Նոր տարուան սեմին, դարձեա՛լ մաղթանքներՙ «առողջութիւն, երջանկութիւն, երազներու իրականացում» եւ անպայման ծամծմուած ու հալումաշ եղած «խաղաղութիւն»ը:
Ասոնց մէջ ամենացայտունն ու ամենաանանձնականը «խաղաղութիւնն» է, որովհետեւ մարդ իր սեփական առողջութեան մասին կը հոգայ, որ «երազներու իրականացումով» եթէ նիւթական վիճակն ալ բարելաւուի, հասնի երջանկութեան: Կը մնայ «խաղաղութիւնը», որ անձէն դուրս կը տարածուի շրջապատին մէջ, մօտաւոր թէ հեռաւոր, այսինքնՙ անմիջական խաղաղութիւն, որպէսզի վտանգէ զերծ մնայ, եւ համաշխարհային խաղաղութիւնՙ որպէսզի պատերազմներուն ալիքները չվտանգեն մարդկութիւնը, այնպէս որ այս մաղթանքը կը դառնայ համամարդկային, եւ անոր ցանկացողն ալ բարենիշի կարժանանայ որպէս մարդասէր:
«Խաղաղութիւն»… մաղթանքներու ամենագեղեցիկը, ամենամարդկայինը, եւ սակայն ամենասնամէջը, ամենաանիրագործելին: Մէյ մը ձեր շուրջը նայեցէք, ամէն կողմ ցոյցեր, իրարանցում, կռիւ, պատերազմ, պայթումներ, սպաննութիւններ, փախստականներ, գաղթականներ, նորանոր զինատեսակներու ցուցադրութիւն ու փորձարկումներ, սպառնալիքներ ու զոհեր, զոհեր, զոհեր… Ասոնց վրայ բարդեցէք նաեւ բնական աղէտներըՙ երկրաշարժ, փոթորիկ, ջրհեղեղ, համատարած հրդեհներ, մթնոլորտային ապականութիւն… Այս բոլորէն ետք խաղաղութի՞ւն:
Ինչի՞ մասին է խօսքը, որո՞ւն պէտք է այդ խաղաղութիւնը, մարդ արարածի՞ն, բայց անոր հաշիւը ընողը ո՞վ է: Աշխարհի տիրակալ մեծ պետութիւնները յանուն խաղաղութեան այնքան զէնք ու զինամթերք կը կուտակեն, որ մեր մոլորակին նման մի քանի մոլորակ ալ փոշի կրնան դարձնել: Խաղաղութիւն տիրէ որ զէնքի գործարաններն ու յարակից արդիւնաբերութիւնները դադրի՞ն, լրատուամիջոցներըՙ հեռատեսիլ, մամուլ, համացանց անգո՞րծ մնան, սակարանները անդամալուծուի՞ն, զինուորականները ցրուին տո՞ւն երթան, ի՞նչ ընեն, ի՞նչ գործով զբաղին, ինչպէ՞ս ընտանիք պահեն, իսկ զէնքե՞րըՙ միլիոնաւոր օդանաւ ու հրասայլ, հրթիռ ու հրանօթ, ռումբ ու հրացան ծովը թափե՞ն, թէ՞ թանգարան դնեն:
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք ԱՄՆ աւելի քան 50 երկիրներ ներխուժած է, մերթ բանակով, պատերազմելով, մերթ յեղափոխութիւններ հրահրելով կամ օժանդակելով, մերթ հակասովետական ներթափանցումներուն դէմ կենալու համար, մերթ ժողովրդավարութիւն տարածելու պատրուակով, Քորիաներէն մինչեւ Վիէթնամ, Իրաք եւ Սուրիա: Անշուշտՙ յանուն խաղաղութեան… Մի՛ հարցնէք, թէ այս ընթացքին մարդկային զոհերուն թիւը ո՞րքան եղած է:
Նոյնանման ներթափանցումներ ու ներխուժումներ ալ կատարած են սովետները, այժմՙ Ռուսիան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսան, Անգլիան եւ մեծ ու փոքր այլ պետութիւններ, եւ անշուշտՙ յանուն խաղաղութեան: Ուր որ մտած են, սպաննած են, քանդած են, կեղեքած են: Հարկ կա՞յ վկայակոչելու Աֆղանիստանը, Պոսնիան, Իրաքը, Սուրիան, Լիպիան…
Ու մարդկութիւնը կը շարունակէ հաւատալ, յուսալ ու մաղթել: Ի՞նչ ընէ, միակ ապաւէնը այդ է մնացեր:
Ընչաքաղցութիւն, իշխանատենչութիւն, տիրելու մրցակցութեան խօլ արշաւ… Շարքային մարդը հազիւ իշխանութեան գլուխ անցաւՙ գլխիվայր կը փոխուի, ուրիշ մարդ կը դառնայ: Ան ե՞րբ պիտի հասկնայ, որ իր ձեռքով իր նստած ծառին ճիւղը կը սղոցէ:
Նոր տարին հազիւ թեւակոխածՙ իրար ետեւէ ինչեր պատահեցան: Ահա՛ լիպիական նոր պատերազմի մը յառաջաբանը Թուրքիոյ «օժանդակութեամբ»: Ահա՛ ԱՄՆ – Իրան նոր բախումի մը, նոյնիսկ պատերազմի մը նախանշանները: Աւստրալիոյ համատարած հրդեհներն ու երկրին աղէտալի վիճակը: Չմանրամասնենք. աշխարհը գիտնալով հանդերձ թէ դէպի անդունդ կը յառաջանայ, պիտի շարունակէ իր «կենսաձեւը»:
Իսկ մենք կը շարունակենք մեր աղօթքն ու մաղթանքներըՙ Խաղաղութիւն աշխարհին: