ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Չեմ գիտեր ո՞վ հնարեր է այդ նշանաւոր երեք կապիկներու նկարը, կամ քանդակը, ուր անոնցմէ մէկը իր աչքերը փակած է, երկրորդըՙ բերանը, իսկ երրորդն ալՙ ականջները: Փոքր տարիքէս գրաւած են զիս անոնց արտայայտութիւնները, սակայն նայած եմ ու անցած, առանց խորը թափանցելու, արուեստագէտին պատգամը հասկնալու: Յետոյ անշուշտ հասկցայ ու վերագրեցի մարդոց, որոնք կարգ մը կարեւոր բաներ չեն ուզեր տեսնել, կամ չեն ուզեր գաղտնիք մը դուրս տալ, կամ վատաբանութիւններ, կամ բամբասանքներ չեն ուզեր լսել: Սակայն երբ մեծցայ ու ճանչցայ աշխարհը իր փոփոխուող իրավիճակներով, տեսայ աշխարհի մէջ պատահածները: Իսկ երբ սկսայ քիչ մը ծանօթանալ քաղաքական խոհանոցին մէջ կրակի վրայ դրուածներուն, հասկցայ, որ այդ կապիկներու նկարը գիրք մը լեցնելու չափ իմաստութիւն կը պարունակէ: Տեսայ ու հասկցայ, թէ որքան ճիշդ բնորոշած է մարդկային, թէ քաղաքական ու դիւանագիտական աշխարհը, ինծի անծանօթ այդ մտաւորական արուեստագէտը:
ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ ներկայացուցիչ, անուանի դիւանագէտ Դոկտ. Պաշշար Ալ Ճաաֆարինվերջերս իր ելոյթի ընթացքին ի մէջ այլոցՙ ըսաւ, թէ Սուրիոյ հիւսիսի նաֆթահանքերէն ամէն օր 200 հազար տակառ նաֆթ կը գողցուի, գողցուած է նաեւ երկրի «Սպիտակ ոսկի» անուանուող Սուրիոյ հռչակաւոր բամպակի բերքէն 40 հազար թօն. հազարաւոր հեքթար ցորենի դաշտերը հրդեհուած են, գողցուած է հինգ միլիոն գլուխ ոչխար…
Անշուշտ գողը եւ անոր մեղսակիցները յայտնի են, սակայն միջազգային քաղաքականութեան ներկայացուցիչ երեք կապիկները իրենց փակ աչքերով, փակ բերանով ու փակ ականջներով ոչինչ ընելու ընդունակ են, այնքան ատեն, որ չեն ուզեր տեսնել եղած անարդարութիւնները, չեն ուզեր լսել ցաւատանջ վիրաւոր ու սգաւոր քաղաքացիին բողոքները ու բերաննին փակ կը լռեն ի տես եւ ի լուր այս բոլորին: Այս բոլորը կ՛ընեն, քանի որ Սուրիան որպէս արբանեակ չի դառնար իրենց ծիրին մէջ եւ կը շարունակէ անկախ մոլորակ մնալ:
Սխալեցայ, «կը շարունակէ»ի փոխարէնՙ «կը փափաքի» պիտի ըսէի, քանի որ այս տասնամեայ պատերազմը շատ բաներ գլխիվայր շրջեց ու Սուրիոյ նման ինքնավար, ազատ-անկախ երկիր մը ակամայ արբանեակի վիճակ ստացաւ, երբ իրեն օգնութեան փութացող երկու այլ մոլորակներ զայն արբանեակի վիճակի մէջ դրին:
Ցաւալին այն է, որ այսօրուան եօթը աստղանի պանդոկներ ունեցող կարգ մը արաբական երկիրներ ժամանակին այնքան աղքատ ու յետամնաց էին, որ ժողովուրդը անվարտի, ոջիլներու մէջ կը լողար եւ մարախներով կը սնուէր, մինչ Սուրիան զարգացում կ՛ապրէր ու կը փայլէր իր տասնեակ մը ազգային ու յարանուանական խճաքարերու խաղաղ ու համերաշխ գոյակցութեամբ, իր համալսարաններու մակարդակով, իր մտաւորականներու սերուցքով, կանանց պարգեւած ազատութիւններով եւ իրաւունքներով, իր ապահովութեամբ, իր բերքերուն եւ ուտեստեղէնին առատութեամբ եւ աժանութեամբ: Այսօր, այդ Սուրիան դարձած է սգաւոր մայր մը, որ արնաքամ եղածՙ իր անցեալի փառքը կ՛երազէ, ու ահա՛ տասը տարիէ ի վեր կը տուայտի իր լիարժէք տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու եւ լրիւ անկախանալու համար:
Հարիւրհազարաւոր զոհեր, բազմահարիւր քանդուած քաղաքներ, աւաններ ու գիւղեր, դպրոցներ ու հիւանդանոցներ, մշակոյթի կեդրոններ ու աղօթատուներ… ո՛չ կանոնաւոր ելեկտրականութիւն, ո՛չ վարելանիւթ, ահաւոր սուղ, անմատչելի սննդամթերք, որ տոլարի աճին հետ թեւանցուկ կը բարձրանայ, հասնելու համար նախկինին հարիւրապատիկին: Ու այս բոլորը կարծես բաւարար չեն, Ամերիկան կը շարունակէ անընդհատ նոր պատիժներու ենթարկել այս «անհնազանդ» երկիրը, որ միւսներուն նման իր սայլին չի կապուիր:
«Ազգ»ի անցեալ համարի խմբագրականի խորագրը միամտաբար կրկնել կ՛արժէ՞ՙ «Իրաւունքի՞ ոյժ, թէ՞ ոյժի իրաւունք»… Այլեւս ի՞նչ իրաւունք, ի՞նչ արդարութիւն…
Երեք կապիկները դեռ կը շարունակեն կոյր, խուլ ու յամր մնալ:
«Ազգ» շաբաթաթերթ