Հիմա որ Հալէպի շուրջ եւ Դամասկոս տանող մայրուղիին երկու կողմերը ահագին տարածութիւններ ազատագրուեցան սուրիական բանակին եւ ռուսական օդուժին շնորհիւ, տարբեր լրատուամիջոցներ ու լրագրողներ սկսան այցելել այդ վայրերն ու լուսանկարել, կամ վիտիօնկարել պատերազմէն իննը տարիներ ետք պարզուած տեսարանները:
Եթէ սիրտ ունիս նայելու այդ անծայրածիր աւերուածութեանց, կմախք դարձած շէնքերուն, գործարաններուն, հանրախանութներուն, առանձնատուներուն, որոնք պատերազմէն առաջ այնքան կենդանի էին, կենսումնակ ու շենշող, այնքան գեղեցիկ ու այնքան կենսայորդ… եթէ կրցար զսպել արցունքներդ, եթէ կրցար հանդարտեցնել սահմռկած սիրտիդ բաբախիւնները, ակամայ ճիչ մը պիտի ժայթքէ ներսէդ, ու մաղձալից բառ մը պիտի թռի շրթունքներէդՙ վայրենինե՜ր…
Այս ի՛նչ աւերուածութիւն է, այս ի՜նչ ջանասիրութեամբ քանդած էք ամէն ինչ ու թալանած, գողցած-տարած ամենայետին պտուտակն իսկ, ամենաչնչին մանրուքն իսկ: Ընդդիմադիր կոչուած վոհմակներ, աշխարհի չորս ծագերէն հաւաքուած ահաբեկիչ վանտալներ, այս առաքելութեա՞մբ եկաք Սուրիա, քար-քարի վրայ չձգելո՞ւ, ամէն ինչ գողնալո՞ւ, առնել տանելո՞ւ, եւ ո՞ւրՙ Թուրքիա…
Ազնիւ ընդդիմադիրը կը յարգուի, պէ՛տք է յարգուի, տարակարծութեանց եւ ազատ խօսքի իրաւունքով, սակայն այդ անուան տակ ծուարած մարդանման գազանները, որոնք յատուկ ուղարկուած են «Սուրիոյ խերը անիծելու», որոնք տարիներէ ի վեր մահ ու աւեր կը սփռեն, որոնք միլիոնաւոր մարդոց տեղահան ըրին, տնանկ դարձուցին ու վրաններու տակ գաղթակայաններու բնակիչներ դարձուցին, անմարդկային, ամենաահաւոր պայմաններու մէջ, ինչպէ՞ս իրաւունք տաս անոնց «ընդդիմադրութեան»:
Անոնք եկան, կամՙ առաքուեցան Սուրիան գրաւելու եւ «բռնատիրական» վարչակարգը փոխարինելու «ժողովրդավարական» վարչակարգով: Եթէ այդ էր անոնց նպատակը, ապա իրենց գրաւած շրջաններուն մէջ, ըստ իրենց յայտարարութեանց «տիպար» պետութիւն մը պէտք է ստեղծէին, արդիական, զարգացած, լուսաւոր… որպէսզի «բռնատիրական» ռեժիմի տակ կքած մարդիկ, տեսնելով այդ բոլորը, իրենք ալ ցանկային միանալու ապստամբներուն եւ մասնակցելու յեղափոխութեան: Սակայն, ի՜նչ տեսան…
Ցաւը միայն մեր տեսածը չէ, ցաւը այս բոլորը տեսնելով օտարներուն լռելն է: Եւրոպական հեռատեսիլի կայաններ որպէս ընթացիկ լուր կը հաղորդեն ու կ՛անցնին, առանց դոյզն ցաւակցութեան, կամ դատապարտումի:
Հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ յաճախ կը դատապարտեն եղած վանտալիզմը, կը հիանան Սուրիոյ դիմադրողականութեան վրայ, դրուատանքի խօսքեր կը շռայլեն, սակայն անոնց վերաբերմունքին հանդէպ պաշտօնական շրջանակներ ու պետական լրատուամիջոցներ փակ կը պահեն իրենց ականջները:
Սուրիա ինչպէս որ դիմացաւ այս իննը տարիներուն, լեղին խմեց ցմրուր, արիւնաքամ եղաւ, բայց ծունկի չեկաւ, այդպէս ալ աւերուածը պիտի վերաշինէ, քանդուածը պիտի վերանորոգէ, թալանուածները նորերով պիտի փոխարինէ: Երկիրը պիտի գտնէ իր երբեմնի փայլքը: Կը հաւատա՛նք, ո՛չ երկնային հրաշքներու, այլՙ մարդկայի՛ն հրաշքին, սուրիացիիՙ իր երկրին հանդէպ տածած սիրոյն, նուիրուածութեան, կամքի զօրութեան ու, նաեւ, բարեկամներու աջակցութեան:
Այս բոլորէն ետք ո՞վ պիտի հաշիւ պահանջէ վայրենիներու տէրերէն, ո՞վ պիտի պատիժի արժանացնէ զանոնք: Վերջապէս, ո՞վ պիտի չորցնէ անոնց արմատը, որպէսզի իրենց չարութիւնը չտարածեն ուրիշ երկիրներու վրայ ալ, որպէսզի աշխարհը մաքրուի չարագործներէ: Ո՞վ: