Սփիւռքի համայնքներու փոխ-օգնութեան սկզբունքովՙ մեր համայնքները պարտին ձեռք մեկնել Լիբանանի հայ համայնքին. մանաւանդ որ այդ համայնքը տասնամեակներու ընթացքին մտաւորական, կրթական, գաղափարական սնունդ մատուցած է Արեւմուտքի տկարացող գաղութներուն, կենսաւորելով անոնց վերապրումի պայքարը այլասերման դէմ:
Վերջին տասնամեակներուն զգայացունց տագնապներէ անցաւ լիբանանահայութիւնը, արագացնելով արտագաղթը եւ տկարացնելով համայնքը:
Իբրեւ հետեւանք այդ տագնապներունՙ ծանրօրէն տուժեց կրթական համակարգը: Փակուեցան կարգ մը վարժարաններ, իսկ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը իր հինգ վարժարանները համախմբեց մէկ վարժարանի յարկին տակ. նոյնը պատահեցաւ Ազգային իշխանութեան (եկեղեցւոյ) դպրոցներուն:
Պէյրութի Թէքէեան վարժարանը, որ 70 տարիներէ ի վեր կը գործէ Պուրճ Համուտի հայաշատ շրջանին մէջ, իր հերթին տուժեց ծանրօրէնՙ աշակերտութեան նօսրացման հետեւանքով: Սակայն, շնորհիւ ծնողներու եւ հոգաբարձութեան հերոսական ճիգերուն, ինչպէս նաեւ ԹՄՄ Հիմնադիրներու մարմնի հովանաւորութեան, վարժարանը պահպանեց իր գոյութիւնը: Ամերիկայի Թէքէեանի շրջանակը եւս բերաւ իր լայն աջակցութիւնը վարժարանին, որ բազմաթիւ ուսեալ սերունդներ պատրաստեց սփիւռքի հայութեան համար:
Այսօր, քորոնաժահրի համաճարակը, միացած Լիբանանի քաղաքական ու տնտեսական տագնապին, ամբողջութեամբ անդամալուծած է հայ համայնքը:
Այս ծանր պայմաններուն ներքեւ ԹՄՄ Հիմնադիրներու մարմինը, Պէյրութէն սիրալիր կոչ մը ուղղած է Ամերիկայի եւ Քանատայի ԹՄՄի Կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ համայն հայութեանՙ փրկելու վարժարանը անխուսափելի վախճանէ մը:
ԹՄՄի Կեդրոնական վարչութիւնը արդէն փութաց փոխանցել 50,000 ամերիկեան տոլարի գումար մը: Արդէն նախապէս 10,000 տոլար փոխանցուած էր դպրոցին: խոստանալով շարունակել իր օժանդակութիւնըՙ շարունակելու համար այս կրթական փառաւոր հաստատութեան գոյատեւումը:
Այսօր պահն է նաեւ զօրակոչի ենթարկելու Թէքէեան վարժարանի նախկին սաներն ու շրջանաւարտները, որպէսզի վերյիշեն իրենց երբեմնի կրթական մայր օճախը եւ փութան կարելի չափով երկարաձգել անոր գոյութիւնն ու առաքելութիւնը:
Այս կոչը հաւասարապէս ուղղուած պէտք է նկատել բոլոր կրթանուէր հաստատութեանց եւ բարերար անհատներու, որպէսզի տէր կանգնին այս կրթական օճախին, որ գոյութենական սիւներէն մէկը հանդիսացած է 70 տարիներէ ի վեր, հայաշատ Լիբանանի մէջ:
Բոլոր տրազերծ նուիրատուութիւնները կարելի է առաքել Թէքէեան մշակութային միութեան հետեւեալ հասցէինՙ 755 Mt. Auburn Street, Watertown, MA 02472, USA, tekeyan@aol.com, 1-617-924-4420:
Հանգանակուած գումարները պիտի բարդուին Կեդրոնական վարչութեան ապագայ յատկացումներուն եւ ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուին Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանին:
ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պոստոն, յունիս 20, 2020