Թրամփը մեծ յուսախաբութիւն մը սրտին վրայ ծանրացած, իր վերընտրութեան ձախողութեան դէմ անյաջող պայքարի զէնքերը վար դրած, սեւեր հագած կնոջը հետ, ձեռքը թափահարելով, վերջին նախագահական հրաժեշտը տուաւ Սպիտակ տան ու գնաց հանգստանալու եւ հանգստացնելու բազմամիլիոն ամերիկացիները, որոնք այլեւս յոգնած իր քմահաճ խաղերէն ու խաղքերէնՙ նոր ղեկավարի մը գալուստը կ՛ողջունէին:
Կինը սեւ հագած էր, թերեւս որպէս սուգի նշան, քանի որ Սպիտակ տան տիրուհիի իր հանգամանքին վերջ դրուած էր. հիմա պիտի վերադառնար Թրամփի տանտիրուհիի իր նախկին հանգամանքին. կնոջ մը համար որքան տխուր կացութիւն:
Թրամփը մեծահարուստ գործարար է, անհաշիւ ձեռնարկութիւններու եւ գործարքներու տէր, առաւելՙ ամերիկեան հեռատեսիլի յաջող հաղորդավար մըն էր, իսկական showman մը իր արտաքինով եւ դերասանական շարժումներով, որ բաւական յաջող ծրագիրներով մեծ ժողովրդականութիւն շահած էր, կարեւոր դրամագլուխ մը` զոր օգտագործեց իր նախագահական ընտրարշաւին ու յաջողեցաւ:
Սակայն աշխարհի ամենահսկայ երկրին նախագահութիւնն ալ յաճախ շփոթեց իր show-երուն հետ ու հեռատեսիլային իր կարողութիւնները օգտագործեց այս նոր ասպարէզին մէջ ալ ժողովրդականութիւն շահելու համար:
Նախապէս պետական որեւէ պաշտօն չվարած, քաղաքական փորձառութիւն չունեցողի իր տկար կողմը փորձեց ծածկել «դերասանական» շարժումներով ու կարգ մը համարձակ քայլերով: Նախագահութիւնը շփոթեց նաեւ գործարքի հետ, ըլլալով վարպետ տնտէսագէտՙ իր ամբողջ նպատակը դարձուց երկրին տնտեսական վիճակին բարելաւումը:
Բայց, Սպիտակ տունն ու շուկան տարբեր բաներ են: Նախագահութիւնն ու առեւտուրըՙ նոյնպէս: Եւ այս շփոթը, իր կարծիքով յաջող, իսկ միջազգայնօրէն վտանգաւոր արդիւնք տուաւ: Ամերիկայի ֆինանսական կացութիւնը բարելաւեց, սակայն նոր խնդիրներ ու թշնամանք շահեցաւ: Չինաստանի հետ իր բախումները, միջազգային շարք մը կազմակերպութիւններէ եւ պայմանագիրներէ քաշուիլն ու նպաստներ զեղչելը, պարզապէս դրամ խնայելու համար, ակնկալուած դրական արդիւնք չտուին:
Ասոնց կից, քաղաքական գետնի վրայ իր արկածախնդիր բնաւորութեամբ ալ բաւական համարձակ քայլեր առնելէ չվախցաւ: Արգիլեց օտար կարգ մը երկիրներու քաղաքացիներուն մուտքը ԱՄՆ: Եւրոպային դէմ կենալով, Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութիւնը չեղարկեց, սակայն յաջողեցաւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարին հետ տեսնուիլ եւ, գոնէ ժամանակաւորապէս առաջքը առնել անոր հիւլէական վտանգաւոր փորձարկումներուն: Յաջողեցաւ նաեւ երկու Քորէաներու ղեկավարները իրարու մօտ բերել, որուն համար կը կարծէինք, որ խաղաղասիրական իր այդ յաջողութեամբ կրնայ խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին արժանանալ: Բաւական խնայողութիւն ըրաւ, սակայն միւս կողմէ ահագին դրամ ծախսեց Մեքսիքայի սահմանին վրայ պարիսպ բարձրացնելու համար:
Աւելի կարեւորութիւն տուաւ ցուցադրականութեան, քան իսկական եւ լուրջ ու սերտուած որոշումներ առնելու եւ գործեր կատարելու: Օրինակՙ ի՞նչ իմաստ ունէր ամէն անգամ նախագահական որոշումի տակ իր մանուածապատ ստորագրութիւնը ցուցադրելու, երախայի մը պէս, որ իր շահած, գրպանին մէջի գունաւոր գնդիկները հպարտութեամբ ցոյց կու տայ ընկերներուն:
Միակողմանի որոշումով, Իսրայէլին մեծ ծառայութիւն մը մատուցելու համար, Երուսաղէմը ճանչցաւ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք, բան մը, որ մասնաւոր օգուտ մը չբերաւ ո՛չ Իսրայէլին, ոչ ալ մեծ պետութիւններուն համաձայնութեան արժանացաւ: Առեւտրական գործելաձեւով կրցաւ կարգ մը արաբական պետութիւններ մերձեցնել Իսրայէլին եւ նոյնիսկ պաշտօնական ճանաչում եւ փոխադարձ շահաւէտ համաձայնութիւններ կնքուեցան:
Մէկ խօսքով, ԱՄՆ-ի պատմութեան մէջ, որպէս 45-րդ նախագահ, իր տարօրինակութիւններով իւրայատուկ տեղ մը գրաւեց: Բաւական դժուար ընդունեց իր պարտութիւնը: Աննախադէպ էր իր կողմնակիցներուն յարձակումն ու ներխուժումը Քոնկրէսի շէնք, որուն համար հրապարակայնօրէն հարցաքննութեան եւ ամբաստանութեան ենթարկուեցաւ:
Իր նախորդներուն նման երկրորդ նախագահական շրջանի մը չարժանացաւ, երեխայի պէս քիթը կախեց, նոր նախագահին երդմնակալութեան ներկայ չեղաւ ու չշնորհաւորեց: Մեծ երախայ մը: Bye-bye, Թրամփ: Սպիտակ տունը քու խաղավայրդ չէ՛: