Այս դարու փորձանք պսակաձեւ ժահրին (coronavirus) ստեղծման եւ տարածման պատճառներուն ու նպատակներուն մասին բազմատեսակ «լուսաբանութիւններ» շրջան ըրին, յատկապէս դիմատետրի (Ֆէյսպուք) էջերուն, շեշտելով անոր քաղաքական նպատակ հետապնդելը, ուղղուած որոշ երկիրներու, կամ տնտեսական հարուած հասցնելը մրցակից երկրի մը տնտեսութեան, նոյնիսկ Աստուծո կողմէ ուղարկուած պատիժ որակեցին կարգ մը կրօնամոլներ:
Շաբաթներ անցան ու մարդիկ տեսան, որ իրենց գուշակութիւնները այնքան ալ ճիշդ չեն, քանի որ անոր մահասփիւռ վարակը չխնայեց ոչ մէկ երկիր, կեանքեր խլեց բոլորէն, մահացու հարուած հասցուց բոլոր երկիրներու տնտեսութեան, միլիառաւոր տոլարներ ի սպաս դրուեցան վարակը կանխարգիլող պատուաստ, կամ բուժող դեղ ու դարման գտնելու համար, սակայն ցարդՙ զայն կասեցնելու ոչ մէկ յոյս:
Ու յանկարծ մէջտեղ կը նետուի ցնցիչ բացատրութիւն մը, վերծանել փորձելով անոր բուն նպատակը, թէ այս վարակին բուն թիրախը ՄԱՐԴն է, համա՛յն մարդկութիւնը աշխարհի. ոչ քաղաքականութիւն, ոչ տնտեսութիւն, այլՙ մարդոց կեանքերը խլել ու պակսեցնել անոնց թիւը աշխարհի վրայէն…
Յոյն փիլիսոփայ Պղատոնէն (428-348 Ք.ա) սկսեալ, մինչեւ այսօր շատ մը անուանի գիտնականներ, փիլիսոփաներ, ընկերաբաններ յաճախ մտահոգութիւն յայտնած են երկրագունդին վրայ անդադար աճող բնակչութեան կապակցութեամբ եւ ատենը անգամ մը անոնց աճը կասեցնելու, կամ գոնէ դանդաղեցնելու անհրաժեշտութեան մասին արտայայտուած են: Ըստ այս տեսակէտը պաշտպանողներուն, երկրի բնակչութեան մէջ կան մարդիկ, որոնք բեռ են միւսներուն վրայ, անոնց գոյութիւնը ոչ մէկուն պէտք է եւ անոնց անհետացումը օգտակար է, որպէսզի մնացեալները աւելի լաւ ապրին, քանի որ որոշ մարդիկ աւելի իրաւունք ունին ապրելու, քան ուրիշներ: (Animal farm-ը յիշեցի):
Կրնա՞ք պատկերացնել, թէ ի՛նչ տեսակ սատանայական մտածելակերպ է ասիկա: Մէկը հարցնելու ըլլայ այսպէս մտածողներուն,- ո՞վ պիտի որոշէ, թէ որո՞նք պիտի ըլլան «սպիտակներու» ցանկին, եւ որոնքՙ «սեւերու» ցանկին մէջ:
Հիթլերն ալ այսպէս կը մտածէր, որ ապրելու եւ աշխարհին տիրելու իրաւունք ունին միայն ընտրեալներ. ի՞նչ եղաւ անոր վերջը: Գերմանական ցեղը տիրե՞ց աշխարհին, թէ՞ իր հրահրած պատերազմը միլիոններու մահուան պատճառ դառնալէ ետք, ինք ալ խայտառակուեցաւ ու ինքնասպան եղաւ:
Սակայն եւ այնպէս, այս հարցը կը շարունակէ գլուխը ցցել ատենը անգամ մը: Արկածախնդրական վէպերու առաջնակարգ ամերիկացի հեղինակ Տէն Պրաուն (Dan Brown) իր «Inferno» (Դժոխք) գիրքին մէջ (2017), այս հարցը կը ծեծէ, երբ կը խօսի գիտնականի մը մասին, որ վարակ մը ստեղծած է մարդկութիւնը բնաջնջելու համար, որուն դէմ կը գործէ վէպին գլխաւոր հերոսը վարակը գտնելու եւ զայն ոչնչացնելով, մարդկութիւնը փրկելու նպատակով: Այսպիսի նիւթերով ամերիկեան ժապաւէններ ալ կան պատրաստուած:
Այս հիւանդագին տեսակէտին կողմնակիցները, աշխարհի ութը միլիառի մօտեցող մարդկութեան քանի՞ տոկոսը կրնան սպանել. մտածե՞ր են: Ցարդ մահացողները բոլորն ալ ապրելու իրաւունք չունեցող, անպէտք մարդի՞կ էին, չէ՞ որ անոնց մէջ բժիշկներ, գիտնականներ, արուեստի աշխարհի անուանի մարդիկ ալ կային: Երեք ամսուան մէջ հազիւ քառորդ միլիոն վարակակիր մահացաւ, այս ընթացքով, տարին մէկ միլիոն մը եթէ բնաջնջուի, ապա հարիւր տարի պէտք է հարիւր միլիոն մարդ սպանելու համար, բայց միւս կողմէն ալ պիտի նորեր աշխարհ գան, չէ՞. այս ի՞նչ տեսակ ձախող հաշուարկ է:
Այդ հիւանդ ուղեղներուն տէրերը մարդկութիւնը վերացնելու փոխարէն, թող մտածեն այս հողագունդը առողջ պահպանելու ու մարդկութեան ապրելակերպը բարելաւելու մասին միջոցներ գտնել: Այս լայն աշխարհին մէջ բոլորին ալ տեղ կայ, եթէ չարութիւնը վերանայ եւ բարին տիրէ: