Շուտով սուրիական պատերազմը կը նշէ իր ութնամեակը եւ առաց նոր ամեակներու մաղթանքի, ան կը շարունակէ նշել յաջորդն ու յաջորդները, մինչեւ որ Աստուած, աւելի ճիշդՙ պատերազմի աստուածները, կամենան վերջ տալ անոր:
Երկրորդ տարին է, որ Հալէպ ազատագրուած է ահաբեկիչներու ամէնօրեայ յարձակումներէն, սակայն, դժբախտաբար դեռ չէ ազատագրուած պատերազմի մակաբոյծներէն, չարաշահողներէն, կեղեքիչներէն: Դարձեա՛լ հոսանքի տատանում, դարձեա՛լ վառելանիւթի սակաւութիւն. կազ չկայ, մազութ չկայ: Այսինքնՙ ճաշ եփելը անկարելի է, ինչպէս նաեւ տունը տաքցնելը, յատկապէս որ այս ձմեռ սոսկալի ցուրտ է:
Ելեկտրական հոսանքի տատանումին, կամ բացակայութեան հարցը հեռու է ժողովուրդին հասանելիութենէն եւ հակազդեցութենէն, սակայն մազութն ու պիւթակազը, որ տակառիկներով ու պալոններով կը վաճառուի, վաշխառուներու ձեռքին է:
Մազութը սահմանուած է իւրաքանչիւր ընտանիքի 200 լիթրով, որ բաւելու է ամբողջ ձմրան ցուրտ եղանակին, որ անկարելի է, յատկապէս բազմանդամ ընտանիքներու պարագային: Մազութի բաժանումը վստահուած է թաղապետերուն (մուխթար), որոնք, համաձայնելով տէրերուն հետ, ձեւը գտած են կողմնակի շահեր ապահովելու, յաւելավճարներով կարգը խախտելով եւ որոշեալ քանակէն պակաս մազութ մղելով տանիքներու վրայ զետեղուած պահեստարաններ:
Կազի պալոններու պարագային ալ, իւրաքանչիւր ընտանիք հարկ է որ հերթագրուի դարձեալ թաղապետին մօտ եւ սպասէ, որ օր մը կազը հասնի: Այս պարագային ալ օրինաւոր սակով ժողովուրդին բաժնուելու յատկացուած պալոնները կը յանձնուին թաղապետին, իսկ ան, անոնց մէկ մասը մէկ կողմ դնելով, «տակից», պետութեան որոշած սակէն աւելիով կը վաճառէ:
Այս վիճակը տարիներէ ի վեր կը շարունակուի, թաղապետն ու իր վերադասները ապօրինի հարստութիւն կը դիզեն, իսկ ժողովուրդը կը շարունակէ համբերել ու տոկալ: Կառավարութիւնը տեղեակ է այս վիճակէն, շատ լաւ գիտէ ինչ կ՛անցնի ու կը դառնայ, սակայն երբեմն աչք կը գոցէ, երբեմն ալ, ծայրայեղ պարագաներու, պատասխանատուները պաշտօնէ կ՛արձակէ, կամ զանոնք կը տեղափոխէ, բանը-բանէն անցնելէ ետք:
Պատերազմը շատ բաներ կը խախտէ մարդոց մէջ. յաճախ բարոյականութիւնը զոհ կ՛երթայ ընչաքաղցութեան, կաշառակերութիւնն ու ապօրինի դրամի կուտակումներու մոլուցքը վարակի պէս կը տարածուի: Նոյնն է ամէն տեղ: Յանցաւորը պատերազմն է:
Պատերազմը ու անոր «խոհարարները»… Երկու համաշխարհային պատերազմներ տեսած եւ բազմամիլիոն զոհեր տուած այս մոլորակին տէրերը, կը կարծուէր թէ խելքի կու գային եւ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէին յանուն խաղաղութեան, որպէսզի մէյ մըն ալ պատերազմ չտեսնէին ժողովուրդները, սակայն, ըստ իրենց, յանուն խաղաղութեան, պէտք է զինուէին ու զինէին նաեւ աշխարհի բոլոր երկիրները: Ու բանեցան զէնք ու ռազմամթերք պատրաստող գործարանները, աշխուժացան զէնքի շուկաները, եւ որպէսզի աշխույժ մնան շուկաները, երկիրներու միջեւ պատերազմներ յառաջացնող ծրագրուած գրգռութիւններ յառաջ բերուեցան ու աշխարհը վերածուեցաւ համատարած «խարուկահանդէսի»:
Ինչ փոյթ, թէ քանի երկիր աւերուեցաւ, որքան մարդ զոհուեցաւ, որքան մարդ անտուն մնաց, կամ գաղթեց: Ինչ փոյթ, թէ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու վրանաքաղաքը ձիւնով ծածկուած է ու քուրջեր հագած երախաներ իրարու փաթթուած կը սառին: Ինչ փոյթ, թէ Հալէպի դպրոցներուն մէջ, վառելանիւթի բացակայութեան, աշակերտները դողալով դաս կ՛ընեն: Ինչ փոյթ, թէ տարեց կամ մանուկ, կին թէ տղամարդ այս ցուրտին, ժամերով հերթի կը կանգնին, որպէսզի կազի տակառիկ մը տուն բերեն եւ տաք ճաշ մը պատրաստեն:
Մինչդեռ փարթամ դղեակներու տաքուկ սենեակներուն մէջ կը շարունակուի «Գիշատիչներու խնճոյքը»: