ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Կատարուած իրողութիւնները կ”ընդունինք ինչպէս որ են: Սփիւռքի մէջ վարժուած էինք, որ հայրենահանուած ժողովուրդի քաղաքական հորիզոնին վրայ ըլլային երեք ազգային կուսակցութիւններ, որոնք, վերանկախացումէն ետք, կոչուեցան աւանդական: Սփիւռքի մէջ կը գործէին նաեւ համայնավարներ, բայց առանձին հայ համայնավար կուսակցութիւն չկար, անոնք, ուր ալ գտնուէին, մաս կը կազմէին տեղւոյն համայնավար կուսակցութեան:
Վերանկախացումէն ետք, Հայաստանի մէջ բազմացան կուսակցութիւնները: Ազգային-աւանդական կուսակցութիւնները հոն վերընձիւղեցան եւ կազմակերպուեցան: Այսօր, Հայաստանի մէջ կը գործեն բազմատասնեակ կուսակցութիւններ, նորեր ալ ծնունդ կառնեն: Չյաջողեցայ ունենալ լրիւ ցանկը Հայաստանի մէջ արձանագրուած (գրանցուած) կուսակցութիւններուն: Հետաքրքրական պիտի ըլլար ունենալ իւրաքանչիւրին ծրագիրը, հասկնալու համար հետապնդուած նպատակը եւ անդամներուն թիւը:
Ժողովրդավարական կարգ է կուսակցութիւններու գոյութիւնը եւ ազատութիւնը, նոյնիսկ եթէ տասնեակներով կուսակցութիւններու գոյութիւնը անտեղի պերճանք է փոքրիկ Հայաստանի համար: Ժողովրդավարական կարգ է նաեւ, որ կուսակցութիւնները, ըստ սահմանադրութեան, ազատ եւ ընդհանուր քուէարկութեան վճիռին ներկայացնեն թեկնածուներ, ընտրովի պաշտօններուն համար, Սահմանադրութեամբ ճշդուած պայմաններու մէջ:
Ժողովրդավարական կարգ է նաեւ, Սահմանադրութեամբ ճշդուած, որ կուսակցութիւնները պէտք է յարգեն եւ ծառայեն ազգային գերիշխանութեան եւ ազգային միութեան, ընդհանուր եւ ազատ քուէարկութեամբ արտայայտուած ժողովուրդի կամքով: Կուսակցութիւնները ազատ են իրենց գործունէութեան մէջ, օրէնքի սահմաններուն մէջ:
Ժողովրդավարական կարգ է նաեւ, որ քաղաքացիները իրենց ազատ կամքով յարին այս կամ այն կուսակցութեան, ոչ ոք եւ ոչ մէկ ձեւով կրնայ ընդդիմանալ քաղաքացիին ընտրութեանՙ յարելու համար օրէնքի սահմաններուն մէջ գործող կուսակցութեան մը, կամ դատապարտել զինք, իր ընտրութեան համար, բացասական վերաբերումի արժանացնել:
Ճիշդ է, կը գործածենք կուսակցութիւն եզրը, բայց ընդհանուր բնութագրումով կուսակցութիւնը մարդոցմով կազմուած միութիւն մըն է, որուն անդամները կը հետապնդեն քաղաքական ծրագիր, իրենց գիտութիւնը եւ կարողութիւնները կը գործածեն իրենց ծրագրի իրականացման համար: Այդ ծրագիրը ընդունուած պէտք է ըլլայ կուսակցութեան անդամներուն կողմէ, օրէնքով ճշդուած եղանակով: Իսկ ժողովրդավարական, օրէնքով եւ յատուկ սահմանադրութեամբ գործող երկրի մը մէջ, կուսակցութիւն մը չի կրնար հակադրուիլ Սահմանադրութեամբ ընդունուած օրէնքներու եւ սկզբունքներու: Օրինակ, հանրապետութեան մը ծիրէն ներս գործող կուսակցութիւնը չի կրնար առաջադրել հանրապետութեան վերացումը եւ թագաւորական կարգի հաստատումը, կամ ձգտիլ խտրականութիւն հաստատելու քաղաքացիներու եւ դասակարգերու միջեւ: Նման պարագաներու, օրէնքը կը գործէ եւ վերջ կու տայ այդ կուսակցութեան գոյութեան:(*)
Ի հարկէ, ժողովրդավարական կարգերու մէջ գործող կուսակցութիւն մը օրէնքէ դուրս կը հռչակուի, երբ հակասէ օրէնքը եւ փորձէ բռնութեամբ տեսակէտ պարտադրել կամ իշխանութիւնը գրաւել: Ան չի կրնար նաեւ օտար երկրի մը կուսակցութեան մասնաճիւղը ըլլալ, նոյնիսկ եթէ գաղափարական նոյնութիւն կամ նմանութիւններ ըլլան:
