Մարդը ղեկավարողները ներքին երկու ոյժեր ենՙ զգացում եւ տրամաբանութիւն: Երրորդ ոյժ չկայ մարդ արարածի արարքներուն ուղղութիւն տուող: Այս երկու գերագոյն ոյժերը միշտ չէ որ իրարու հետ համերաշխօրէն կ՛ընթանան, անոնք յաճախ զիրար հակասելովՙ մարդուն մէջ պայքարի դուռ կը բանան, որուն արդիւնքը կրնայ ցանկալի ըլլալ, սակայն միեւնոյն ատեն կրնայ վնասակար ըլլալ:
Պարզենք. օրինակՙ սիրոյ մէջ, գեղադէմ, գեղամարմին, ցանկայարոյց աղջիկ մը, որ սակայն բարոյազուրկ է, անուս, կամ, ինչ-որ թերութիւններ կամ հիւանդութիւններ ունի, կրնայ երիտասարդ մը մոլորեցնել իր քաշողականութեամբ: Երիտասարդը անել կացութեան մատնուածՙ զգացումը կ՛ըսէ որ կապուի այդ աղջկան հետ, մարմնական վայելքներ խոստանալով, անդինՙ շրջապատն ու տրամաբանութիւնը կը թելադրեն, որ չկապուի այդպիսի մէկուն հետ, որուն շնորհելիք վայելքները ժամանակաւոր են, անոնցմէ անդին դրական բան չկայ, ան ոչ տանտիկին կրնայն ըլլալ, ոչ ընտանիքի մայր, երախայ դաստիարակող եւ այլն: Դժուար որոշելիք հարց է. իւրաքանչիւր ոյժ, դէպի իրեն կը քաշէ եւ որոշում առնելը կը դժուարացնէ:
Այլ օրինակ մը: Դատաւորի մը առջեւ կը կանգնեցնեն իր զաւակը, որ ոճիր մը գործած է, օրէնքին թելադրութեամբ, տրամաբանօրէն ծայրագոյն պատիժո՞վ դատէ զինք, թէ՞ հայրական զգացումը արգելք կ՛ըլլայ, որ պատժէ իր զաւակը ու խոտոր ճամբաներ փնտռէ զայն փրկելու համար: Ինչպէ՞ս որոշում պիտի գոյացնէ:
Այսպիսի տասնեակ օրինակներով աշակետներս կը մղէի, որ վիճին, ապա շարադրութիւն գրեն, իրենց տեսակէտները պարզելով:
Հիմա ուսուցիչ չեմ, սակայն մեր երկրին գլխուն կուտակուած սեւ ամպերուն մէջէն արեւի շող կը փնտրեմ: Վերջին իրադարձութիւնները երկիրը դրին երկընտրանքի առջեւՙ այնքան ատեն, որ կարողութիւն չունինք հսկայ թշնամական մեքենային դէմ կենալու, մեր հողերը պաշտպանելու, կամ, նոյնիսկ, նոր հողատարածքներ զոհ չդարձնելու , աւելի լաւ է հաշտուինք թշնամիին հետ ու ինչ որ մնացեր է, անոնցնով եոլա երթանք: Սակայն, ինչպէ՞ս հաշտուիլ թշնամիի մը հետ, ինչպէ՞ս սեղմել անոր արիւնոտ թաթերը: Ո՞ւր մնաց մեր ազգային արժանապատուութիւնը: Տրամաբանութիւնը կ՛ըսէՙ հաշտուի՛ր, անդին զգացումը կ՛ըսէՙ չհաշտուի՛ս, դաւաճան չդառնաս:
Պայքարը կը շարունակուի ոչ միայն պետական մակարդակի վրայ, այլեւ իւրաքանչիւր հայու միտքին ու հոգիին մէջ: Շարքային քաղաքացին ինք ալ կեցուածք ունի, խօսք ունի ըսելիք, հազարաւոր զոհեր տուած է, նահատակներուն հողաթումբերը դեռ թարմ են, թշնամիին սպառնալիքները հայերը բնաջնջելու, «1915-ին «կէս մնացած» գործը շարունակելու», դեռ ականջին մէջ կը զնգան, ինչպէ՞ս հաշտուի, ինչպէ՞ս վաղը տանի ներկայութիւնը ազերիին ու թուրքին մեր փողոցներուն մէջ, անոնց լկտի, յոխորտալից քալուածքով անցնելուն:
Անդին, պետութիւնը, որ իրաւունք չունի զգացումով առաջնորդուելու, գուցէ ակամայ, գուցէ կամայ, պիտի տրամաբանէ, որ վերջնական խաղաղութիւն մը ունենալու հեռանկարը շատ աւելի կարեւոր է երկրին համար, որուն որպէս հետեւանք, շրջափակումը պիտի վերանայ, սահմանները պիտի բացուին, երկիրը պիտի ծաղկի, տնտեսութիւնը պիտի բարգաւաճի, ամէն մարդ գործ պիտի ունենայ… այլեւս մեր վրայ յարձակող պիտի չըլլայ, խաղաղ ու հանգիստ պիտի ապրինք:
Անդրանիկը իր գերեզմանէն կը զգուշացնէՙ չհաւատաք թշնամիին, անոր խոստումներուն… Աքցանի երկու բեւեռներուն մէջ սեղմուած մեր երկիրը միշտ ալ վտանգի տակ է. ի՞նչ ընել:
Մենք զգացական ժողովուրդ ենք. պետութիւնը ժողովուրդէն ելած է, բայց ուրիշ կաղապարի մէջ մտած: Նոյնիսկ Ազգային Ժողովը, որ ժողովուրդը կը ներկայացնէ, ստիպուած է ժողովուրդէն տարբեր մտածելու եւ որոշում գոյացնելու: Եւՙ ահա՛ ճեղքը, որ պիտի բացուի իշխանութեան եւ ժողովուրդին միջեւ: Բայց վերջ ի վերջոյ իշխանութիւնը պիտի ըլլայ յաղթողը եւ որոշում գոյացնողը, ի հեճուկս նախատեսելի հանրահաւաքներուն, ցոյցերուն, բողոքներուն: Իշխանութիւնը պիտի ըսէՙ փոթորիկը որքան ալ սաստիկ ըլլայ, անպայման կը հանդարտի: Ու երկիրը պիտի մտնէ նոր բաւիղի մը մէջ, ուր պիտի կորսնցնէ իր հայու մարդկային արժանիքներէն շատ բան: Ու այս «վարակէն» ու «բանը բանէն» անցնելէ ետք, լրատուամիջոցներ պիտի շարունակեն համոզել ժողովուրդը, որ պատուաստուի եւ ընդունի նոր իրավիճակը:
Ո՞ր կողմն է ճիշդ: