Հետաքրքրութեամբ կը հետեւիմ հեռատեսիլի լուրերուն մէջ երեւցող տարբեր երկիրներու ղեկավարներուն զանազան շարժումներունՙ անոնց դէմքի արտայայտութիւններուն, այդ արտայայտութիւններուն փոփոխութիւններունՙ ըստ իրենց կամ դիմացինին խօսակցութեանց բնոյթինՙ դէպքերու հետ առնչուած, դէմքերուն վրայ անոնց հոգեվիճակներու դրսեւորումներուն, ձեռքի շարժումներուն, մասնաւորաբար, երբ նկարողին ոսպնեակը կը կեդրոնանայ անոնց ձեռքերուն եւ մատներուն վրայ:Ու վայրկեանի մը համար ինքզինքս կը պատկերացնեմ անոնց փոխարէն. այո՛, միայն վայրկեանի մը համար, նոյնիսկ կէ՛ս վայրկեան, ու անմիջապէս վազ կ՛անցնիմ այդ ապուշ միտքէն:Գիտէ՞ք ինչ ըսել է ամբողջ երկրի մը պատասխանատուն ըլլալ: Մէյ մը պատկերացուցէք. սահմանադրութիւն, քաղաքացիներ, բանակ, ելեւմտական-տնտեսական հարցեր, քաղաքականութիւն, միջազգային յարաբերութիւններ, արդարադատութիւն եւ ասոնց ածանցուածՙ հարիւրաւոր մանր ու մեծ հարցեր…Այս հսկայ բեռը ինչպէ՞ս կը տանին այս մարդիկը: Այո՛, իշխանութիւնը փառք ու պատիւ է, դիրք է եւ ոյժ, սակայն, կը մտածեմ, անոնք մեզի պէս հանգիստ կ՛ուտե՞ն, կը խմե՞ն ու կը քնանա՞ն. մեզի պէս բարեկամներու կ՛այցելե՞ն. շուկայ-մուկայ կ՛երթա՞ն գնումի, զուարճանքի կեդրոններ կ՛այցելե՞ն, գիրք կամ թերթ կը կարդա՞ն, իրենց երախաներուն հետ ժամանակ կ՛անցընե՞ն:Մէկ խօսքովՙ մարդու պէս կ՛ապրի՞ն, թէ՞ արդէն մէկական մեքենայ դարձած են ու լարուելով կը գործեն: Իրենք ինքնալարումո՞վ կը գործեն, թէ՞ ուրիշներ կը լարեն զիրենք:Երբեմն կը հիանամ իրենց պաղարիւնութեան վրայ, անյողդողդ կեցուածք, ինքնավստահ շարժուներ, կշռադատուած խօսք… Երբեմն ալ կը մեղքնամ, երբ կը պատկերացնեմ, որ վերը յիշածներէս ոչ մէկը ընելու ժամանակ ունին: Իսկ երբեմն ալ ուղղակի կը զզուիմ թերխաշ ղեկավար մը տեսնելով, որուն ինչպէս այդ դիրքին հասած ըլլալը կրնամ պատկերացնելՙ ոչ քալել գիտեն, ոչ խօսիլ եւ ոչ ալ շնորհքով հագուիլ:Ես լսած եմ, որ երկիրներու գաղտնի սպասարկութեանց մէջ կայ յատուկ մարմին մը, որ մանրազնին քննութենէ կ՛անցընէ պետական դէմքերուն վերը յիշածս զանազան երեւոյթներըՙ ձեռքերու շարժումներէն մինչեւ շրթունքները, քալած ձեւէն մինչեւ նիստն ու կացը, հագածը, յատկապէս փողկապը եթէ տղամարդ է, եւ կրծքազարդըՙ եթէ կին է: Ու այդ դիտումներուն արդիւնքով ինչ-ինչ եզրակացութիւններու կը յանգինՙ առո՞ղջ է, հիւա՞նդ է, ուժե՞ղ է, տկա՞ր է, անկե՞ղծ է, թէ՞ կը ձեւացնէ եւ այլն:Ֆրանսան տակնուվրայ ըրին «դեղին բաճկոնաւորները» ամիսներ շարունակ, սակայն երբ Մաքրոնին դէմքին կը նայիս իր այցելութիւններուն կամ ժողովներուն ընթացքին, կարծես իր երկրին մէջ ոչինչ կայ զինք անհանգստացնող, հանդարտ, ժպտերես, ինքնավստահ:«Ժպտերես» ըսի ու յիշեցի մեծ մըՙ Քանատայի մանկադէմ ղեկավարըՙ Թրուտոն, որուն դէմքէն բարութիւն կը հոսի եւ ուրկէ ժպիտը երբեք չի բաժնուիր. (Երեւի իր ականջին չեն հասնիր Քանատա գաղթելու դիմած մարդոց բողոքները, որոնք տարիներ հերթի կը սպասեն): Սակայն ժպիտի մէջ անգերազանցելին մեր վարչապետն է. եթէ ոչ խոստումներու իրականացումներով, գոնէ ժպիտով կ՛ողողէ հրաշքներու սպասող քաղաքացիները:Ամրակուռ նկարագրի, ոյժի ու յաղթական կեցուածքի տիպար մըն է Փութինը, յատկապէս երբ Քրեմլինի պալատի հսկայական դռները կը բացուին իր առջեւ ու ինք յոխորտանքով կը քալէ բարեւի կեցած պատուոյ պահակներու մէջէն: Սի Այ Էի մարդիկը կը դիտեն ու չե՞ն նախանձիր արդեօք, երբ բաղդատեն զինք իրենց ոսկեհեր նախագահին հետ, որուն ինքնավստահ մարդու ժպիտը սկսեր է տեղի տալ, սպասելով իր գլխուն պայթելիք պատիժին:Այս նկատողութիւնները կարելի է երկարել, լուսարձակի տակ առնել Մեծ Բրիտանիայի վարչապետը իր «անդաստիարակ» մազերով, կամ Լիբանանի նախագահին երերացող առողջութիւնն ու աթոռը, սակայն, առայժմ այսքան: |