Հարցազրոյցը վարեցՙ ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Պուտափեշթ, Հունգարիա
Հարցազրոյցՙ Հունգարիոյ մօտ Պաղեստինի ինքնավարութեան դեսպան, փրոֆ. ՄԱՆՈՒԷԼ ՀԱՍԱՍԵԱՆԻ հետ
Հայաստանում շատ քչերը գիտեն, որ Հունգարիայում կա հայազգի դեսպան, որի հետ Բեյրութում մեր թղթակից Հ. Մոսկոֆյանը ունեցել է հետեւյալ հարցազրույցը, որը հրապարակում ենք հապավումներով: Ավելացնենք միայն, որ Մանվել Հասասյանը Պաղեստինի ինքնավարության համակարգում դիվանագիտական ծառայության է անցել 2009 թ.ից սկսյալ: 13 տարի Լոնդոնում ծառայելուց հետո, 2018 թ. սեպտմբերին դեսպանի իր հավատարմագրերն է ներկայացրել Հունգարիայի վարչապետ Վիկտոր Օրբանին:
– Դուք հայ ընտանիքի մէջ ծնած այն դիւանագէտն եք, որուն ծնողքն ու նախնիները Պաղեստինի հողերուն վրայ կ ապրին 1500 տարիներէ ի վեր որպէս առաջին քրիստոնեայ համայնք: Ինչպէ՞ս կը տեսնեք Ձեր յարաբերութիւնները Պաղեստինի ժողովուրդին հետ այս ծիրին մէջ:
– Իրապէս, այս շատ դասական հարցում մըն է, որ կը տրուի, թէ ինչպէս հայ մը կը ծառայէ Պաղեստինի պետութեան: Ծագումով հայ եմ ու պատիւ ունիմ անոր համար, բայց ծնած եմ Երուսաղէմի արեւելեան մասին մէջ. իմ մէջս կը խաչաձեւեն երկու ժողովուրդներու շահերը: Ծնած եմ Հին քաղաքին մէջ եւ յաճախած եմ «ֆրեր»-ներու դպրոցը, դժբախտաբարՙ ոչ Հայոց պատրիարքարանի Թարգմանչաց վարժարան: Յետոյ յաճախած եմ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան (AUB), որովհետեւ քաղաքականութեան հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնս զիս առաջնորդած է Լիբանան: Սկսայ հասկնալ պաղեստինցի ժողովուրդին տառապանքը: Սկսայ կարդալ «Ալ Նաքուրա»-ն («Ողբերգութիւնը») եւ այցելել պաղեստինեան գաղթակայանները Լիբանանի մէջ, նաեւ Սապրա եւ Շաթիլա գաղթակայանները, ուր տեղի ունեցած է 3000 պաղեստինցիներու սպանդը իսրայելական բանակին ներկայութեամբ: Որպէս տասնիննամեայ ուսանողՙ սկսայ դասաւանդել այնտեղ: Որոշեցի շարունակել ուսումս քաղաքական գիտութիւններու մէջ: Դոկտորայի համար ներկայացուցած թեզս հայ ազգային շարժման մասին էր, որ տպագրուեցաւ երեք յօդուածներով: Յետոյ անցայ Պաղեստինի պատմութեանՙ 1919-1939 թուականներուն:
1988-ն էր, առաջին «Ինթիֆատա»ի օրերուն, երբ անդրադարձայ, թէ չի կրնար ըլլալ ըմբոստ պաղեստինցի, որ կը հաւատայ «զերօ-զերօ» փորձերու: «Բացուեցայ», սկսելով յարաբերակցիլ «միւս կողմ»-ին հետ: Եղայ առաջին դեսպանը, որ հրաւիրուեցայ Հրէական համալսարան եւ դարձայ դեկանը Պաղեստինեան համալսարանի, որ շատ քաղաքականացած եւ ճանչցուած էր, ըլլալով աննախադէպ երեւոյթ մը, որուն հետեւեցան բազմաթիւ ուրիշ դասախօսներ:
– Ինչպէ՞ս ընդգրկուեցաք բանակցութիւններու երկրորդ փուլին մէջ:
– Առաջին «Ինթիֆատան» եւ Օսլոյի խաղաղութեան բանակցութեամբ, մենք շատ պայմանաւորուածութիւններ ունէինք պաղեստինցիներու եւ իսրայէլացիներու միջեւ:
Տասը տարի ես Ֆէյսալ Ալ-Հուսէյնիի հետ էի: Քուէյթ պէտք է երթայի իր հետ, երբ նամակ ստացայ ԱՄՆ-ի ներագաղթային վարչութենէն, որ պէտք է երթայի ստանալու ամերիկեան հպատակութիւնս, որովհետեւ ամէն պաղեստինցի պէտք է ունենայ երկրորդ անձնագիրՙ տեղաշարժման եւ աշխատանքի դիւրացման համար: Այնպէս որ Ֆէյսալ Ալ-Հիւսէյնին արտօնեց որ երթամ եւ ամերիկեան քաղաքացիութիւն ստանամ: Ան մեծ տեսլականի տէր անձնաւորութիւն էր: Ցնցուած էի լսելով Ֆէյսալ Ալ Հիւսէյնիի մահը: Անոր մահուընէ ետք, Արիէլ Շարոն իշխանութեան եկաւ, փակելով «Արեւելքի տունը» (Orient House), եւ այդ ժամանակ է, որ նախագահ Մահմուտ Ապպաս զիս դեսպան նշանակեց:
Առաջին առաջարկը որ ինծի ուղղուեցաւՙ Չիլի դեսպան երթալն էր, ուր 45.000 պաղեստինցի կ՛ապրէին: Սպաներէն չէի գիտերՙ մերժեցի: Յետոյ նոր առաջարկ մը եղաւ Իտալիա երթալու, որ դարձեալ մերժեցի, որովհետեւ իտալերէն չէի գիտեր: Անգլօ-Սաքսոն կրթութիւն ունիմ, եւ յաջորդ առաջարկը Լոնտոն երթալն էր: Անծանօթ մըն էի այնտեղ, ոչ մէկ ճանաչում ունեցող երիտասարդ մը: Այնպէս որ սկսայ օգտագործել զանգուածային լրատուութեան միջոցները: 2012-ին արդէն բրիտանական խորհրդարանին ճանաչումն էր Պաղեստինի պետութեան: Նաեւ, վերարժեւորումը դեսպանատան: Ես դարձեալ բրիտանական քաղաքական օրակարգին վրայ դրի Պալֆուրի յայտարարութիւնը: Հպարտ եմ անոր համար: Կը կարծեմ, որ կարող եմ յաջողութեան հասնիլ նաեւ Հունգարիոյ մէջ:
– Կարեւոր հարց մը կայ, որ պաղեստինեան յեղափոխութիւնը կարեւոր դեր մը խաղաց հայ ազգային-ազատագրական պայքարի վերածնունդին համար: 70-80-ական թուականներուն առանց այդ օգնութեան մեր քաղաքական պահանջները մոռացութեան պիտի մատնուէին, մանաւանդ որ Եասէր Արաֆաթ կը սիրէր ինքզինք մերթ ընդ մերթ «Արաֆաթեան» ալ կոչել…
– Երբ համալսարանի ուսանող էի Պէյրութի մէջ, անդրադարձայ, թէ Արաֆաթ եւ իր հրամանատարները մեծ դեր խաղցան դաշնակ, հնչակ, ռամկավար եւ ԱՍԱԼԱ-ի ազատամարտիկներ մարզելու մէջ: Տեղի հայերը չէին կրնար Պաղեստինի Ազատագրական կազմակերպութեան համար կռուիլ, որովհետեւ անձնասպանութիւն կ՛ըլլարՙ Լիբանանի փաղանգաւորներուն դէմ: Սակայն լաւագոյն յարաբերութիւններ ունէինք Լիբանանի բոլոր ազգային եւ քաղաքական շրջանակներուն հետ:
Արաֆաթ իր հետքերը ձգեց Լիբանանի մէջ, թէպէտեւ այսօր պաղեստինեան զինեալ ներկայութիւնը կեդրոնացած է գաղթակայաններու մէջ: Սակայն Լիբանան բախման ճակատ էր այդ օրերուն: Իսրայէլ յաջողեցաւ ջլատել Պաղեստինի Ազատագրական կազմակերպութիւնը 1982-ին:
Եասէր Արաֆաթ հայերու հետ սերտ կապեր ունէր այդ ժամանակ, նոյնպէսՙ մեր նախագահ Մահմուտ Ապպաս, որովհետեւ ինք հարավային Սուր քաղաքէն Լիբանան եկած էր, մօտիկ յարաբերութիւններ մշակելով հայերու հետ: Մեր պայքարը անկախութեան համար նոյնանման է, մենք միաժամանակ նոյն թշնամին ունինք, որ գլխատառ Թուրքիան է:
«Արաֆաթեան հարցը» սկսաւ այն ժամանակ, երբ ես եւ Ֆէյսալ Ալ-Հուսէյնի միասնաբար գացինք հանդիպելու երջանակայիշատակ պատրիարք Թորգոմ Մանուկեանին, Երուսաղէմի մէջ, Քեմփ Տէյվիտէն քիչ առաջ: Ֆէյսալ Ալ-Հիւսէյնի հարցուց, թէ հայերը ի՞նչ դիրք ունին հայոց թաղամասին կարգավիճակին վերաբերեալ: Երուսաղէմի մէջ իսրայէլացիները միշտ կ՛ըսէին, թէ Հայկական թաղամասը իրենց մասին մէջ պիտի ըլլայ: Մենք «ֆերմանի» պէտք ունէինք, որ Պատրիարքը պէտք է շնորհէր մեզի: Որպէս հայ, ես ներկայացայ եւ ըսիՙ «Հրամմէ՛, Պատրիարք հայր, ա՛յս է կացութիւնը եւ պէտք է բան մը գրէք այս կարեւոր հարցին մասին»: Մենք յաջողեցանք այդ հրովարտակըՙ «ֆերման»-ը ունենալ, որ կը հաստատէր, թէ Հայկական թաղամասը գրաւուած Երուսաղէմի անբաժան մասն է: Իսրայէլի վարչապետ Եհուդ Պարաք միշտ կ՛ըսէր, թէ հայերը իր գրպանին մէջ են եւ Հայկական թաղամասը միշտ հրէական բաժինին մէջ պիտի ըլլայ, արեւմտեան Երուսաղէմի մէջ: Մեծ իրագործում մըն էր եւ մենք մեր իրաւունքը ստացանք եւ Արաֆաթ գոհ մնաց Ֆէյսալէն: Այն ժամանակ յայտնեցի կարծիքս ըսելովՙ որ երթայ եւ այն ներկայացնէ նախագահ Քլինթընին, սակայն երբ օդակայանին մէջ էի, հեռաձայն մը ստացայ, որ կ՛արգիլէր իմ յառաջխաղացքս, որովհետեւ մենք գլխիվայր դարձուցած էինք սեղանները մեր գործելաոճով: Սակայն, վերընտրուելէն ետք, նախագահ Քլինթըն վերստին իր աշխատանքները կեդրոնացուց Քէմփ Տէյվիտի բանակցութիւններուն վրայ, Արաֆաթին հարցնելով նաեւ Հայկական թաղամասի մասին: Անշուշտ Արաֆաթ երկու հարցազրոյց շնորհեց «Հաարէց»-ին, բազմաթիւ անգամներ անունս նշելով: «Նայեցէք, հայերը արդէն իսկ մեր կողմը անցան, որովհետեւ մենք եւ հայերը նոյնն ենք… Քեզի չեմ կրնար ըսել, թէ ինչքա՜ն հայեր կ՛աշխատին Ազգային Շարժման համար: Մի՛ մոռնար, թէ ես Եասէր Արաֆաթեան եմ…», ըսաւ ան երբ կը ձեռնուէր նախագահ Քլինթընին հետ: Չէք կրնար երեւակայել, թէ հայկական համայնքը որքան հպարտ էր… այդ օրերուն: