Այսօր ֆէյսպուքի վրայ նկարներ տեսայ «Դաւաճաններ» վերտառութեամբ, մօտ 60 պետական մարդոց նկարներ, բոլորն ալ նախկին իշխանութեան գլխաւոր դէմքեր, որոնց կողքին նաեւ Էրտողանի եւ Ալիեւի լուսանկարները:
Ինչ ալ եղած ըլլայ, որքան ալ այդ նկարներուն տէրերը «ապօրինի» գործարքներով զբաղած եւ երկիրը «թալանած» ըլլան, ճիշդ չէ զանոնք թուրքին ու ազերիին հետ հաւասարեցնելը: Ասիկա իմ կարծիքս է: Հայաստանը գրաւել ուզողն ու հայ սպանողին հերոսացնողը բնաւ չի կրնար համեմատուիր մեր յանցաւոր պետական մարդոց հետ:
Անցեալ շաբաթ պատի մը վրայ կաղապարով ներկուած լոզունգ մը ուշադրութիւնս գրաւեց. «Ձեր թաւիշը, մեր դահիճն է» գրուած էր ու քանի որ կաղապարով ներկուած էր, կը նշանակէ որ պիտի ընդհանրանայ շատ մը պատերու վրայ դաջուելով: Մարդիկ արդեօք չարտայայտուած կը մտածե՞ն անոնց հետեւանքներուն մասին: Այնքան վիրաւորական, այնքան վարկաբեկիչ խօսքեր կարդացած եմ ֆէյսպուքի վրայ, որ վայրկեան մը կասկածած եմ հարցերը ընկալելու մեր կարողութեան վրայ:
Չափազանցելը երեւի հայու նկարագրին մաս կը կազմէ: Կը հետեւիմ հայերու խօսակցական, թէ գործնական արտայայտութիւններուն եւ միշտ կը նկատեմ, որ չենք բաւարարուիր ու գոհանար իրականութիւնը մատնանշելով, այլՙ պիտի չափազանցենք, պարզապէս, որպէսզի մեր խօսածը աւելի համոզիչ դառնայ, մեր արարքը աւելի ազդեցիկ ըլլայ եւ մեր վարկը բարձրացնէ, յաչս շուրջիններուն: Ըսեմ որ այս մէկը աւելի զգալի է հայաստանցիներուն մօտ:
Այստեղ ամէն ինչ չափազանցուած է: Ուրիշ երկիրներ եթէ հիւրին սուրճ մը, կամ օշարակ մը կը հրամցնեն, այստեղ տեսակ-տեսակ միրգերով եւ թխուածքներով լեցուն սեղան կը բանան: Միւս կողմէ, հիւրամեծարութեան հակառակ, եթէ մէկուն հետ հաշիւ ունին, ծեծ ու կռիւ չէ, այլ իրար սպանելու կ՛ելլեն: Սովորական հայհոյանքը կը հասնի մինչեւ բ….ի զաւակի, կամ չգիտեմ ինչի «վիժուածքի»:
Նոյնն ալ ազգային-քաղաքական հարցերու մէջ. կա՛մ մէկը գովելով երկինք կը բարձրացնեն, կա՛մ ալ գետնին կը զարնեն ու ոտքի տակ կ՛առնեն:
Ընդդիմութիւն ըսուածը, իմ ըմբռնումովս, իր օրէնքներն ու սահմանները ունենալու է: Պարզ է, որ որեւէ կուսակցութիւն ամէն բանէ առաջ կը պայքարի իշխանութիւնը ձեռք անցընելու եւ երկիրը ղեկավարելու համար, միշտ կարծելով, որ ինք աւելի լաւը կրնայ ընել, քան ներկայինը: Սակայն այդ պայքարի ընթացքին ընդդիմադիրները մտածելու են իրենց առած քայլերուն մասին. արդեօք եթէ այսպէս ընենք, երկրին կը վնասե՞նք, արդեօք եթէ այսինչ քայլը առնենք, ժողովուրդին վնաս կը հասնի՞… Վստահ եմ, չեն մտածեր, որուն հետեւանքն ալ ողբերգական կ՛ըլլայ:
Դեռ թարմ է այս օրերուն Covid-19 վարակին ստեղծած տագնապալի վիճակը, ուր յստակ է, յանուն մեր առողջութեան պահպանման պետութեան խստապահանջ օրէնքները անտեսողներուն պարագան: Չեն ենթարկուիր, մեծամտութեամբ կ՛անտեսեն, որուն պատճառով օրէ-օր հարիւրաւոր նոր վարակակիրներ մէջտեղ կ՛ելլեն ու պետութեան ծանր բեռը աւելի կը ծանրացնեն: Կը քննադատեն իշխանութիւնն ու վարչապետը, յանցանքը բարդելով անոնց վրայ, փոխանակ խելք գործածելու եւ հնազանդելով վարակի տարածման առաջքը առնելու: Բայց, որո՞ւն կ՛ըսես: Կը տեսնես երիտասարդութիւնը պարտադրուած դիմակը ապարանջանի պէս թեւերնուն անցուցած կը պտտի, որպէսզի ոստիկաններու հանդիպելու պարագային անմիջապէս քիթ-բերան ծածկեն:
Ընդդիմադիր եղիր, արգելք չկայ, իշխանութիւնը քննադատէ, ազատ ես, սակայն ուշադի՛ր, եթէ աչալուրջ, զգօն, սրտցաւ եւ հոգատար քաղաքացի ես, այդ ընթացքին երկրին եւ բնակչութեան վնաս չհասցնես: Այս օրերուն ամէն բանէ առաջ տրամաբանութիւնը պէտք է գործէ: