Կրօնական դաստիարակութիւնը ուղեկցած է սփիւռքահայ աշակերտին գրեթէ ամբողջ ուսման տարիներունՙ առաջին դասարանէն մինչեւ աւարտական դասարան, այսինքն ամբողջ 12 տարի: Կասկած չկայ, որ անոր ներկայութիւնը հայերէն լեզուին, հայոց պատմութեան եւ գրականութեան կողքին եղած է կենսական, յատկապէս սփիւռքահայ վարժարաններուն մէջ, որովհետեւ նկատուած է ազգապահպանման կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը: Իսկ երբ, որոշ պարագաներու, որոշ երկիրներու մէջ պետական որոշումով զեղչուած է հայոց պատմութեան նիւթը եւ կրճատուած հայերէնի դասապահերը, կրօնը մնացած է եւ օժանդակած որոշ չափով հայոց պատմութեան եւ հայերէնի դասաւանդութեան բացերը գոցելու:
Հայոց եկեղեցին սոսկ կրօնական հաստատութիւն մը չէ, ան ազգայի՛ն հաստատութիւն է, քանի որ մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին մեր պետականութեան կողքին, եւ երբեմն ալ առանձինն պետութեան դեր կատարած է, քաղաքականութիւն խաղացած է, ինքնապաշտպանութեան դիմած է, կռուած է, նահատակուած է, կամ յաղթած է ու պաշտպանած հայրենիք եւ կրօն, վկա՛յ Աւարայրը Վարդանանքով, Պեռլինի վեհաժողովը Խրիմեանով, Սարդարապատը Գարեգին եպս. Յովսէփեանցով, Զէյթունի, Այնթապի, Մուսա Լեռան, Արցախի եւ այլ վայրերու հերոսամարտերը իրենց կղերականներու մասնակցութեամբ ու առաջնորդներով:
Սակայն եւ այնպէս, կրօնի դասագիրքերը, որոնք սովորաբար եկեղեցականներու կողմէ պատրաստուած են, չեն եղած իտեալական, մանկավարժական, նպատակայարմար դասագիրքեր, անոնց աւանդութիւններով, եկեղեցականներու անուններով, տեղանուններով, դէպքերով ու դէմքերով անտեղի ծանրաբեռնուածութեան պատճառով, զորս միտք պահելը դժուար եղած է ու ժամանակավրէպ:
Յետոյ գտնուեցան թեմակալ առաջնորդներ, որոնք եկեղեցականներէ, աշխարհական մտաւորականներէ եւ ուսուցիչներէ կազմուած խառն յանձնախումբի մը յանձնեցին կրօնի գիրքերու նոր շարքի մը պատրաստութիւնը, որուն արդիւնքը եղաւ աւելի լաւ բովանդակութեամբ մատչելի դասագիրքեր, ինչպէս էր պարագան Հալէպի մէջ:
Այս օրերուն Հայաստանի մէջ ԿԳՄՍ նախարարի առաջարկը կրօնի դասերը հայոց պատմութեան դասերուն միացնելու, բաւական ըսի-ըսաւի տեղիք տուաւ: Նախՙ նոր առիթ մըն էր ընդդիմադիրներուն համար իրենց քննադատութիւններուն վրայ իւղ լեցնելու, ապա ոմանք հարցին մակերեսայնօրէն մօտեցան ու որպէս «թապու» դէմ կեցան առաջարկուած ծրագրին:
Ես համաձայն եմ, որ հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ արժանի տեղ տրուի մեր եկեղեցուոյ խաղացած դերինՙ մեր ազգային կեանքին մէջ, քանի որ մեր պարագային, ազգն ու եկեղեցին կարելի չէ իրարմէ անջատել: Իսկ կրօնական գիտելիքները իրենց տարատեսակ մանրամասնութիւններով կարելի է դասաւանդել եկեղեցիներու կողքին գործող Կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ:
Կրօնի ու հաւատքի պարագային ճիշդ չէ կուրօրէն դրական թէ բացասական քուէարկութեամբ դիրք բռնել: Քրիստոնէական կրօնը «թապու» չէ, անձեռնմխելի չէ, ժամանակին հետ քայլ պահելու է: Կրօնը բազմադարեայ իր աւանդական տարազով, յարմարեցնելու է ներկայ գիտական յաղթարշաւին, այնպէս մը, որ կարելի ըլլայ զանոնք կողք-կողքի պահել այնպէս, ինչպէս կողք-կողքի կը մնան մարդու միտքն ու հոգին: Գիտութիւնը միտք է, կրօնըՙ հոգի, կարելի չէ զանոնք անջատել իրարմէ, ինչպէս որ կարելի չէ մեր ազգն ու եկեղեցին անջատել իրարմէ:
Այս իրավիճակը պղտորողներ եղան, այդ պղտորութենէն օգտուողներուն նկատմամբ դիրք բռնելու է իւրաքանչիւր մաքուր ու նուիրեալ հայրենասէր:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