Կուսակցութիւնը աշխարհիկ միութիւն է, անոր անդամները կը բաղկանան քաղաքացիներէ, առանց կրօնական եւ ազգային խտրութեան: Ան նաեւ տնտեսական միութիւն կամ կազմակերպութիւն չէ, իր նպատակը եւ նախաձեռնութիւնները չեն միտիր նիւթական շահերու, ոչ դրամատուն է, ոչ վաճառատուն:
Կուսակցութիւնը քաղաքացիական ծառայութիւն է, երկրին եւ համաքաղաքացիներուն ուղղուած: Կայլասերի, երբ այս կը մոռցուի եւ ան կը ծառայէ անհատի կամ խմբակի: Այս ըմբռնումով ալ պէտք է բացայայտ ըլլայ կուսակցութեան հետապնդած նպատակի առարկան եւ անոր անդամները տեւաբար պէտք է հսկեն, որպէսզի շեղում չըլլայ նպատակէն եւ առարկան չզեղծուի:
Անցեալին եւ այսօր, ժողովրդավարական եւ կայացած երկիրներու մէջ, կուսակցութիւնները ընտրական համախմբումներ են: Յեղափոխական կոմիտէները եւ ազատագրական շարժումները, երբ կայունութիւն հաստատուի, կը վերածուին երկրի օրէնքներով գործող կուսակցութիւններու, կը կազմակերպուին որպէս այդպիսինՙ ըստ ծրագրի: Սակայն այդ կազմութեան պահուն երկու ուղիներ կըլլան. շարժումը կը մնայ առաջորդներու եւ ղեկավարներու սեղմ շրջանակին մէջ, կամ կը դառնայ առանց խտրութեան անդամակցողներու խմբաւորում: Այսօր կուսակցութիւնները կը տարուբերին այս զոյգ ըմբռնումներուն միջեւ, անոնք կրնան ըլլալ անհատական նախաձեռնութիւններ, անհատի մը կամ խումբի մը զօրակցութեան համար, կամ կոչ կընեն զանգուածային կազմակերպութեան, դիմագրաւելու համար աշխատանքները եւ ծախսերը:
Իսկ համաժողովրդական բնոյթով կուսակցութիւնները ունին տեսական եւ – կամ – դասակարգային հիմնաւորումներ: Անոնք կազմուած են եւ կը կազմուին անհատներու կամ խումբերու շուրջ, որոնք ունին գաղափարական հիմքեր կամ նիւթական միջոցներՙ ընտրապայքար մղելու համար: Սկզբունքով, գաղափարական հիմերու վրայ ստեղծուած եւ գործող կուսակցութիւնները կը շրջանցեն սեղմ շրջանակի մէջ ընտրութիւն կատարելու ջոջական-էսթէպլիշմընթային քարացած եւ յառաջդիմութիւնը արգելակոծ կացութիւնը, եւ կուսակցութեան անդամները (ժողովուրդ) հնարաւորութիւն կունենան ժողովրդավարական օրէնքներով ընտրելու իրենց ներկայացուցիչները եւ ղեկավարութիւնը:
Ազատագրական շարժումը իր գործունէութեան եւ նախաձեռնութիւններուն համար չի սպասեր ժողովրդական համախոհութեան եւ ընտրութեան: Դասական ըմբռնումով կուսակցութիւններու համար երկրին մէջ կայացող-կայանալիք ընտրութիւնները կը գտնուին իրենց ուշադրութեան կեդրոնը: Այս պատճառով ալ, անոնք պարտաւոր են հանրութեան ներկայացնել իրենց առաջադրանքները, ընդունիլ նաեւ երկխօսութիւնը եւ վիճարկումը կողմնակիցներու եւ մրցակիցներու հետ, որպէսզի լուսաբանուած ընտրազանգուածը ճիշդ կողմնորոշուի:
Միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Նոյնիսկ ազնիւ եւ հանգչած ժողովրդավարութիւններու պարագային, դրամական միջոցները որոշիչ դեր ունին:
Հոս փակագիծ մը: Նոյնիսկ ժողովրդավարական զարգացած երկիրներու մէջ ընտրելու իրաւունքը ընդհանուր եւ հաւասար ըլլալով հանդերձ, ընտրուելու իրաւունքը միշտ սահմանափակ է, թեկնածութեան եւ ընտրուելու կարելիութեան առջեւ խոչնդոտներ եւ չարաշահումներ կան. դրամական, ընտանեկան-ժառանգական, մեքենայութիւններու (քոմպինացիա): Այս պատճառով ալ կը տեսնենք, որ ընտանեկան նոյն անունները կը գտնուին բարձր դիրքերու վրայ: Յաջողելու համար թեկնածուն պէտք ունի նաեւ նիւթական նեցուկի: Ժողովրդավարական Ամերիկայի մէջ, Քոլոմպիա կամ Հարվարտ համալսարաններու մեծանուն տնտեսագէտը չի կրնար մրցիլ դրամատէր կամ դրամատէրերու նեցուկը ունեցող նախագահական թեկնածուին հետ:
Ինչ որ կըսուի եւ կըսենք, բաւարար բացատրութիւն չէ կուսակցութեան մը գոյութեան արդարացման համար: Կրկնենք, կուսակցութիւն եւ քաղաքականւթիւն սկզբունքով հանրային ծառայութիւն են: Բայց յաճախ այս սկզբունքը կը շրջուի եւ հանրութիւնը կը դառնայ ծառայ, նոյնիսկ յարգելով-չարաշահելով օրէնքները: Յամենայն դէպս, կարգ է, որ կուսակցութիւն մը ձգտի իշխանութեան, որ լծակը պիտի ըլլայ հանրային ծառայութեան:
Ձգտիլ իշխանութեան եւ տիրանալ իշխանութեան, կառավարել առանձին կամ դաշնակցելով ուրիշի-ուրիշներու, քանի որ ժողովրդավարական համակարգի մէջ, օրէնքով սահմանուած մեծամասնութիւն պէտք է որոշումներ կայացնելու համար: Բայց որոշումներէ առաջ, կուսակցութիւն մը պէտք է ունենայ քաղաքական ծրագիր մը, առաջադրանքներ, որոնց հիման վրայ պէտք է դիմէ ժողովուրդին, կամ անկէ բխած ժողովներուՙ անոնց վստահութիւնը ստանալու համար:
Այս ընդհանուր հաստատումներէն ետք կը մնայ ողջախոհական հարցում մը. Հայաստանի պէս պզտիկ երկիր մը, յիսուն, վաթսուն կամ եօթանասուն կուսակցութիւններու այդքան տարբեր եւ նորարար ծրագիրներ կրնա՞յ ունենալ: Եթէ ծրագիրներու տարբերութեամբ չի բացատրուիր կուսակցութիւններու բազմացումը, եզրակացնե՞նք, որ անոնք ստեղծուած են անհատական շահերու եւ փառասիրութիւններու համար:
Կը մնայ դասական-աւանդական կուսակցութիւններու պարագան, որոնք, ըսուեցաւ օրին, վտարանդի էին, վերընձիւղեցան վերանկախացած Հայաստանի մէջ: Բայց պէտք է խոստովանիլ, որ բազմաթիւ պատճառներով, որոնց շարքինՙ միակուսակցական դրութեամբ գործած խորհրդային քաղաքականութեան քարոզչութեան բացասական դերը, որուն հետեւանքով ժողովրդական խաւերը զանոնք դիտեցին եւ կը դիտեն որպէս սփիւռքի կուսակցութիւններ, որոնք կրնան զօրաշարժի ենթարկել սփիւռքահայութիւնը Հայաստանի օգնելու համար: Անոնք, բախտաւոր պարագային, ի միջի այլոց կուսակցութիւն են, եւ կը դիտուին ներսի ու դուրսի շփոթով:
Պահ մը պէտք է խորհիլ նաեւ, որ կուսակցութիւններու դերը չի սահմանափակուիր ընդունուած եւ կարելի ժողովրդավարական կարգով պատգամաւորներու ընտրութեան իրականացումով, անոնք նաեւ կրողները պէտք է ըլլան քաղաքական գիտակցութեան զարգացման (հայրենասիրութիւն, իրաւունքներ, տնտեսութիւն, ազատութիւններ, մշակոյթ): Այս գիտակցութիւնը պիտի առաջնորդէ ժողովուրդի քուէն, նուազագոյնի իջեցնելով զգացականութիւնը, որ յոռեգոյն յուշարարն է ճիշդ կողմնորոշուելու, ճիշդ ընտրելու, այսինքնՙ քաղաքական հասունութեան եւ քաղաքական դրականութեան:
Համազգային համախոհութիւն մը անհրաժեշտ է համոզելու համար քաղաքացիները, որ իրենք են քաղաքական կեանքի լծակը, այլ ո՛չ դրամագլուխը, ո՛չ տիտղոսները, ո՛չ վերնախաւին մէջ տեղի ունեցող ճապկումները, քոմպինացիաները, ո՛չ շքանշանները:
Բայց անմիջականօրէն, այսօր, տասնեակներով կուսակցութիւնները, իրենց ունեցած-չունեցած չնչին տոկոսի քուէներէն առաջ, պէտք էր հրապարակ գային իրենց ծրագիրներով, իրենց աշխատանքի հաշուետուութեամբ եւ անանձական թափանցիկութեամբ:
Արդար եւ ճիշդ ընտրութիւն կրնայ կատարել լուսաբանուած եւ կանխաւ զգացականօրէն չկողմնորոշուած քաղաքացին:
Եւ կրկին պէտք է խօսիլ media-ներու եւ իրենց կոչումին հաւատարիմ լրագրողի, հրապարակագիրի, խօսքի ազատութեան եւ իր բոլոր արտայայտութիւններով անկախ մամուլի մասին:
Ֆրանսա
*) Հիշեցնենք, որ Հայաստանում գրանցված է նաեւ Միապետականՙ առայժմ եւ ընդամենը մեկ կուսակցություն: Ծ.Խ.: