Կանգնած եմ մայթին եւ փոխադրակառք մը կը սպասեմ: Ինծի նման ալՙ շատեր. բոլորն ալ կ՛ուզեն տեղ հասնիլ 100 դրամով: Անդին, մայթեզրին, թաքսիները շարք բռնած են եւ ակնդէտ շտապող մը կը սպասեն, որ համբերութիւն չունի երկար սպասելու եւ 100 դրամի փոխարէն պատրաստ է 600 կամ աւելի վճարելու:
Շարքին առաջին թաքսիին վարորդը իջաւ մեքենայէն, բարձրացաւ մայթ, աջ ձեռքով բռնեց քիթն ու խնչեց մայթին վրայ, ապաՙ նոյն գործողութիւնը կատարեց ձախ ձեռքով, յետոյ թաշկինակի չնմանող, կասկածելի գոյնով լաթի կտոր մը հանեց գրպանէն, ձեռքերը սրբեց, մօտեցաւ մեքենային եւ նոյն կտորով սրբեց անոր ապակիները ու անցաւ ղեկին առջեւ:
Աչքերս սառած կը դիտեմ ու կը մտածեմ, որ քիչ ետք անպայման մէկը պիտի նստի, այդ ձեռքին մէջ դրամ դնէ, ապա նոյն ձեռքէն դրամին մանրը վերցնէ…
Անհանգիստ կը զգամ, թէեւ նորութիւն չէ, սակայն դարձեալ անհանգիստ կը զգամ: Ասկէ առաջ ալ տեսած եմ այսպիսի անկիրթ վարորդներ, կամ ընդհանրապէս այս ձեւով քիթ մաքրող մեծահասակ քաղաքացիներ. նողկալի ըլլալէն աւելիՙ զայրացուցիչ է, չի վայելեր մեր երկրին:
Անցեալները թաքսիի մը ձեռք ըրի, երանի ըրած չըլլայի, մութ, անթափանց ապակիներէն ներս վարորդը չէր երեւեր, եթէ նկատէի որ երիտասարդ է, կը խուսափէի: Չտեսայ եւ նստեցայ: Տղան ղեկին վրայ կքած, կարծես ձիու վրայ նստած, կարծես մրցումի ելած էր վազանց կատարող մեքենաներուն հետ. ու պատահեցաւ որ անցնող վարորդներէն մին նկատողութիւն մը ընէ մեր ձիաւորին… ներողութի՛ւն, վարորդի՛ն: Կարծես մէկը մեղուի բոյնը խառնշտկեց. վա~յ… այդ դո՞ւն էիր համարձակողը, ու մեր հերոսը ամենակեղտոտ, ամենափողոցային հայհոյանքներու հեղեղին բերանը բացաւ, ոչ մայր ձգեց, ոչ քոյր, ոչ ընտանիք ու գերդաստան… Եվ այս բոլորըՙ ձիարշաւը աւելի բորբոքած վիճակի մէջ: Փորձեցի հանդարտեցնել, բան մը ըսել, մտիկ ընողը ո՞վ է: Ամէն գնով աշխատեցաւ հասնիլ խօսք նետողին. լուսասիւնի կարմիր լոյսը լուծեց հարցը, հասաւ անոր, իջաւ մեքենայէն ու յարձակեցաւ վարորդին վրայ, պոռալ-կանչելով ու զայն հրաւիրելով որ վար իջնէ ու… կանաչ լոյսը փրկեց, մեքենաները շարժեցան, մեր հերոսն ալ միասին, այնպիսի «գունագեղ» հայհոյանքներ կը շարունակէր շպրտել միւսին հասցէին ու չէր յագենար: Չդիմացայ, դրամը երկարեցի ու խնդրեցի որ կենայ եւ իջայ: Կը մտածեմ, եթէ մեքենային մէջ կին ըլլար, ի՞նչ պիտի ըլլար:
Այսպիսի փողոցային տղոց մեքենա՞յ կը վստահուի, իսկ վարորդական արտօնութեան պատասխանատուն ինչպէ՞ս արտօներ է որ այս տղան վարորդ աշխատի, եթէ անշուշտ այդպիսի պաշտօնեայ գոյութիւն ունի: Թաքսիները քաղաքի մը դէմքն են, վարորդները որոշ ձեւով տպաւորութիւն ստեղծողներ են: Վերը յիշած երկու օրինակներս բազմացուցէք ու ըսէք, մեր քաղաքին կը վայլէ՞:
Երբ այս տողերը կը շարադրեմ, դուրսը բարձրաձայն երգ ու երաժշտութիւն կը հնչէ, Երեւանի 2801- ամեայ տարեդարձն է, որուն այս տարուան բնաբանըՙ «Երեւանը մեր սրտում»-ն է: Անշուշտ բոլորիս սրտին մէջն է, անկասկած, սակայն վերը յիշածներս վստահաբար սիրտ չունին:
Մեծ-մեծ բաներու ետեւ ինկեր ենք աշխարհը զարմացնելու համար մեր պզտլիկ երկրին մեծ յաջողութիւններով, երբ անդին աւելի մանր հարցեր կան, որոնց հանդէպ անտարբեր ենք:
Մեր թաքսի ծառայութիւնը ամենայետամնաց ու անկազմակերպ վիճակի մէջ է. կարծես հեռաւոր Արեւելքի, կամ Ափրիկէի խուլ մէկ քաղաքին մէջ ենք: Լուրջ աշխատանք պէտք է այս հարցը կարգաւորելու: Նախՙ թաքսիները յատուկ արտօնութեամբ, յատուկ թիւեր կրելու են, բոլորը միագոյն ըլլալու են: Ապակիները թափանցիկ, բոլորն ալ հաշուիչ ունենալու են: Շատ երիտասարդ տղոց արգիլելու է թաքսի վարել: Բոլոր վարորդները պարտին կոկիկ ըլլալ, մաքո՛ւր երեսով ու բերնով: Անհրաժեշտ է դիմորդները քննութենէ անցընել, ապա վարելու իրաւունք տալ, կամ չտալ: Նոյնը ընելու է ամէն օր մարդոց հետ շփում ունեցող պաշտօնեաներու հետՙ ճաշարան-սրճարաններու սպասեակներուն, հիւրանոցներու հիւրընկալներուն հետ եւ այլ:
Ժողովուրդը կ՛ըսէՙ «Խօսքով փիլաւ չ՛եփիր», Երեւանն ալ խօսքով չի սիրուիր: