Վերընթերցելով Օտեանի «Թիւ 17 խաֆիէն» վէպը
Պատանեկութեանս կարդացեր էի, Ակաթա Քրիսթիի եւ ուրիշներու գաղտնիոստիկանական վէպերու շարքինՙ Երուանդ Օտեանի «Թիւ 17 խաֆիէն» գործը: Կը յիշեմՙ «Զարթօնք»ի թերթօնային էջերէն հաւաքուած եւ կազմուած երկու կամ երեք հատոր էր, հաստ եւ ամուր կողքով, բազմաթիւ ընթերցողներու ձեռքէն անցած բազմատանջ էջերով: Զայն մէկ շաբաթով վարձու առեր էի Նոր Հաճըն թաղամասի մէջ գտնուող գրատուն եւ (չզարմանաք) սափրատուն Սամի Կարոյէն, որ այդ օրերուն եւ կարծեմ մինչեւ 90-ական թուականները վարձու գիրք կը տրամադրէր շատ մատչելի գինով, ինչպէս «Գրատուն Նուպար»ը Պուրճ Համուտի Արաքս փողոցին սկիզբը եւ Թրատ թաղի կողմերը գտնուող Էմմի-օղլուի (այդպէս կ՛ըսէին) գրախանութը, որ նաեւ գործածուած դասագիրք կը գնէր ու կը ծախէր: (Ի դէպ, շնորհակալութեան արժանի աշխատանք պիտի ըլլար լիբանանահայ գրախանութներու եւ յատկապէս վարձու գիրք տրամադրող գրատուներու պատմութեան ուսումնասիրութիւն մը ունենալը: Անոնք, մեր օրաթերթերուն հետ, անգնահատելի դեր կատարած են լիբանանահայոց մէջ հայախօսութիւնն ու հայերէնաճանաչութիւնը տարածելու, արմատաւորելու տեսակէտէն): Մինչ այդ կարդացեր էի Օտեանի «Թաղականին կնիկը» եւ այլ գործեր, բոլորն ալՙ երգիծական, այդ տարիքիս տպավորութեամբՙ քոմիք, կամ խնդալիք, ինչ որ զիս Օտեանին կապող գլխաւոր հատկանիշն էր այն ժամանակ: «Խաֆիէ»ի ընթերցումս, միշտ կը յիշեմ, այդ առումով զիս յուսախաբ ըրած էր, սակայն փոխարէնըՙ գրեթէ ամբողջութեամբ երկխօսութիւններէ բաղկացած ըլլալունՙ բաւարարած էր ընթերցելու ծարաւս:
Յետագայ տարիներուն, երբ Օտեանը իմ ամենասիրելի հեղինակն էր դարձեր արդէն ու կարդացեր էի անոր գրեթէ բոլոր ստեղծագործութիւները, իսկ «Անիծեալ տարիներ»ուն մասին ալ, շատ աւելի ուշ, հրապարակային դասախօսութիւն մըն ալ տուեր էի, բնաւ միտքէս չէր անցած վերընթերցել «Խաֆիէ»նՙ անշուշտ պատանեկան դեռ յամեցող տպաւորութեանս տակ: Միայն ասկէ մի քանի ամիս առաջ, covid-19-ի պարտադրած ինքնամեկուսացումի առաջին օրերուն, բացառապէս իբրեւ ժամանցային հետաքրքրութիւն, կրկին ձեռքս առի 2000-ին Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին կողմէ եւ Յարութիւն Սիմոնեանի մեկենասութեամբ լոյս տեսած եռահատոր «Խաֆիէ»ն, որուն ենթավերնագիրն էՙ «Ժամանակակից պատմական վէպ»: Միայն Օտեանի խորաթափանց միտքը կրնար այդպիսի բնորոշում տալՙ պատմութեան մէջ մնալու, պատմութեան համար կարեւոր, ներկայ ժամանակին պատահած, սակայն ապագային միտուած վէպ…
Այս անգամ յափշտակութեամբ, ապշանքով եւ ընդվզումով կարդացի գիրքը, նաեւՙ ամօթով:
Աշխարհացունց պատերազմի նախօրէն է, արեւմտահայութեան օրակարգի գլխաւոր հարցը Արեւելյան Նահանգներու բարենորոգումներու խնդիրն է, Հոֆն ու Վեսթենենկը ժամանելու վրայ են, երիտթուրքերու կառավարութիւնըՙ կատաղութեան գագաթնակէտին: Պատիարքարանն ու Ազգային ժօղովը իրարանցման մէջ են. տեղեկութիւն կայ, որ Պատրիարքարանէն Մեծ պետութիւններու դեսպանատուներուն ուղղուած գաղտնի տեղեկագիրներ գողցուած եւ թուրքական կառավարութեան փոխանցուած են: Ո՞վ է գողը, որո՞նք են անոր մեղսակից գործակալները, խաֆիէները: Վէպին առաջին էջերէն սեղանին կը դրուի այս գլխաւոր հանգոյցը, plot-ը: Աւելի ուշ կը պարզուի երկրորդը մըն ալ. թրքական ոստիկանութեան գաղտնի գործակալ Արշաւիր Սահակեանը (բուն անունովՙ Արթիւր Հանօեան-Եասեան) Հնչակեան կուսակցութեան Քոստանցայի (Ռումինիա) գաղտնի ժողովէն առաջին ձեռք տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Բ. Դուռՙ Իթթիհատի դէմ ծրագրուող ապստամութեան եւ ահաբեկչութիւններու մասին…
Մինչ այդ Թուրքիան Գերմանիոյ կողքին եւ ընդդեմ Դաշնակից երկիրներու պատերազմի մէջ կը մտնէ, եւ հայութիւնը միս-մինակ, դէմ-դիմաց կը յայտնուի Թուրքին դէմՙ գոյութենական օրհասի մէջ, ուռկանի մէջ թպրտացող ձուկի նման: Կը սկսին հալածանքները, միաժամանակՙ խրախճանքը բոլոր տեսակի գործակալներու, լրտեսներու եւ դաւաճաններու: Հա՛յ խաֆիէներու: Գործ շատ կայ այդ տականքներուն համար: Արեւմտահայութեան մտաւորական, քաղաքական, կուսակցական ու եկեղեցական ամբողջ սերուցքը հոնՙ Կ. Պոլսոյ մէջ դիւրին թիրախ է խաֆիէներուն համար: Ցուցակներ կը կազմեն, հասցէներ կը ճշդեն, կը ձերբակալեն կամ կ՛օգնեն ձերբակալելու: Գարեգին Նժդեհի ըսած «հայու տականքը» գործի վրայ է:
Բոլորըՙ տիպականացուած, տականք կերպարներ, անհայրենիք, ապազգային, անմարդկային սրիկաներ, որոնք իրարու ձեռքէ խլելով հայ ղեկավարներու, զինուորական ծառայութենէ խոյս տուած հայ երիտասարդներու «որսը», յանուն դրամի, զուարճութիւններու, ոստիկանապետերու եւ Թալէաթի աչքը մտնելու «մրցանակի», մատնչութիւն կ՛ընեն շարունակ, նոյնիսկ կը հրահրեն, որպէսզի թուրքերը յալածանքներու դիմեն իրենց իսկ ազգակիցներուն դէմ:
Միաժամանակ չեն մոռնար իրարու դէմ դաւելու, «որսը» իրարու ձեռքէ խլելու եւ ներկայացնելու թուրքերուն: Եւ այդ մարդիկ, այդ բոլոր գործակալները, մատնիչներն ու լրտեսները (Օտեան զանոնք կը ներկայացնէ ծագումով արաբերէն «խաֆիէ»ՙ «գաղտնի» բառով)ՙ որոնք կենդանի, ապրող դաւաճանները եղած են պոլսահայութեան, ինչպէսՙ Արթին Մկրտիչեանը («Հարւոն»), Արշաւիր Սահակեանը, Հմայակ Ադամեանը, Հիտայէթը (կարգազուրկ եկեղեցական), Աստիկ Մարկոսեանը (բո՛ւնՙ թիւ 17 խաֆիէն, Ասատուր Մաթէօսեանը), Էմին, Աբգար եւ Սերովբէ էֆենտիները, Արշակ Ալյանը, Էլիզ Մալեանը եւ ուրիշներ: Օտեանը անոնց կերպարը չի ներկայացներ նկարագրութիւններով, այլՙ անոնց երկխօսութեանց ընդմէջէն ու շնորհիւ, աւելի վառ դարձնելով անոնց նկարագիրը, աւելի ճիշդՙ նկարագրի չգոյութիւնը: Հոս կարիք կա՞յ յիշեցնելու, որ Օտեան լաւագոյն վարպետն է մեր գրականութեան մէջ dialog-ի, երկխօսութեան:
Մէկ խօսքովՙ վաւերագրական վէպ մըՙ «Խաֆիէ»ն, ուր իւրաքանչիւրը կը ներկայանայ զիրար գերազանցող ստորութեան, մութ բնազդներու եւ դաւաճանական մոլուցքի համապատկերին մէջ:
Բայց ոչ միայն անոնքՙ խաֆիէներն են այս վէպին մէջ ներկայ, այլ նաեւ ազգին մեծերըՙ Զաւէն Պատրիարք, Գրիգոր Զոհրապ, Վարդգէս, Ակնունի (Խաչատուր Մալումեան), Արամ Անտոնեան, Գարեգին Փաստրմաճեան, Եղիշէ Դուրեան արքեպիսկոպոս, Ռուբէն Զարդարեան, Վահան Թէքէեան, Թէոդիկ, Թօլոլեան Երուանդ, Թոշիկեան Վահան, Կոմիտաս, Յարութիւն Ճանկիւլեան, Ոսկան Մարտիկեան, Շաւարշ Միսաքեան, Աբիկ Մուպահեաճեան, Մուրատ, Գաբրիէլ Նորատունկեան, Յարութիւն Շահրիկեան, Ստեփան Սապահկիւլեան, Սարգիս Սուին, Նազարէթ Տաղաւարեան, Փարամազ, Վահան Փափազեան (Կոմս), Տիրան Քէլեկեան, Բիւզանդ Քէչեան, Մաղաքիա արք. Օրմանեան եւ ուրիշներ, շատերըՙ որպէս գործող, ոմանքՙ յարակից դէմքեր: Ամբողջ եւ ամբողջական սերուցք մը, որուն մեծ մասը աքսորուեցաւ, ինչպէս ինքըՙ Եր. Օտեան, շատերը մորթուեցան կամ գանկակոտոր եղան… Օտեանը հազուագիւտ փրկուողներէն է, նախախնամութեան կարգադրութեամբ, թերեւս… որպէսզի վկայէ գալիք սերունդներուն համար:
Բացառիկ են մանաւանդ Թալէաթի եւ Զոհրապի երկխօսութեան երկու դրուագներըՙ տեսակէտներու բախումը Դահիճին ու Զոհին միջեւ, իր եւ իր ժողովուրդին մօտալուտ մահը զգացող Դատապաշտպանի եւ նույն ժողովուրդին սպանդը ծրագրած պետական Ոճրագործի միջեւ: Եւ բարձրակէտը այդ դաժան զրույցիՙ Թալէաթի համբույրը Զոհրապինՙ բաժանումի վերջին պահուն… խորունկ տարակուսանքի մէջ թողլով մեծ գրողը:
Նպատակս Օտեանի գործին գրականագիտական քննութիւնը չէ. այդ բանը հմտօրէն ըրած է եռահատորին Յառաջաբանին հեղինակՙ համալսարանական ընկերսՙ պրոֆ. Սամուէլ Մուրադեանը, մինչ միւս համակուրսեցինՙ Հեղինէ Մուրադեանը, բծախնդրօրէն կատարած է տեքստը տպագրութեան ներկայացնելու դժուարին աշխատանքը: Նպատակս Օտեանի հանճարին վերընդգծումն էՙ մեր ժողովուրդի պատմութեան ամենադժբախտ պահերէն մէկը այդքան ճշմարիտ եւ ճշմարտանման ներկայացնելու, առանց ողբի եւ արցունքի Մեծ ողբերգութիւնը մատուցելու եւ, յատկապէս, դաւադիրներու դաւաճանութիւնըՙ մինչեւ զիրենք վարձած թուրքերուն իսկ ձեռքով իրենց դժնի մահուան արժանանալու ամբողջ պատմութիւնը:
Արդարեւ, «Խաֆիէն» Օտեանի մեծ գործերէն մէկը, իրապաշտ, վաւերագրական, վաւերական, անողոք: Գործ մը, որ թերթօնային ըլլալուն եւ այդ ժանրի բոլոր պարտադրանքներուն տուրք տալով հանդերձ, մեզի ձգած է մենք զմեզ ճանչնալու, մեր յիմարութիւնները, մեր անխելքութիւնը, մեր մէջի դաւաճանները ճանչնալու պատգամը: Կ՛ըսեն, թէ երգիծագիրներն ու երգիծանկարիչները սրատես, անողոք մարդիկ են, որոնք ճշմարտութիւնը դիտել-որսալու մոլուցքին զոհ կրնան դարձնել նոյնիսկ իրենց բարեկամները, ինքզինքնին անգամ: Օտեանի պարագային մենք ունինք մէկը, որ բոլորէն լաւ որսացած է իր ազգի՛ն սրիկաները, տականքները, հայելին բացած է անոնց դէմքին եւ ցոյց տուած է մեզի, որպէսզի հասկնանք, որ մենք միայն զոհ չենք, ոչ ալ միայն հերոս եւ հերոսապաշտ, այլեւՙ դաւաճաններ ծնած, զանոնք հանդուրժած ազգ, հազուադէպօրէն զանոնք պատժած, զգետնած ազգ…
Ինքնաճանաչումի այդ դառնահամ դասը այսօր ալ, 44-օրեայ պատերազմէն, մեր պարտուենէն ետք, մեզի պէտք է սորվեցնէ հերոսականին հետ գիտակցելու, որ մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք եւ ունինք նաեւ դաւաճաններ, որ պէտք է ճանչնանք մեր մէջի գործակալները, որ պէտք է գիտնանք խաֆիէները դիմակազերծելու, զանոնք արմատախիլ ընելու գործը:
Հանճարեղ է Երուանդ Օտեանը: Եթէ մեր խեղճուկ թերթերու խմբագիրներուն փոխարէն անիկա ունենար Եւրոպայի հրատարակիչները որպէս պատուիրատու, համաշխարհային գրականութեան աստղ կը հռչակուէր, անկասկած:
«Թիւ 17 խաֆիէն» նորէն պէտք է հրատարակել, ճիշդ կամ հենց այս օրերուն: Վերջինՙ 4-րդ հրատարակութեան տպաքանակը լրիւ սպառած է վաղուց: Կը նշանակէՙ հայերս պէտքը ունինք մենք մեզ աւելի լաւ ճանչնալու: Հպարտանալու շատ բան ունինք, նաեւ` ամչնալու:
Մատենագիտական
«Թիւ 17 խաֆիէն» վէպը առաջին անգամ որպէս թերթօն լոյս տեսած է Պոլսոյ «Վերջին լուր» օրաթերթին 1919-1920-ի թիւերուն մէջ: 1938-ին 4 հատորով հրատարակուած է Գահիրէի «Սինէվէպ» տպարանին մէջ: 1957-ին Պէյրութի «Զարթօնք»ը թերթօնի ձեւով հրատարակած է զայն: Վերջինը, ինչպէս ըսուեցաւ, 3 հատորով հրատարակուած է Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին (յատենի տնօրէնՙ Հենրիկ Բախչինեան) կողմէ, 2000-ին:
«ՊԱՅՔԱՐ», 7 փետր., 2021թ.