ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփի յայտարարած ԻՊ-ի ղեկավար Ապու Պաքր ալ Պաղտատիի սպանութիւնը «ամերիկեան ձախող ֆիլմ» որակեցին: Կարծես թէ Ալ Ղաիտայի ղեկավար Ուսամա Պէն Լատենի մաքրագործման կրկնութիւնն է, կ՛ըսեն: Այն ատեն ինչ որ հանրութեան ցուցադրուեցաւՙ բնաւ համոզիչ չէր, մասնաւորաբար անոր դիակը ծով նետելու պատմութիւնը, որուն շուրջ կասկածները ցարդ չեն փարատած:Թրամփի նախընտրական արշաւին անհրաժեշտ էր այսպիսի պատմութիւն մը, եւ պատերազմէն յաղթական վերադարձող հռոմէացի կայսրի նմանՙ հուռռաներով ու ծափերով պիտի դիմաւորուէր եւ դափնեպսակի արժանանար: Իր ելոյթին կը պակսէր պատկեր մը, ուր ինք սուրը ձեռքին, մէկ ոտքը Պաղտատիի գլխուն վրայՙ յայտարարէր, որ ԻՊ-ի ղեկավարը մեռաւ «վախկոտ շան նման»:Սենարիոն եւ բեմադրութիւնը ձախող էին, կ՛ըսեն. վաղը ուրիշ սպանուածի մը դիակը կը դնեն տոպրակի մը մէջ ու ան ալ ծովը կը նետեն, մինչ բուն «զոհը» կը դիմափոխեն եւ իրենց կեդրոններէն մին տանելովՙ անկէ մանրամասն գաղտնիքներ կը քաղեն:Վերոյիշեալ պատկերացումներն ու նախատեսումներն ալ հաւաստի դառնալու համար փաստերու կարիք ունին:Եթէ պահ մը պատկերացնենք, որ Պէն Լատենն ու Պաղտատին իսկապէս սպանուեցան, ապա ուրիշ բացատրութիւն մը մէջտեղ կը նետուի, որ կը յիշեցնէ հայաստանցիներուն հարսանեկան խրախճանքին համար զենուելիք մսացու կովը, զոր երկար ատեն կը պահեն, անդադար կը կերակրեն ու կը գիրցնեն ու հարսանիքի օրը կը մորթեն:Երեւի Թրամփի «հարսանիք»ի օրը հասած էր եւ մսացուն մորթուելու էր:Այսքան տարի անասելի չարագործութիւններ, աննկարագրելի ոճիրներ գործած մարդուն չկրցաւ որսալ ԱՄՆ-ի պէս ամենազօր երկիր մը, մինչեւ որ անոր ալ «օգտագործման ժամկէտը» լրացաւ ու յանկարծ որսացին զինք, ան ալ Սուրիոյ տարածքին, շրջանի մը մէջ, ուր թրքական բանակ կայ:Անցեալները ՄԱԿ-ի Սուրիոյ դեսպան Ճա՛ֆարին իր ելոյթին մէջ կ՛ըսէր, թէ Տաէշ, կամ ԻՊ (Իսլամական պետութիւն) կոչուած այս կազմակերպութիւնը Հրատ մոլորակէն չիջաւ… զայն մէջտեղ բերողը, մարզողը, զինողն ու հովանաւորողները այս աշխարհէն են չէ՞, բոլորդ ալ գիտէք, հիմա նստեր զանոնք վերացնելու մասի՞ն կը խօսիք…Իսկապէս, «խաշած հաւուն ծիծաղը կու գայ» այս սնամէջ պատմութիւնները լսելով: Այսօրուան մարդը նախկինը չէ այլեւս, այսօրուան մարդը համացանցի, դիմատետրի (Ֆէյսպուք), գրպանի հեռախօսի դարու մարդն է, որ նստած տեղը կրնայ իմանալ, թէ տուեալ վայրկեանին ինչ կ՛անցնի – կը դառնայ աշխարհի մէջ: Կրնայ որեւէ արխիւ բանալ, կրնայ որեւէ հարցի պատասխան ստանալ: Այնպէս որ զինք խաբելն ու որեւէ սուտ հալած իւղի պէս կլլեցնելը դիւրին չէ: Գուցէ միամիտ ամերիկացի շարքային քաղաքացին կլլէ, սակայն ուրիշներ չեն կլլեր:Վաղը կը մոռցուի Պաղտատին, անոր կը փոխարինէ ուրիշ մը, եթէ տակաւին այս կազմակերպութիւնը ընելիքներ ունի մեր կողմերը: Կրնայ նոր անունով ուրիշ կազմակերպութիւն մը մէջտեղ գալ, որուն նոր գործեր կը վստահուին: Ո՞վ գիտէ, ինչե՜ր կ՛եփուին արեւմտեան խոհանոցներուն մէջ: Խոհանոցները միշտ պիտի գործեն, անդադար պիտի եփեն-թափեն ու աշխարհի քարտէսին վրայ թափեն իրենց եփածը, որ չ՛ուտուիր, այլ միայն կ՛այրէ:Այս բոլորին մէջ ամենաանտանելին ու ամենաանմարդկայինը խաղաղութեան եւ մարդասիրութեան անունով հրապարակային ելոյթ ունեցող խաբեբայ քաղաքական գործիչներն են, որոնց երակներուն մէջ արեան փոխարէն նաֆթ կը հոսի: |