Խմբագրական «Պայքար» շաբաթաթերթի, 3 փետր. 2019, Բեյրութ-Լոս Անջելես
Ամէն հայ, որ քիչ թէ շատ կը հետեւի հայ կեանքին, բերնի ծամոց դարձուցած է այն իրողութիւնը, որ այն տարիներուն, երբ մեր հայրենիքը կորսնցուցած էր իր պետականութիւնը` եկեղեցին կատարած է պետութեան դերը։ Իսկ այսօր ի՞նչ դեր ունի եկեղեցին եւ յատկապէս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին. շատեր կարծիք չունին այդ մասին։ Այդ շատերուն մէջ են նաեւ շատ մը եկեղեցականներ։
Եկեղեցին եւ սփիւռքը արժէքներ են, որոնք կրնան նշանակալից դեր մը ունենալ հայրենիքի վերականգնումի գործին մէջ։ Սակայն, նախ պէտք է ճանչնալ եկեղեցին. իր պատմութեա՛մբ եւ առաքելութեա՛մբ, ու պէտք է ճանչնալ սփիւռքը եւս, իր կարողականութեա՛մբ եւ տկարութիւններով, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ երկու արժէքները տեղաւորել հոն, ուր կրնան արդիւնաւէտ դառնալ։
Անաստուած սովետները գիտէին Հայ եկեղեցւոյ տեղն ու դերը հայ զանգուածներու կեանքին ու հոգիին մէջ եւ զայն օգտագործեցին իրենց քաղաքական նպատակներուն համար։(*)
Կարծէք թէ այդ իրողութեան իրազեկ չեն շատ մը ղեկավարներ ու մտաւորականներ որ, այլ խմբաւորում մը սփիւռքի մէջ, զայն յայտնաբերե՜ց եւ սկսաւ պայքարիլ Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածնի դէմ, թէ վերջինս գործիք դարձած էր քաղաքական միաւորի մը ձեռքին։ Այն եղաւ որ, պառակտուեցաւ եկեղեցին, բաժան-բաժան եղաւ եկեղեցւոյ հօտը եւ վէրքը կը շարունակէ արիւնիլ, բոլորին անտաnբեր հայեացքին ներքեւ։ Սովետը փլաւ եւ անոր փլատակներուն ներքեւ գտնուեցան նաեւ եկեղեցւոյ բաժան-բաժան եղած մասերը։
Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կ’ըսէր, թէ ինքն ալ պայքարած էր Էջմիածնի դէմ, որովհետեւ ան ենթակայ էր խորհրդային իշխանութեանց, սակայն հիմա որ չկայ այդ իշխանութիւնը, ի՞նչ պատճառ կը մնայ լարուածութիւնը շարունակելու եւ եկեղեցին պառակտուած պահելու։
Ամերիկացիք կ’ըսենՙ «Հիմա շրջենք սեղանները» (Let”s turn the tables)։
Եթէ իսկապէս խոցելի ու եպերելի երեւոյթ էր որ քաղաքական ոյժ մը շահագործէր եկեղեցին, ուրեմն ինչո՞ւ քաղաքական այլ հոսանքի ազդեցութեան (տիրապետութեան) տակ կը մնայ բաժանեալ եկեղեցին, որուն պայքարին բուն էութիւնը իբրեւ թէ քաղաքականութենէն ազատագրել էր եկեղեցին։
Արամ Կաթողիկոս իմաստուն հայրապետ մըն է եւ գիտէ իրողութիւնները այնքան գեղեցկօրէն բանաձեւել, որ կը սկսիք հաւատալ, թէ անոնք ճշմարտութիւններ են։ Օրինակ, վերջերս տարբեր եկեղեցիներու մէկ հաւաքին ան հետեւեալ կերպով բնութագրած է միութեան իր ըմբռնումը. «Միութիւնը միաձեւութիւն չէ, այլ զանազանութեանց միջեւ ներդաշնակութիւն»։ Այդ «զանազանութեանց» մէջ ամերիկահայութիւնը ունի երկու մրցակից թեմ, քանատահայութիւնը ունէր փառաւոր թեմ եւ հոյակապ տաճարներ, սակայն այդ զանազանութիւնները պահելու համար ստեղծուեցաւ մրցակից թեմ, որպէսզի զայն հովանաւորող կազմակերպութիւնը ունենայ մնայուն եկամուտի աղբիւր. իսկ յունահայ փոքրիկ թեմին գլուխը կապուած է Էջմիածնին ու պոչը` Անթիլիասին։ Ա՞յս է զանազանութիւնը. իսկ ո՞վ պիտի ստեղծէ ներդաշնակութիւնը։
Ամերիկահայ Արեւելեան թեմերուն միջեւ մօտ քառորդ դար բանակցութիւններ կատարուեցան եկեղեցիները միացնելու։ Սովետը անհետացաւ եւ անոր հետ ալ` եկեղեցին պառակտելու պատճառաբանութիւնը կամ պատրուակը, սակայն բաժանումը կը շարունակուի։ Մարդիկ յոգնած են այդ մասին մտածելէ. վհատած են եկեղեցին միացնելու փորձերէն ու դեռ կը սպասենք այն «ներդաշնակութեան», որ պիտի ծնի օր մը։
Այդ յոգնածներէն ոմանք պիտի սկսին հարց տալ եւ նոյնիսկ քննադատել, թէ «կը բաւէ հին պատմութիւններ արծարծել»։ Աւելի շուտիկ մարդիկ պիտի պնդեն, որ չեն ուզեր անդրադառնալ ու սորվիլ, թէ ի՞նչ պատահած է անցեալին, ի՞նչ են արմատները եկեղեցական բաժանման։ Բայց ճիշդ այդ դասալիք դասակարգն է եկեղեցւոյ ներկայ վիճակին պատճառը։ Անոնք որ առաջին հերթին պատասխանատուներն են եկեղեցւոյ պառակտումին` առաջինները պիտի ըլլան գոհանալու, որ պառակտուած եկեղեցին կեանքի «բնական» երեւոյթ մը դարձած է եւ այդպէս ալ պիտի շարունակուի։
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ինք իր մէջ փառաւոր հաստատութիւն մըն է իր ազգային ու քաղաքական առաքելութեամբ։ Մանաւանդ սրտամօտիկ է անոր պայքարը յանուն մեր ազգայնականութեան պահպանման եւ արեւմտահայ լեզուի յարատեւման։ Սակայն չի կրնար եկեղեցւոյ մէկ հատուածը զօրանալ ի հեճուկս միեւնոյն մարմնի այլ հատուածներուն։ Եթէ մէկը միւսով չզօրանայ եւ մէկը միւսով չամբողջանայ` ամբողջ եկեղեցին է որ կը տուժէ։
Վերջերս Ամենայն Հայոց հայրապետին դէմ արշաւ մը սկսաւ կարգ մը ապիրատներու եւ վարձկաններու կողմէ։ Ամենայն Հայոց հայրապետը Հռովմի պապին անսխալութեան արժանիքը չունի։ Սակայն «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» կարգախօս»ը Էջմիածնի հիմքերը խախտելու բնոյթն ունի։ Դժբախտաբար Հայաստանի թաւշեայ իշխանութիւնն ալ սկիզբն անտարբեր գտնուեցաւ այդ շարժումին նկատմամբ։ Իշխանափոխութեան հետ ամէն բան փոխուած տեսնելու կարճամտութիւնը բարեբախտաբար երկար չտեւեց։ «Եկեղեցին ու պետութիւնը իրարմէ անջատ են» կարգախօսն ալ ունեցաւ աւերիչ դերը մինչեւ որ պետութեան կարգ մը թերհաս ղեկավարներն ալ անդրադարձան, որ Ամենայն Հայոց հայրապետութեան հոգեւոր իշխանութիւնը կը տարածուի համայն հայութեան վրայ եւ թէ փողոց ինկած մարդիկը իրաւասութիւնը չունէին տասը միլիոն հայութեան անունով պահանջ հնչեցնելու։
Հետաքրքրական է անդրադառնալ, որ Արամ կաթողիկոս, որ գրեթէ հայութեան բոլոր հարցերով ու խնդիրներով կը զբաղի եւ իր իմաստուն ձայնը կը բարձրացնէ անոնց մասին` կատարեալ լռութիւն պահեց Ս. Էջմիածնի Հայրապետին դէմ եղած շարժումին կապակցութեամբ։ Ան, անկասկած, «ոսկեբերան» ճառախօս մըն է. սակայն իր պահած լռութիւնը աւելի հնչուն էր քան ցարդ իր խօսած հոգեպարար քարոզներն ու ճառերը։
Եթէ մէկ ձեռքը միւսը չլուայ` երկու ձեռքերն ալ կեղտոտ կը մնան։
Ի դէպ, Կաթողիկոսին դէմ սկսած շարժումին պատրուակը այն էր, թէ կաթողիկոսը շատ մօտիկ կանգնած էր նախորդ իշխանութեանց։ Սակայն, կաթողիկոսը ինք չի կրնար քաղաքականութիւն մշակել։ Իրեն կը մնայ գործակցիլ օրուան իշխանութեանց հետ։ Այսօր բարեբախտաբար նոր վարչապետը անդրադարձած է, որ յատկապէս եկեղեցւոյ իշխանութեան նկատմամբ նոր յեղափոխութիւնը այնքան ալ թաւշեայ չէ եղած։
Եթէ կ’ուզենք որ եկեղեցին դեր մը ունենայ մեր հայրենիքի վերականգնումին մէջ եւ հեղինակութիւն վայելէ սփիւռքի տարածքին` կարգախօսներու ետին պահուըտիլն ալ ժամանակավրէպ է։ Պէտք է վերականգնի եկեղեցւոյ միասնականութիւնը։ Եւ այդ գործին մէջ առաւելագոյնը կ’ակնկալուի անկէ, որ առաւելագոյն կերպով օժտուածն է։
Միւս կողմէ, եկեղեցին պէտք ունի բարեկարգումիՙ նոր ժամանակներու ոգին արտայայտող կանոնագրութեամբ մը։ Հոգեւորական խումբերը կը հաւաքուին, կը խօսին ու ջուր կը ծեծեն, բայց եզրակացութեան մը չեն յանգիր։ Չեն յանգիր` որովհետեւ դիտաւորութիւն չունին յանգելու։ Եթէ մէկ կողմը առաջարկէ բանաձեւ մը, միւս կողմը անխուսափելիօրէն կը հակառակի, որովհետեւ խորքին մէջ կողմերը իրարու հակառակորդներ են եւ ոչ լծակիցներ։
Սփիւռքը ապրած է իր եկեղեցիով եւ սփիւռքի մէջ ղեկավարներու եւ զանգուածին մէջ աւելի գիտակցութիւն կայ եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Հայաստանի մէջ դեռ դժուար կը հասկնան հայրապետին եւ … գեներալ Մանուէլին տարբերութիւնը։ Եւ ոչ միայն անհաւատութեան մէջ դաստիարակուած զանգուածը, այլ նոյնիսկ նախարարական աթոռներու վրայ բազմած բանգէտները։
Ի վերջոյ կարելի չէ եկեղեցին պառակտուած թողուլ, ջարդ ու փշուր ընել անոր հեղինակութիւնը ամէնուրեք եւ սպասել որ կարենայ դրական դեր մը կատարել սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ։
Այդպիսի ակնկալութիւններ միայն Փանջունիները կրնան սնուցանել։
*) Այդ բանը անոնց սորվեցնողներէն առաջինը եղավ Արտակ Դարբինյանը, ՌԱԿ մեծանուն հիմնադիրներից մեկը, որի 1922 թ.ին Երեւան այցելության եւ Ալեքսանդր Մյասնիկյանի հետ հանդիպման գլխավոր թեմաներից մեկը հենց դա էրՙ Մայր աթոռ Սբ. Էջմիածնի պահպանումը։ («Ազգ»)