Լիբանան կ”ապրի բազմաբնոյթ եւ բազմամակարդակ ճգնաժամ մը
Հակառակ օրըստօրէ ահագնացող տագնապի աննախադէպ տարողութեան, անոր հանգուցալուծման հեռանկարը առայսօր ուրուագծուած չէ: Երկրին իշխող դասին քաղաքական անշրջահայացութիւնը երեւոյթ մըն է այսօր, մինչ անոր կողմէ պետական – հանրային ընդհանրական շահի անտեսումը, բարոյական արժէքներու ոտնահարումը եւ այս բոլորին զուգահեռՙ կառավարման ապաշնորհ, փտած ու անարդիւնաւէտ գործունէութիւնը անցած է ամէն չափ ու սահման:
Իրերու ներկայ դրութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ գործող համակարգը ատակ չէ իր իսկ մեղսակցութեամբ յառաջացած այս անտանելի իրավիճակի յաղթահարման համար լուծումներու ողջամիտ բանաձեւեր առաջադրելու:
17 հոկտեմբեր 2019-ին ընթացք առած ժողովրդային զանգուածներու բողոքի հսկայածաւալ ցոյցերով արտայայտուած արդար ցասումը դժբախտաբար չզգաստացուց իշխանութիւնները: Փոխարէնը անոնք դիմեցին ամբողջատիրական վարչակարգերու յատուկ բիրտ ու անհամաչափ ուժի գործածութեանՙ փորձելու համար վիժեցնել ընդվզած քաղաքացիներուն թափը ու շեղելու բողոքի բարձրացող ալիքին նպատակային թիրախը:
Լիբանանի մէջ տասնամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող ընկերատնտեսական եւ քաղաքական խնդիրներու թնճուկին արմատները խրուած են անձնական, խմբակային կամ համայնքային նեղ ու եսակեդրոն շահերը պետական շահերուն վրայ գերադասումի ախտին մէջ: Իշխող դասին մեծամասնութեան մօտ, միջազգային եւ տարածաշրջանային օտար ուժերու շահերուն սպասարկելու յանցաւոր վարքագիծը, գերադաս է պետականութեան նկատմամբ հաւատարմութեան ու յանձնառու կեցուածքէն:
Լիբանանի հայ համայնքը, որպէս անբաժան մասնիկը լիբանանեան հայրենիքի պետական-համայնքային կառուցակարգին, իր վրայ խորապէս կը զգայ երկիրին մէջ յառաջացած ճգնաժամի բազմակողմանի բացասական եւ կործանիչ հետեւանքները: Հետեւաբար, ի պատիւ իրեն, անոր հայրենասէր զաւակները քաղաքացիական բարձր գիտակցութեան դրսեւորումով մը, իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին ու կը շարունակեն բերել, իշխող փտած եւ ոճրագործ համակարգին դէմ ծաւալուած բողոքի զանգուածային միջոցառումներուն:
Հայկական Սփիւռքի երբեմնի ամենակենսունակ համայնքը, հայապահպանման եւ հայակերտումի անզուգական ջահակիրըՙ լիբանանահայութիւնը, ներկայիս կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ, որոնք եթէ ըստ էութեան ու արժանւոյն չընկալուին ու չգնահատուին, կրնան ճակատագրական ազդեցութիւն ունենալ անոր հետագայ կենսունակ գոյութեան վրայ: Լիբանանի հայ համայնքին հաւաքական ներուժի անմնացորդ զօրաշարժը, նորարար մօտեցումներն ու իրավիճակը դիմակալելու համարժէք քայլերը միակ երաշխիքներն են Լիբանանի մէջ հայ համայնքին քաղաքական կշիռի պահպանման ու բարձրացման: Իր կշիռը ունեցող լիբանանահայութիւնը տակաւին մեծ դեր ունի կատարելիք Հայաստան – Սփիւռք յարաբերութիւններու առաւել եւս սերտացման եւ համահայկական շահերու պաշտպանութեան վեհ գործին մէջ:
Յանուն Լիբանանի ու անոր մէջ կենսագործող հայութեան յարաճուն հզօրացման, լիբանանահայ համայնքին լճացման եւ ներուժի ջլատման ծնունդ տուող առկայ կացութաձեւը պէտք է դադրի գոյութիւն ունենալէ: Սա էական նշանակութիւն ունի բոլորիս համար: Կենսական է, որ լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ գործող հայկական կողմի մը մենիշխանական ու մենաշնորհեալ կարգավիճակը չքանայ: Հատուածապաշտ քաղաքականութեան եւ համայնքի ներկայացուցչութեան հանգամանքի սեփականացման պատրանքը ստեղծելու գործելաձեւը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ տուեալ կողմը: Կարեւոր է, որ վերոյիշեալ վատառողջ նկրտումներուն փոխարինէՙ համահաւասարութեան հիմքի վրայ կառուցուած, լայնախոհութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով բնորոշուող ու համագործակցութեան շինիչ, լիիրաւ ու կառուցողական մթնոլորտով առաջնորդուող միջ համայնքային յարաբերութիւններու նոր դրուածք մը:
Վերոնշեալ իրողութիւնները եւ դիտարկումները հիմք ընդունելովՙ ներքոյ ստորագրեալներս.
