Որեւէ երկրի մէջ, ուր իշխանութեան հանդէպ դժգոհանք կայ, բարեփոխումներու պահանջքով, կամ զայն արմատախիլ ընելու եւ երկրի ղեկը ստանձնելու նպատակով, սովորաբար ժողովուրդը երկու մասի կը բաժնուիՙ իշխանութեան կողմնակից եւ ընդդիմադրութիւն: Ասոնք ընդհանրապէս մեծ եւ ազդեցիկ կուսակցութիւններ կ՛ըլլան, որոնցմէ մին կը մարտնչի, որ երկրի ղեկավարութիւնը իր ձեռքէն չելլէ, իսկ միւսըՙ որպէսզի ինք ձեռք անցընէ իշխանութիւնը:
Այս պայքարը կարգ մը երկիրներու մէջ բանաւոր ու գրաւոր խօսքի սահմանները չ՛անցնիր, իսկ ուրիշ երկիրներու մէջ ալ ցոյցերով, հանրահաւաքներով ու նոյնիսկ զինեալ բախումներով կ՛ըլլայ:
Այս երկու հակադիր կողմերէն անջատՙ կայ երրորդ, աւելի մեծ զանգուած մը, որ չի խառնուիր իրադարձութեանց, որպէս դիտորդ կը մնայՙ լռութիւն պահպանելով: Այս երրորդ կողմը կա՛մ երկրի իսկական մտաւորականութեան սերուցքն է, որ կը մնայ իր բարձունքին վրայ, նախընտրելով իր գիտական, գրական, արուեստի կամ այլ բնագաւառներուն մէջ շարունակել ստեղծագործել, կամ ալ լրիւ անտարբեր ամբոխ մը, որուն համար ով ուզէ թող ղեկավարէ, կարեւորըՙ ինք աշխատանք ունենայ եւ իր ապրուստը հոգայ:
Այս լուռ, եղելութեանց չխառնուող մասսան, որ միատարր չէ, եթէ միանայ եւ մէկ ճակատ կազմէ, կրնայ իր բարերար ազդեցութիւնը ունենալ երկիրը ցնցումներէ զերծ պահելու համար: Ան իր անտարբերութեամբ եթէ չի վնասեր երկրին, անտարբեր չըլլալով կրնայ օգտակար դառնալ:
Ամիսներէ ի վեր մեր մօտ ականատես կ՛ըլլանք ցոյցերու, հանրահաւաքներու եւ որ ամենաանհանդուրժելին էՙ ֆէյսպուքեան գրաւոր արտայայտութեանց, ուր իշխանամէտ կամ ընդդիմադիր անմակարդակ տարրեր անզուսպ, նոյնիսկ ջղագրգիռ ելոյթներ կ՛ունենանՙ բացած իրենց հայհոյանքներու եւ անէծքներու նեխած տոպրակը: Պահ մը կը տարուիմ մտածելու, որ ասիկա իսկապէ՞ս Հայաստանի մէջ է եւ հայաստանցիներու կողմէ՞ կ՛ըլլայ, քանի որ մենք, սփիւռքահայերս, մեր փոքր տարիքէն, միշտ Հայաստանը ընդունած ենք որպէս իտէալական հայրենիք, ուր ամէն ինչ կատարեալ է եւ որը մեզի ծառայելու է որպէս ուղեցոյց եւ արեւելումի թիրախ:
Օրերը կը սահին, բախումները կը շարունակուին, բարեբախտաբար ոչ անզուսպ ու մոլեգին ձեւով, ջանալով օրէնքի սահմանները չ՛ոտնակոխել: Օրերը կ՛անցնին, սակայն բան չի փոխուիր, ոչ մէկը տեղի կու տայ, ոչ ալ միւսը: Սակայն մայրաքաղաքը զգալի կերպով ցնցումներու կ՛ենթարկուի, քանի որ հանրահաւաքները պատճառ կը դառնան, որ քաղաքի կարգ մը բանուկ երթեւեկութեանց երակները խցանուին, վերը յիշածս երրորդ կողմի մարդիկ մեքենաներու եւ հանրակառքերու մէջ երկար մնան փակուած ու, մտովի, երբեմն ալ բարձրաձայն, անիծեն ընդդիմադիրներն ալ, իշխանամէտներն ալ:
Պսակաւոր ժահրի աւերները դեռ կը շարունակուին, անոր վրայ եկան բարդուելու Արցախի պատերազմն ու անոր ահաւոր հետեւանքները, երկիրը շատ լուրջ տագնապի մէջ է, սակայն «մարտնչող» կողմերը կացութեան համեմատ զգօնութիւն ցոյց տալու փոխարէն կը շարունակեն իրենց «գրոհները»:
Ահա՛, այստեղ է, որ երրորդ կողմը արթննալու է իր թմբիրէն, մեր մտաւորականութիւնը ոտքի կանգնելու է իր հեղինակաւոր խօսքը ըսելու եւ երկու կողմերուն ալ հրաւէր կարդալու լրջախոհութեան եւ զգաստութեան: Խումբ մը մտաւորականներու թեր կամ դէմ արտայայտութիւնները բան չեն փոխեր, բոլո՛րը անխտիր, որպէս երրորդ ոյժ հրապարակ իջնելով զսպելու են կողմերը, անշուշտ տրամաբանական եւ համոզիչ յորդորներով կիրքերը հանդարտեցնեն եւ երկիրը այս անել վիճակէն դուրս բերելու համար յատուկ ծրագիր առաջարկեն, որ կրնայ գոհացնել երկու կողմերն ալ:
Այս երրորդ ոյժը անգլուխ ըլլալու չէ, երկու հակադիր կողմերը երեքի վերածելու չէ: Բոլորին կողմէ յարգուած, իմաստուն ու խաղաղարար, համերաշխութեան ջատագով, սակայն անբեկանելի կամքով անձնաւորութիւն մը, որ իշխանութեան ձգտում չունենայ, սակայն ճամբայ հարթէ դէպի բաղձալի լուծում: Անկարելի՞ է, չեմ հաւատար, Հայրենի հողը միշտ ալ ծնունդ տուած է ցանկալիին. Սեւակի խօսքովՙ «ուշ-ուշ են գալիս, բայց ոչ ուշացած…»: Մաղթենք եւ սպասենք: