Ծանօթներէս մէկը կը պնդէ, թէ մեր երկիր միլորակն ու անոր վրայի մարդկութիւնը կը ղեկավարուին արտաքին աշխարհէն, այլ մոլորակէ մը: Ըսենք, որ այս մէկը բացառութիւն չէ, քանի որ ուրիշներ ալ ունին այդ համոզումը, մասնաւորաբար, որ այս վարկածին մասին գիտա-երեւակայական գրականութիւնն ու ֆիլմերը ողողած են շուկան:
Անշուշտ վարկած մը իրականութիւն դառնալու համար փաստերու վրայ հիմնուած ըլլալու է, սակայն վարկածին հակառակը պնդողներն ալ կտրական փաստեր չունին, այնքան ատեն, որ բաներ կ՛անցնին ու կը դառնան մեր շուրջը, որոնց էութիւնը ցարդ անծանօթ կը մնայ, ինչպէս ՉԹՕ- ները, այսինքն Չյայտնաբերուած թռչող օպՃեքթներ»ը (UFO), բնութեան տարօրինակ երեւոյթներ, անկանխատեսելի աղէտներ եւ այլն:
Իսկ այս օրերուն ալ «Պսակաձեւ ժահր» կոչուած Քորոնավիրուսն ալ եկաւ պատճառները անծանօթ մնացած երեւոյթներուն վրայ բարդուելու, որպէս ամենամեծ հարցական:
Գիտութիւնն ու բժշկութիւնը եւ անոնց ածանցեալ պետական թէ ժողովրդական հիմնարկները ցարդ չկրցան վերծանել անոր էութիւնը, ծնունդը, կեանքն ու ապրելակերպը եւ զայն ոչնչացնելու միջոցը: Կրօնականները աշխատունակ դարձեր են, իրենց քարոզներուն համար բաւական հարուստ նիւթ էՙ մարդիկ չարացեր են, անառակ դարձեր են, Աստուած այսպէս կը պատժէ…:
Գիտնականները չեն թաքցներ իրենց անկարողութիւնը, որոշելու համար վարակին սանձահարման, կամ չէզոքացման մօտաւոր ժամանակները եւ անդադար կ՛երկարաձգեն անոր տիրոյթի աշխարհագրական ու տեղայնական սահմաններըՙ «Կրնայ երկար տեւել, դուք շարունակեցէք պաշտպանուիլ…», «Պէտք է վարժուինք այս վարակին հետ ապրելու…»:
Աշխարհի մէջ վարակուածներուն թիւը հինգ միլիոնը անցաւ, մահացողներուն թիւը երեքհարիւրհազարը անցաւ ու դեռ հորիզոնի վրայ չ՛երեւիր փրկութեան հրեշտակը:
Հայաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը ամէնօրեայ տուեալներով, շատ աւելի է, քան շատ մը եւրոպական, կամ ամերիկեան երկիրներ: Անցեալ երկուշաբթի մրցանիշ մը հաստատեցինք 351 նոր վարակակիր գրանցեով… Ի՞նչ ըսել է մէկ օրուան մէջ այսքան մեծ թիւով վարակուածներ: Ի՞նչն է պատճառը. Արդեօ՞ք ախտաճանաչումին մէջ սխալներ կան, արդե՞օք չինական քննամիջոցները (թեսթըր) անորակ են. արդեօ՞ք մեր մօտ այսքան անգիտակից քաղաքացի կայ, որ չի հետեւիր առողջապահական կանոններուն:
Այս վերջինը բաւական խօսուն է, ես ամէն օր կը նկատեմ առանց որեւէ պաշտպանական միջոցներու փողոցներուն ու այգիներուն մէջ զբօսնող մարդիկ, յատկապէս երիտասարդներ:
Միով բանիւ, այս աղէտը եկաւ իր տիրոյթին տակ առնելու մարդկութեան առողջութիւնը, ընկերային կեանքը, տնտեսութիւնը, կենսամակարդակը, հաճելին եւ օգտակարը, նոյնիսկ թեւերը տարածեց քաղաքական ոլորտին վրայ ալ: Ամէն կողմ ցոյցեր պետութեան սահմանափակումներուն դէմ, մարդիկ իրենց հաւատքը կորսնցուցած են իրենց ղեկավարներուն նկատմամբ, կարծես զիրենք թեւաթափ ընելու եւ անկարողութեան մատնելու յատուկ միտում կայ:
Այս վիճակը յղի է շատ մը տհաճ եւ վտանգաւոր անակնկալներով, եթէ այսպէս շարունակուի: Արկածախնդրական վէպի մը հերոսներէն մէկըՙ մեծ գիտնական մը իր ուսումնասրութիւններուն արդիւնքը պարզելով կ՛ըսէ, թէ չորս միլիար տարիք ունեցող մեր Երկրին վրայ ատենը անգամ մը ընդհանուր փոփոխութիւններ կը կատարուին, հիները կը բնաջնջուին, եւ կեանքը կը վերանորոգուի: Հիմա հերթը մերն է, այս մարդկութիւնն ալ շուտով պիտի բնաջնջուի ու նոր կեանքի տեսակ մը պիտի փոխարինէ զայն: Ըստ գիտնականին, մինչեւ 2050 թուական ներկայ մարդկութենէն մարդ պիտի չմնայ:
Այս վէպը գրուած է երեք տարի առաջ, այսինքն ներկայ վարակը չյայտնաբերուած: Եկեղեցին կը թելադրէն ապաշխարել եւ աղօթել: Գիտութիւնը ի՞նչ կ՛ըսէ, յայտնի չէ: Մարդիկ շուարած են:
Վերջապէս, հաւատա՞լ, թէ՞ չհաւատալ: