Միեւնոյն բանը անդադար կրկնուելով իր գրաւչութիւնը կը կորսնցնէ եւ կը սկսի ձանձրոյթ պատճառել: Ձանձրոյթը երկարաձգուելով կ՛ըլլայ տաղտկալի, անհանդուրժելի, որուն պատճառով մարդիկ կը դիմեն փոփոխութեան, նորն ու տարբերը ունենալու փափաքով:
Այս վիճակն ու փափաքը կարելի է նկատել համարեա՛ բոլոր բնագաւառներուն մէջՙ ուտելիք, հագուստ-կապուստ, բնակարան, բնակավայր, զբօսանք, արհեստ, արուեստ, կենցաղ, շրջապատ, քաղաքականութիւն, իշխող, իշխուող… կարելի է շարքը երկարել: Ուրեմն, մարդ արարածը անդադար փոփոխութեան, հինը նորով փոխարինելու ձգտում ունի, եւ ասիկա բնական երեւոյթ է: Եթէ նորի ձգտում չըլլար, ամէն ինչ կը քարանար, կը հիննար, կը մաշէր, ու ոչ մէկ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէր մարդկութիւնը:
Մարդիկ յաճախ փոփոխութեան կը դիմեն առանց երկար-բարակ մտածելու, առանց նորին յատկութիւնները նախօրօք սերտելու, ապա յեղափոխելու, քանի որ հարցը երկու բաժին ունի, մէկՙ հինէն ազատիլ, երկուՙ նորը ողջունել: Անոնք յաճախ առաջին մասը աւելի կարեւոր նկատելով, «Նախՙ հինէն ազատինք,- կ՛ըսեն,- յետոյՙ Աստուած մեծ է…»:
Այսպէս եղած է մարդկային պատմութեան ամբողջ ընթացքին: Հինը փոխարինուած է նորով, մինչեւ որ նորն ալ հինցած է ու անոր ալ կարգը եկած է ուրիշով մը փոխարինուելու, եւ այսպէս…
Երբեմն պատահած է, որ հինին հետ գացած են նաեւ լաւ բաներ, իսկ նորին հետ եկած են տհաճ նորութիւններ. շատեր զգացած են, թէ ինչ կորսնցուցին ու զղջացած, շատեր ալ նորէն կառչած են մեծ ակնկալիքներով:
Կրօնքն ու քաղաքականութիւնը մէկ կողմ թողունք (թէեւ շատ դիպուկ օրինակներ կարելի է քաղել անոնցմէ), ու խօսինք մեզի աւելի մատչելի ոլորտներ լուսարձակի տակ առնելով: ԺԵ դարու Վերածնունդի շարժումով վերադարձ մը կատարուեցաւ հին դասականին, բաւական երկար դարերու խաւար շրջանէ մը ետք, յատկապէս գեղարուեստի մարզէն ներս: Նկարչութիւնն ու քանդակագործութիւնը աննախընթաց վերելք մը ապրեցան, որպէս ռահվիրա ունենալով իտալացի Լէոնարտօ Տա Վինչին, Միքելանճելոն եւ անոնց ընկերները, որոնք արուեստի անկրկնելի գործերով անմահացան: Շրջան մը ետք նորեր եկան, նոր գաղափարներ մէջտեղ նետուեցան ու նոր շարժումներ ծայր առինՙ ռոմանթիզմ-վիպապաշտութիւնը, իրապաշտութիւնը, տպաւորապաշտութիւնը, արտայայտչապաշտութիւնը, խորհրդապաշտութիւնը, վերացականը, անհեթեթը եւ այլն: Այս բոլոր շարժումները իրար յաջորդեցին, քանի որ անդադար նոր ուղիներու փնտռտուք կար, նոր արտայայտչաձեւերու կարիք կար: Վերոյիշեալ շարժումները հասան 20-րդ դար ու սկսան իրար հրմշտկել, մինչեւ որ ոմանք գեղարուեստը վերածեցին անիմաստ, անհասկնալի բանի մը, զոր «արուեստ» անուանելը ուղղակի ապուշութիւն է. սակայն եւ այնպէս, այդ գործերը ունեցան գնորդներ եւ զարդարեցին ցուցասրահներ: Հսկայ գումարներով գնահատուողը այս պարագային գործը չէր, այլ տակի ստորագրութիւնը:
Նկարչութեան նման միւս ասպարէզներն ալ նորարարութեան տենդէն բռնուած, արտադրեցին անորակ գործեր, ըլլայ գրականութեան մէջ, ըլլայ երաժշտութեան, թատրոնի, պարի եւ միւս բոլոր ասպարէզներուն մէջ:
Ֆրանսահայ մեծ նկարիչ Գառզուն (Գառնիկ Զուլումեան), երբ Ֆրանսայի Գեղարուեստի ակադեմիայի անդամ ընտրուեցաւ, իր անդրանիկ ելոյթին մէջ այնպիսի յարձակում գործեց նորարարութեան վրայ, որ մարդիկ ափ ի բերան մնացին:
Ո՞վ պիտի դէմ ըլլար նորին, ո՞վ չ՛ուզէր նորոգուիլ ու նորը ողջունել, սակայն, երբ նորի ու նորարարութեան անուան տակ անմակարդակ, անիմաստ ու «խոտան» բաներ արտադրեն եւ ուզեն բարձրորակ արուեստի տեղ «քշել», միշտ ալ աչալուրջ պահակներ կը գտնուին:
Նորարարական բանաստեղծութեան անունին տակ անիմաստ բառակոյտեր շարադրել, ականջահաճոյ գեղեցիկ երաժշտութեան փոխարէն ականջ սղոցող խզխզոցներ բեմ բարձրացնել, «մոտեռն պալէի» անուան տակ բեմահարթակին վրայ մարզական անճոռնի շարժումներ հրամցնել…
Վերջապէս մարդիկ պիտի գտնուին, որոնք պիտի պոռան, չէ՞, որ «Թագաւորը մերկ է»: