէնքով», երբ արդէն Թուրքիան իր զօրքով գրաւած է այդ անկախ երկրին հիւսիսը եւ սարքած` արհեստական «հանրապետութիւն» մը: Նաեւ կրկին ոգեկոչեց «Միջազգային օրէնքը» կարգաւորելու համար Արեւելեան Միջերկրականի տագնապը, ուր Թուրքիան միակողմանի կերպով կը ներխուժէ յունական կղզիներու սահմանէն ներս ապօրինի պեղումներ կատարելով, ռազմանաւերու ուղեկցութեամբ: Խոստացաւ վերջ տալ Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող ահաբեկիչներուն, որոնց մեծ մասը զինուած է Թուրքիոյ կողմէ. նաեւ ան խոստացաւ վերականգնել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, երբ այդ երկրին տարածքներուն մէկ մասը գրաւած է Թուրքիան: Ան յոխորտաց, որ Թուրքիա միակ երկիրն է, որ կանգնած է Լիպիոյ օրինաւոր իշխանութեան կողքին. ակնարկութիւնը Սարրաճի իշխանութեան մասին է որ կ՛իշխէ Լիպիոյ ամէնէն փոքր տարածքին վրայ: Պաշտպանեց Ուքրանիոյ հողային ամբողջականութիւնը, անվաւեր նկատելով Ղրիմի վերջին ընտրութիւնները, զայրացնելով Քրեմլինը, որ շուտով հակադարձեց: Ուքրանիոյ ակնարկութեամբ Էրտողան կ՛ուզէր մէկ կողմէ սիրաշահիլ Պայտընի վարչակարգը, որ Ղրիմի նկատմամբ միեւնոյն դիրքաւորումը ունի, միւս կողմէ ոյժի դիրքերէ հանդիպելու նախագահ Փութինին յաջորդ շաբաթ Սոչիի մէջ:
Իր այդ քաղաքականութիւնը ամրապնդելու համար Էրտողան վերջերս նոր զօրքեր մտցուց Սուրիա, որ Էրտողան-Փութին հանդիպման օրակարգին վրայ է: Էրտողան չմոռցաւ նաեւ Արցախի խնդիրը, ուր մեղադրեց Հայաստանը, թէ բռնաբարած էր Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը: Իր խօսքին մէջ ոչ մէկ նշոյլ կար «դրական ազդանշաններու» Հայաստանի նկատմամբ: Երբ ամբողջ արաբական աշխարհը լռած է պաղեստինեան հարցին կապակցութեամբ, Էրտողան այդ հարցին լուծումը առաջադրեց անկախ եւ ինքնիշխան Պաղեստինի պետական վերականգնումին մէջ, առանց անցեալի նման ծանր քննադատութիւն կատարելու Իսրայէլի դէմ, որովհետեւ ան կը փորձէ վերստին սիրաշահիլ Իսրայէլի կառավարութիւնը եւ անոր միջոցաւ մօտենալ Պայտընի վարչակարգին:
Չենկիզ Չանտար «Ալ-Մոնիթոր»ի մէջ հրատարակուած յօդուածով մը կ՛ըսէ. «Էրտողանի նիւեորքեան այցելութեան նպատակը զօրացնել էր իր թուլացող ազդեցութիւնը Թուրքիոյ մէջ. նպատակ մըՙ որ չյաջողեցաւ»: Թուրքիայէն մեկնելէ առաջ Էրտողան այն համոզումը տարածած էր երկրին մէջ, որ պիտի հանդիպէր նախագահ Պայտընի: Ցանկութիւն մըՙ որ չիրականացաւ. պէտք է յիշել որ նախագահ Պայտըն երբ տակաւին փոխնախագահ էր` «բռնատէր» որակած էր Էրտողանը, կոչ ընելով որ ընդդիմութիւնը զինք տապալէ: Էրտողան նախապատրաստուած ծրագիրով պիտի հանդիպէր ամերիկեան ճարտարարուեստի մեծերուն` խթանելու համար ներդրումները Թուրքիոյ մէջ. այդ եւս ձախողեցաւ: Միակ հանդիպումը որ տեղի ունեցաւ լուսանցքներու վրայ, կատարուեցաւ պետական քարտուղար Պլինքընի եւ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուի միջեւ: Մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին անոնք խօսած են Աֆղանիստանի, Սուրիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մասին: Էրտողան իր յուսախաբութիւնը արտայայտած է ըսելով, թէ իր 19 տարիներու իշխանութեան ընթացքին լաւ աշխատած է ամերիկեան նախագահներու հետ. «Բայց չեմ կրնար ըսել, որ լաւ սկիզբ մը ունեցայ Պր. Պայտընի հետ»: Չանտար իր վերոյիշեալ յօդուածը եզրակացնելով կը գրէ. «Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ Էրտողանի վարկին` նիւեորքեան բեմադրութիւնը բացայայտօրէն ձախողեցաւ տպաւորութիւն մը թողելէ, դրական թէ ժխտական իմաստներով: Այսուհանդերձ միջազգային վերլուծաբաններու ուշադրութենէն չվրիպեցաւ այն փաստը, որ հետզհետէ անջրպետը կ՛ընդլայնի Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան աշխարհի միջեւ»:
Ի դէպ, պէտք է նկատել, որ այս միջազգային ահաբեկիչը տարի մը առաջ հրահրեց արցախեան պատերազմը եւ հնձեց 5000 երիտասարդ հայերու կեանքը եւ գրաւեց Արցախի 75 տոկոսը, թրքական դրօշն ալ պարզելով Շուշիի վրայ: Այս բոլոր ոճիրներէն ետք, երբ եկաւ ՄԱԿ-ի բեմահարթակէն Պիղատոսի դերը կատարելու` 1.5 միլիոն ամերիկահայութիւնը լռութեամբ դիմաւորեց այս բեմադրութիւնը: Գոնէ խումբ մը զգօնութիւն ունենար ցոյցով մը դիմաւորելու Էրտողանը, երբ, օրինակ, բացումը կը կատարէր 37 յարկանոց Թրքական տան, ՄԱԿ-ի շէնքին դիմաց, Թուրքիայէն բերուած մոլլայի մը իսլամական աղօթքով: Երբ բազկաթոռի վրայ նստած դատողութիւններ կ՛ընենք Հայաստանի պետական դէմքերուն մասին, չգտնուեցաւ անձ մը կամ խմբաւորում մը, որ ոտքի ելլէր այդ բազկաթոռէն ու ներկայանար ՄԱԿ-ի շէնքին դիմաց` որքան ալ խիստ ըլլային արգելքները: Գուցէ միակ մխիթարանքը որ կը մնայ մեզի այն փաստն է, որ Էրտողանի շռնդալից եւ աղմկոտ շքերթները Մենհեթընի փողոցներուն վրայ, ոստիկանական զօրախումբով` չարդարացուցին անոր ակնկալութիւնները եւ ան գրեթէ ձեռնունայն վերադարձաւ տուն:
Խմբագրական «Պայքար» շաբաթաթերթի