ա – Կը հռչակենք մեր հաւատարմութիւնըՙ ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ մարդկային արժանապատւութեան հիմնարար արժէքներուն,
բ – Կը հաւատանքՙ անկախ, գերիշխան ու միասնական Լիբանանի յաւիտենականութեան,
գ – Կը շեշտենքՙ Լիբանանը բաղկացնող համայնքներու համերաշխ գոյակցութեամբ յատկանշուող եւ իր բոլոր քաղաքացիներուն համար հաւասար հնարաւորութիւններ ապահովող ու բարեկեցիկ ապագայ երաշխաւորող պետականութեան տեսլականին վրայ,
դ – Կը կարեւորենքՙ Լիբանանի հայ համայնքին դերն ու նշանակութիւնը, թէ՛ ներլիբանանեան զարգացումներու լիարժէք մասնակցութեան եւ թէ՛ հայ ժողովուրդի համասփիւռքեան ներուժի արդիւնաւէտ ու նպատակային օգտագործման դիտանկիւնէն:
ե. – Անհրաժեշտ կը նկատենք բոլոր կարող եւ պատրաստակամ անհատ հայորդիներու, գործող կառոյցներու ու միաւորներու անշահախնդիր մասնակցութեամբ եւ անկեղծ գործակցութեամբ, Լիբանանի հայ համայնքի վերականգման եւ վերազարթօնքի հրամայականի իրականացումը,
զ – Կը հաստատենքՙ մեր անկեղծ ու անշահախնդիր պատրաստակամութիւնը համագործակցութեան շինիչ ոգիով համատեղելու բոլորիս կարողութիւնները, հնարաւորութիւնները եւ ջանքերը,
է – Կը նպատակադրենքՙ ստեղծել խորհրդակցութեան եւ համագործակցութեան հարթակ մը, ձգտելովՙ պատասխանատու եւ լիակատար ազատութեան եւ հաւասարութեան պայմաններու մէջ համախմբել լիբանանահայ ազատ եւ անկախ մտածելակերպի տէր անհատներ, միաւորներ եւ կառոյցներ, որպէս այլընտրանքային ներկայացուցչութեան մը ձեւաւորում:
Առ այսՙ հանդիսաւոր կերպով կը յայտարարենք նախաձեռնութեան մը ստեղծումը, որ պիտի ունենայՙ ԱԶԱՏԱԽՈՀ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ անուանումը:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն
Հայկական Ժողովրդային Շարժում – Լիբանան
Փոլա Եագուպեան (լիբանանեան խորհրդարանի հրաժարեալ պատգամաւոր)
Զօրավար Նարեկ Աբրահամեան :
Յաւելուած.- Ստորագրեալներս, սրտանց կը հրաւիրենք լիբանանահայ բոլոր այն կառոյցները, հաստատութիւնները, միութիւններն ու հայրենաշունչ անհատ հայորդիները, որոնք կը բաժնեն նոյն միտքերըՙ որդեգրելու սոյն յայտարարութեան բովանդակութիւնն ու ոգին: Կոչ կ՛ուղղենք գաղափարակից բոլոր նուիրեալներուն իրենցը համարելու այս կոչըՙ որդեգրելով զայն եւ ըստ այնմ եւ իրենց կարգին միանալու ստորագրութիւններուն ու հրապարակելու զայն:
Պէյրութ, 7 Ապրիլ 2021