Ամէն անգամ, երբ մեր պատմութեան էջերը կը թերթատեմ, ուշադրութիւնս կը գրաւեն անցեալի մեր տոհմիկ մականունները, կամ ազգանունները: Շատերու համար գուցէ անկարեւոր թուին, սակայն զիս մեծապէս կը հետաքրքրեն:
Կը մտածեմ, ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս եկած են անոնք ու դարձած, ըսենքՙ թագաւորական, իշխանական տոհմ մը յատկանշող մականուն, կամ տոհմանուն: Բագրատունի, Ռշտունի, Ամատունի, Գնունի, Արծրունի… Շարքը կարելի է երկարել: Սիւնիները, պարզ է, որ Սիւնիքէն եկած են, Բագրատունիները իրենց տոհմի հիմնադիր Բագրատին առնչուած ըլլալու են, Գնունիները նոյնպէսՙ Գինէն: Թերեւս այս իմաստով միւսներն ալ ինչ-որ վայրի մը, կամ տոհմապետի մը առնչուած են:
Կը մտածեմՙ ո՞ւր գացին այս անունները, ի՞նչ եղան, ինչո՞ւ չշարունակուեցան: Այսօր կան հատուկենտ մականուններ, ինչպէսՙ Բագրատունի, Ամատունի, Արծրունի, Ատրունի եւ այլն, թէեւ վստահ չեմ թէ այս մականունները կրողները իսկապէս վերոյիշեալ իշխանատուներուն ժառանգորդներն են, թէ՞ ոչ, սակայն, երբ լսեմ անոնց մականունները, տարբեր զգացում մը կ՛արթննայ մէջս:
Հիմա բոլորը պիտի ըսեն, թէ մեր ներկայ մականուններուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը թուրքին գործն է, եւ ճիշդ է: Երբ կը խօսինք Ցեղասպանութեան մասին, երբ կը խօսինք մշակութային եղեռնին մասին, կը մոռնանք յիշելու մեր մականուններուն ալ «եղեռնը»…
Սովորական է լսել մականուններ, որոնք անձին արհեստին վերաբերած են, ինչպէս: Գույումճեան (ոսկերիչ), Դեմիրճեան (երկաթագործ), Նաճարեան (ատաղձագործ), Տեկիրմենճեան (ջաղացպան)… Կամՙ մարմնական թերութեամբ մը յատկանշուած, ինչպէսՙ Թոփալեան (կաղ), Չոլաքեան (ձեռնախեղ), Շիշմանեան (գէր)… Նաեւ ծննդավայրին առնչուող, ինչպէսՙ (Մարաշլեան, Այնթապլեան, Քիլիսլեան եւ այլն):
Այս բոլորը հասկնալի են, նաեւ ընդունելի, քանի որ շատեր իրենց բուն մականունը մոռցած ըլլալով, թրքական անուանացանկերուն մէջ ստիպուած էին թրքերէնով ածականներ ու անուններ յղանալ ու դրոշմել, եւ այդ ածականները ոչ միայն տոմարներուն մէջ կը մնային, այլՙ կը դաջուէին իւրաքանչիւրին ճակատին ալ:
Դժբախտութիւն մըն է, որուն ցաւը ուշ զգացին անոնց տէրերը: Այնպիսի մականուններ, որոնց ի լուր, կամ ի տես, մարդիկ կրնան խնդալ, սակայն եսՙ կը տխրիմ::
Հիմա, քանի մը մականուն (ազգանուն) պիտի յիշեմ, եւ շատ պիտի խնդրեմ այդ մականունները կրողներէն, որ ներողամիտ գտնուին, քանի որ մտքիս ծայրէն իսկ չ՛անցնիր վիրաւորել զիրենք:
Եըլանկէօզեան (օձի աչք ունեցող), Թախտապուրունեան (փայտէ քիթ ունեցող), Սողանյիմէզեան (սոխ չուտող), Չաթալպաշեան (երկճիւղ գլուխով), Պոշկեզենեան (պարապ-սարապ պտտող)… Ասոնք ալ թուրքին գործը չեն յուսամ, սակայն մեր մէջ շատ ընդհանրացած է մարդոց պիտակաւոր անուններ փակցնելը: Մարդոց անուն կը փակցնենք ու վերջն ալ «զոհերը» այդ ածականներով, որպէս մականուն ընդունած, կը մտնեն տոմարներու մէջ: Թուրք պաշտօնեան պիտի հարցնէ ձեր մականունը ի՞նչ է, անշուշտ անուանակոչեալ մարդուն զաւակները, կամ թոռները մոռցած ըլլալով պիտի ըսեն թրքերէն «Պիզի Եըլանկէօզ կիլ տելլար» , (Մեզ Եըլանկէօզենք կ՛ըսեն), ու պաշտօնեան ալ պիտի արձանագրէ ճիշդ այդպէս:
Այսօրինակ մականուններուն տէրերը յանցաւոր չեն, իրենք այդ անունները ժառանգեր են իրենց մեծերէն, սակայն, ըստ իս յանցաւոր են, որ ցարդ փոխել չեն տուած: Ի՞նչ իմաստ ունի պահել «Պոշկեզենեան» նուաստացուցիչ մականունը, որպէս «թանկագին» ժառանգ, երբ ուրիշներ զայն «Զէնեան» ի դարձուցած են, շատ կարճ ու յարմար, նոյնիսկՙ իմաստուն:
Ի՞նչ իմաստ ունի պահել «Տիւզտապանեան» մականունը, որ նախահօր մը ոտքին տափակ ներբանին համար տրուած մակդիր մըն է: Իսկ ամենատարօրինակը, որ ծիծաղելի ըլլալու կողքին շատ ցաւալի է ու շատ վարկաբեկիչՙ «Ճեպիտելիքեան» մականունն է: Աստուած հոգին լուսաւորէ խեղճ մեծ հօր մը, որ աղքատ է եղած հաւանաբար, որ ճանչցուած է որպէս «գրպանը ծակ» մարդ, որուն թոռները այսօր հաւանաբար շատ պատուական ու հարուստ մարդիկ են:
Պատկերացուցէք սփիւռքի մէջ ապրող հայու մը կացութիւնը, որ օտար պաշտօնեային պիտի թելադրէ իր մականունըՙ Թախ-թա-պու-րուն-եան, կամՙ Ճե-պի-տե-լիք-եան.. Այդ պաշտօնեան հազար կտոր պիտի ըլլայ գրելու համար թելադրուածը, մտքէն ինչ հայհոյանքներ տեղացնելով թելադրողի հասցէին. (ականջը խօսի Վահէ Պէրպէրեանին):
Հանեցէ՛ք, նետեցէք ձեր վրայէն թրքական այդ տգեղ պիտակները: Հերիք ինչքան կրեցինք մեր նախնիներուն ծանր բեռը: Անոնք ստիպուած էին, մենք ստիպուած չե՛նք: