Չէ՞ որ կ՛ըսենՙ «Վարդը սիրողը, փուշն ալ պէտք է սիրէ», քանի որ անոնք միասին կու գան, միասին ծլած են, միասին մեծցած ու միասին ալ կ՛ապրին, առանց որ մին միւսին սահմանը անցնի, կամ փորձէ ազդել ու բան մը փոխել: Վարդը կը մնայ վարդ իր տեսքով ու բոյրով, ինչպէս որ փուշն ալ կը մնայ փուշ իր սրածայր, խոցող զէնքերով:
Այդպէս ալ ամէն ինչՙ բնութիւն, մարդիկ, ամէ՛ն, ամէն ինչ: Արեւը սիրես գարնան իր պարգեւած լոյսին ու ջերմութեան համար եւ ատես ամրան իր կիզիչ տօթին համար, չ՛ըլլար, չէ՞: Բարեկամդ սիրես իր նուիրուածութեան ու հաւատարմութեան համար եւ ատես իր ջղային բնաւորութեան համար, կ՛ըլլա՞յ:
Հիմաՙ այս փիլիսոփայութեամբ գանք մեր օրերու ազգային, քաղաքական իրավիճակներուն: Թաւշեայ յեղափոխութեամբ ամբողջ աշխարհին գնահատանքի առարկայ դարձանք: Ան, ահեղավազ իր ընթացքով հինը քշեց ու տարաւ: Սիրեցինք, քանի ձերբազատուեցանք երկրին արիւնը ծծող մենաշնորհեալներէն: Հիմա կ՛ատեն անոր բերած խորհրդարանն ու կառավարութիւնըՙ երիտասարդ են, անփորձ են, տկար են… Եղա՞ւ:
Քաղաքապետը դերասան մարդ է,- ԱՄՆ-ի նախագահ Ռ. Ռէյկընն ալ դերասան էր, ի՞նչ կայ որ,- Ծուռ բերան իր ստեղծած կերպարէն կտրուկ անցաւ փողկապաւոր լուրջ անձնաւորութեան կերպարին, որուն հեղեղած խոստումները մէկ օրէն միւսը իրականացուած կ՛ուզեն տեսնել բոլորը: Քաղաքը ծաղկազարդուած էր նախկին քաղաքապետին կողմէ, որուն, մայրաքաղաքին միայն արտաքին տեսքը կը հետաքրքրէր, սակայն անհաշուելի թերութիւններ կային, որոնց սրբագրութիւնը երկար ժամանակի կը կարօտի, իսկ անհամբեր մարդիկ, որոնք սրբագրութեանց զոհ երթալով պիտի տուժեն, հակահարուածի անցած են: Օփերայի տարածքի սրճարան-ճաշարաններէն մինչեւ մայթեզրերու «կայանատէրերը» դժգոհ են, «թողէք աշխատենք», կ՛ըսեն, որո՞ւն պէտք է ձեր երազած անթերի Երեւանը: Եղա՞ւ:
Ամէն մարդ գիտէ, որ Հայաստանի մէջ պետական պաշտօնեաներուն թիւը պէտք եղածէն շատ աւելի է: Ամէն մարդ, որ պետական զանազան հիմնարկներ կ՛այցելէ, իր աչքերով կը տեսնէ տասնեակներով պաշտօնեաներ, որոնք նստած ոչինչ կ՛ընեն: Անոնք կամ իրարու հետ կը խօսին, սուրճ ու թէյ կը խմեն, թերթ կը կարդան, կամ համակարգիչի վրայ «ֆալ» կը բանան: Չչափազանցելու համար խոստովանիմ, որ անոնցմէ շատեր իրենց աշխատանքային ութը ժամին մէջ, արաւելագոյն մէկ կամ երկու ռութին, ընթացիկ գործեր կը կատարեն, եւ այդքան միայն: Թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ պաշտօն յանձնուած է այդ մարդոց, այդ ալ ուրիշ հարց է: Անոնք մարդու վնաս չեն հասցներ, միայն պետութեան պիւտճէէն միլիոններ յումպէտս կը վատնուին:
Հիմա եկած է պետական հիմնարկները այսօրինակ մարդոցմէ մաքրագործելու ժամանակը, որուն հետեւանքով հազարաւոր մարդիկ կրնան արձակուիլ եւ հետեւաբար ալ անգործ մնալ ու նոր տագնապի մը դուռը բանալ:
Այս մարդիկը ի՞նչ յանցանք ունին, գործի դիմեր եւ ընդունուեր են եւ երկար տարիներէ ի վեր աշխատավարձ կը ստանան ու ընտանիք կը պահեն: Հիմա ի՞նչ պիտի ընեն: Քաղաքին մէջ միակ պահանջուածները «վաճառողուհի», «մաքրուհի»,« խմորճի», «մանղալճի» են: Գործէ արձակուած համալսարանաւարտ հաշուապահ մը, կամ քիմիագէտ մը, գործավար մը, կամ այլՙ պիտի ստիպուի՞ն այստեսակ աշխատանքներ ընել:
Հարցը լուրջ է: Նոր կառավարութիւնը հինէն ժառանգուած բոլոր սխալները ուղղելու սկսած է: Մենք ալ, եթէ անաչառ պիտի մտածենք, համաձայն պիտի չըլլանք որ պետութեան պիւտճէն այսպիսի մարդոց վրայ մսխուի: Լաւ ուրեմն, ինչո՞ւ ամէն մարդ ոտքի ելեր է ու անարդար կը նկատէ այս խեղճ պաշտօնեաներուն աշխատանքէ արձակումը:
Չկայ դեղ, որ մարմնին մէկ տեղին օգտելուն զուգահեռՙ ուրիշ տեղի մը չվնասէ: Ասիկա գիտնալով հանդերձ, դեղը կ՛առնենք, նախապատուութիւնը տալով «ուղղակիին» եւ անտեսելով «կողմնակին». Այսինքնՙ վարդը կ՛առնենք, փուշը անտեսելով:
Երկրին թերութիւնները սրբագրելը վարդ է, մակաբոյծները հեռացնելը փո՞ւշ է, այո՛ փուշ է, սակայն վարդին հետ այս փուշն ալ ընդունելու է. եղաա՞ւ: