Ինչքան դժուար է յեղափոխութիւն մը յաջողցնելը, նոյնքան եւ աւելի դժուար է այդ յաջողութիւնը պահպանելը:
Յետյեղափոխութեան ժամանակ պարզ է, որ կարգ մը բաներ պիտի փոխուին եւ անոնց փոխարէն նորեր պիտի գան անոնց տեղը գրաւելու: Այդ §նորերը¦ հաւանաբար չէին մանրամասնուած յեղափոխութեան գործընթացի օրերուն, ուր տիրողը մեծ վերնագիրներ էին, հինը դատապարտող եւ նորը գովերգող: Ժողովուրդը, կամՙ այն հատուածը, որ կողմ էր հինէն ձերբազատուելու, շատ կարեւորութիւն չէր տար նորին հետ եկող նորութիւններուն, որոնց ծանօթ ալ չէր, իրեն համար կարեւորըՙ միայն հինին երթալն էր իր բազմատեսակ թերութիւններով ու վնասներով:
Նորը եկաւ իր նորութիւններով, որոնց հաւատացողներն էին յեղափոխութեան ղեկավարն ու իր գործընկերները: Միջանկեալ ըսենք, որ պարզ օրինաչափութեամբ, որեւէ նոր բան դժուար ընկալելի է հանրութեան կողմէ, որ երկար ժամանակ հինին վարժուած ըլլալովՙ կը դժուարանայ զայն թօթափել մէկ օրէն-միւսը, ինչպէս պատահեցաւ Քրիստոնէութեան ընդունման հետ, հեթանոսական տօները վերացնելու փոխարէն, զանոնք §քրիստոնէացնելը¦: Սակայն երբ մեր ամբողջ հեթանոսական գրականութիւնն ու մշակոյթը ոչնչացուցին, ժողովուրդը ընդվզեցաւ: Կը տեսնենք, թէ հեթանոսական նմոյշ մըՙ Գառնիի տաճարը ինչպէս գուրգուրանքով կը պահպանուի:
Մեր յեղափոխութեան պարագային ալ պատկերը նոյնն է. նորը իր հետ բերաւ կարգ մը դրական բաներՙ յանցաւորներ դատի կանչելով, կաշառակերութիւնը վերացնելով, աշխատավարձերը բարձրացնելով եւ այլն, սակայն այս ողջունելի ձեռքբերումներուն կողքին, մեր աւանդապաշտ նկարագրին անյարիր, օտար կրօնական թէ ընկերային, նիւթական թէ բարոյական որոշ նորութիւններու ընկալումն ու որդեգրումը, ինչպէս սեռափոխումի, սեռական դաստիարակութեան, կամ մեծ գումարներով պետական պաշտօնեաներուն պարգեւավճարներու յատկացումը եւ նման բաներ լուրջ հակազդեցութիւններու դուռ բացին, նոյնիսկ յեղափոխութեան կողմնակիցներուն համար ալ:
Կեանքի օրէնք է, նորը պիտի հիմնուի հինին վրայ: Խմորըՙ հացի չի վերածուիր, եթէ թթխմոր չունենայ իր մէջ. կաթը մածուն չի դառնար, եթէ մերան չդրուի իր մէջ: Այնպէս որ, իմ համեստ կարծիքով, կառավարութիւնը լրիւ նորերով կազմուելու փոխարէն, լաւ պիտի ըլլար կարգ մը փորձառու հիներ ալ պահել իրենց պաշտօններուն վրայ, թէ սիրաշահելու համար հիներուն կողմնակիցները, թէ մեղմելու համար ընդդիմադրութիւնը, թէ ալ իսկապէս օգտուելու համար անոնց տարիներու փոորձառութենէն:
Հիմա, յեղափոխութենէն երկու տարի ետք, կը տեսնեմ, որ շատ մը բաներ իրենց նախկին փայլքը կորսնցուցած են, մասնաւորաբար վարչապետին դէմքին, կեցուածքին ու խօսքին գրաւչութիւնը, որոնք մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէին: Հիմա, նախկինին նման անոր բոլոր խօսքերըՙ վերլուծումները, դատումները, խոստումները, սպառնալիքները… առաջուան նման մարդիկ §հալած իւղի¦ պէս չեն կլլեր: Առանձինն ղեկավարեց յեղափոխութիւնը, բայց առանձինն ալ պէտք չէր շարունակեր տիրել եւ իր ձեռքին մէջ պահել պետութեան բոլոր լծակները: Ինքը այդ մարդը չէ, այդ խմորումը չունի, սակայն դիրքն ու անոր հետ կապուած հազարումէկ իրավիճակները զինք այդտեղ առաջնորդեցին:
Գիտեմ, ահաւոր բան է ընդդիմադիրներուն կողմէ այսքան սուր ու անողոք քննադատութիւններու դէմ դնելը: Իր խիզախութիւնն ու տոկունութիւնը ո՞րքան կրնան դիմակայելՙ երբեմն նոյնիսկ անվայել, փողոցային զազրախօսութիւններուն: Ժամանակն է որ ան քիչ մը շունչ առնէ ու վերատեսութեան ենթարկէ իր քաղաքականութիւնը, իսկ ժողովուրդն ալ թող գիտակցի, որ պատերազմի եւ համավարակի սպառնալիքներուն տակ այս ալեկոծ ծովուն մէջ նոր ցնցումներ չպատահին. պառակտումը վանելու է, հարկ է միասնական համերաշխ գործակցութեամբ պահել եղածն ու փորձել խաղաղ ու ապահով ծովափ հասնիլ: