Էրտողանը «փառք Աստուծոյ, որ Պայտընը Հայոց ցեղասպանութեան հարցը չ՛արծարծեց» ըսեր է ու հանգիստ շունչ մը քաշեր ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընին հետ իր տեսակցութենէն ետք: Ով գիտէ, մարդը որքա՜ն մտածեր է, թէ ինչպէ՞ս պիտի ընդառաջ երթայ այն նախագահին, որուն երկրին հանդէպ խօսքի ի՛նչ նիզակներ ճօճած է, ի՛նչ սպառնալիքներ համարձակած է նետել անոր հասցէին: Անշուշտ մտահոգուեր է նաեւ անոր հարցերուն իր տալիք պատասխաններուն մասին. վստահՙ տագնապներ է: Հապա՞ եթէ ինքը ձեռքը մեկնէ եւ Պայտընը չձեռնուի հետը, ինչ մեծ խաղքութիւն կ՛ըլլայ: Հապա՞ եթէ…
Եւ այսպէս քանի մը անքուն գիշերներ անցընելէ ետք հասած է «դատաստանի» օրը եւ մարդը ոչ միայն ձեռնուած է նախագահին հետ, այլեւ խոնարհած է ձեռքը համբուրելու չափ: Եթէ Պայտընը կղերական ըլլար, ձեռքը ետ քաշելով Էրտողանի գլխուն վրայ պիտի դնէր, «Աստուած քեզի պահապան, որդեակ» ըսելով:
Ինչ որ է: ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահին Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումէն ետք Էրտողանին փորը քշեց, իսկ հայերն ալ վերջապէս հանգստացան երկար տասնամեակներ վազելէ ետք, եւ յոգնած ու պարտասուն, գոհ եւ ուրախ, նախագահին խոստումը յարգած ըլլալուն համար երախտապարտ, հիմա կը մրափեն: Ամէն մարդ կը կարծէր, որ ճանաչումէն անմիջապէս ետք հայերը ՄԱԿ-ին կոչ պիտի ընեն, որ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը նուիրագործուի ճանաչումը եւ խօսքէն անցնին գործի եւ միջազգային դատարան դիմեն, որպէսզի «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» լոզունգը գործնական ճամբու վրայ դնեն ու միջազգային օրէնքի տրամադրութեանց համաձայն քայլեր առնեն:
Պայտընը ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը, սակայն քաղաքական ճարպիկութեամբ մը չդատապարտեց Թուրքիան. այսինքն Ցեղասպանութիւնը անցեալին պատկանող հարց մըն է, որուն յանցագործները չկան այսօր, եւ ներկայ Թուրքիան պատասխանատու չէ եւ դատապարտելի ալ չէ:
Եղա՞ւ, պարոն նախագահ. եղա՞ւ այս որձեւէգ ճանաչումը: Այսպէ՞ս կը վարձատրես հայութեան երկարամեայ պայքարը յանուն ճանաչողութեան: Ա՞յս է Ամերիկայի քաղաքական ճիշդ եւ արդար կեցուածքը: Այսինքն, ինչպէս կ՛ըսենՙ «թէ՛ պայտին զարկիր, թէ՛ գամին»: Բայց չէ՞ որ այսօրուան Թուրքիան հոգիով-սիրտով ինքզինք օսմանցիներու շառաւիղը կը նկատէ, անոնց ժառանգը: Չէ՞ որ Էրտողանը եղեռնագործներուն ի պատիւ յարգանքի տուրք կը մատուցանէ: Իսկ, ամենաթարմ օրինակն ալ Արցախեան վերջին պատերազմին Ատրպէյճանի կողքին իր մասնակցութիւնն էր հայաջինջ յայտարարութիւններով ու «Պայրաքտարներով», Շուշիի մէջ իր հոգեզաւակին հետ նորանոր համաձայնութիւններ կնքելով ի վնաս Հայաստանի:
Պարոն նախագահ, վստահ ենքՙ կը հետեւիք այս զարգացումներուն: Ձեր միտքէն չանցա՞ւ վերատեսութեան ենթարկել ձեր յայտարարութիւնը եւ զայն բարեփոխելով դատապարտել Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնն ու պատժամիջոցներ կիրարկել:
Սակայն, երբ քաղաքական ու տնտեսական շահը կը գերադասէք արդարութեան, այն ատեն պիտի ըսենքՙ ո՞ւր մնաց ԱՄՆ-ի արդարութեան դրօշակակիր ըլլալու հանգամանքը: «Երկու չափ-երկու կշիռ»ը քաղաքական խաղ է, սակայն չի ծառայեր արդարութեան:
Իսկ բոլոր այն կազմակերպութիւններն ու անհատները, որոնք ըսին թէ իրենց աշխատանքներուն շնորհիւ եղաւ այդ վաղուց ակնկալուած յայտարարութիւնը, հիմա թող արթննան եւ ծրագրեն ճանաչումին յաջորդ քայլերը, եթէ դեռ չեն ծրագրած: ԱՄՆ-ի ճանաչումը նպատակ չէր, այլ միջոց եւ կամուրջ պահանջատիրութեան հետեւող հատուցման: Թէ չէ, այս ճանաչումը ոչ միայն անիմաստ կը դառնայ, այլեւ կ՛օգնէ, որ յանցաւորը այլեւս հանգիստ քնանայ ու չմտահոգուի Հայկական հարցով, իրեն սարսափ պատճառող ճանաչումը այսքանով բաւարարուելով ու ձեւով մը պահանջատիրութեան վրայ խոշոր քար մը դնելով: