11 Օգոստոս 2020
Անմիջապէս Հրատարակութեան Համար
Նուազ քան մէկ շաբաթ առաջ, Լինանանի մէջ պատահած աղիտալի պայթումէն անմիջապէս ետք, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը հանգանակութեան հրատապ եւ համընդհանուր կոչ ուղղեց, շտապ օգնութիւն փութացնելու համար լիբանանահայութեան, հաստատելով նաեւ յատուկ ֆոնտ մը այդ նպատակին համար: Աշխարհի բոլոր կողմերէն, բարերարներու եւ անհատներու կողմէ անյապաղ եւ լիաբուռն կերպով կատարուած նուիրատուութիւններով, շաբաթավերջին արդէն մէկ միլիոն տոլար գոյացած էր: Այդ գումարը կրկնապատկուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Նախագահ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններուն կողմէ, որոնք նաեւ խոստացան կրկնապատկել յառաջիկայ շաբաթներուն շտապ օգնութեան համար հանգանակուած բոլոր գումարները:
Անմիջապէս, $100,000 եւ աւելի գումարներով իրենց մասնակցութիւնը բերող նուիրատուներն էին, Էլի եւ Էլիզպիէթա Աքըլեան (ԱՄՆ), Երուանդ Տեմիրճեան (ԱՄՆ), Հայկ եւ Էլսա Տիտիզեան (ՄԹ), Նիկոլ Գուլաճեան (ԱՄՆ), Լեւոն եւ Քլոտիա Նազարեան (ԱՄՆ), Ժօզէֆ եւ Ճէննի Ուղուրլեան (ՄԹ), Պերճ եւ Վերա Սեդրակեան (ԱՄՆ), Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեան (ԱՄՆ), Սինան եւ Անժէլ Սինանեան (ԱՄՆ), եւ Մի Ոմն (ԱՄՆ):
Հ.Բ.Ը.Մ.ը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլոր բարերարներուն, հանրութեան շրջանակներէն անհատ նուիրատուներուն, երիտասարդ արհեստավարժներուն եւ աշխարհի բոլոր կողմերէն իրենց մասնակցութիւնը բերող աջակիցներուն:
Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի խօսքերով, «Քանի մը օրերու ընթացքին, արատաձեռնօրէն կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացած պատկառելի գումարը, խորագոյն գոհունակութիւն կը պատճառէ մեզի: Մեր միացեալ ուժերով է որ մենք պիտի կարենանք օգնութեան հասնիլ աղէտի գօտիին մէջ գտնուող մեր համայնքի անդամներուն եւ աջակցիլ տեղւոյն վրայ, Հ.Բ.Ը.Մ.ի շտապ օգնութեան յատուկ ջոկատներուն կողմէ յառաջ տարուող փրկութեան աննախընթաց աշխատանքներուն:»
Հ.Բ.Ը.Մ.ը կոչ կ’ուղղէ աշխարհատարած հայութեան, փրկութեան ձեռք մեկնելու իրենց Լիբանանի հայրենակիցներուն, արագ եւ առատաձեռն նուիրատուութիւններով, առաւեալգոյնս օգտուելու համար հանգանակուած գումարներու կրկնապատկումի առիթէն:
Նկատի ունենալով ներկայիս փոստով ուղարկուած չէքերու կապուած բարդութիւնները, կը խնդրենք նուիրատուութիւնները կատարել առցանց կամ հեռաձայնային կապով:
Citibank NY-ի մօտ ստեղծուած Շտապ Օգնութեան Ֆոնտին եւ անոր աշխատանքներուն վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կրնաք այցելել www.agbugiving.org/lebanon կայքէջը, կամ հեռաձայնել 212-319-6383 թիւին (Նիւ Եորքի ժամով, երկշբ. – Ուրբ. Ժամը կ.ա. 9 – կ.ե. 5): Հեռագրային փոխանցումները հաճեցէք կատարել ել-նամակի հետեւեալ հասցէով giving@agbu.org
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումինՙ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները բարերար ազդեցութիւն կը բերեն տարեկան 500,000-է աւելի անձերու կեանքերէն ներս, Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ը հաւատարիմ մնացած է համայն հայութեան բարօրութեան ապահովումին ուղղուած իր գլխաւոր առաքելութեան: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համարՙ այցելեցէք www.agbu.org կայքէջը: